ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր մարմինը, ինչպէս նախորդ տարիներուն, նոյնպէս այս տարի իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ հիմնադրամի տարեկան թելեթոն-դրամահաւաքին` Հայաստանի եւ Արցախի մէջ բազմազան ծրագիրներ իրագործելու համար:
Անցնող տարիներուն հիմնադրամը նկատի առնելով Հայաստանի ու Արցախի սահմանամերձ գիւղերու կարեւորութիւնը` իր բարգաւաճման ծրագիրները կեդրոնացուց այդ շրջաններուն մէջ, գլխաւորաբար աշխատանքներ իրականացնելով գիւղատնտեսութեան, անասնաբուծութեան, ջրամատակարարման, ճանապարհաշինութեան, կազամատակարարման, դպրոցաշինութեան, առողջապահական, մշակութային եւ մարմնակրթական բնագաւառներու մէջ:
Այս ծրագիրներուն յաջողութիւնը ապահովելու համար «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը ամբողջ աշխարհի տարածքին կ՛ապաւինի իրենց ազգային պարտականութիւններուն գիտակից, բարեացակամ հայրենասէրներու, որոնց նուիրաբերած իւրաքանչիւր լուման կը նպաստէ ազգանուէր այս ծրագիրներու յաջողութեան:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին թիրախը ինչպէս վերջին երկու տարիներուն, նոյնպէս ալ այս տարի դարձեալ Արցախն է, եւ մասնաւորաբար` անոր ջրամատակարարման ծրագիրը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ըմպելի եւ ոռոգման ջուր հայթայթել Արցախի տարածքին աւելի քան 200 գիւղերու` վերջ տալով բազմահազար արցախցիներու ամէնօրեայ տառապանքին:
Այս ծիրէն ներս «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր մարմինը կը տեղեկացնէ, թէ ստանձնած է Արցախի Մարտունի մարզի Աշան գիւղի ջրամատակարարման ծրագիրը, որուն ի նպաստ դրամահաւաք պիտի կատարէ հայկական բոլոր վարժարաններուն մէջ (14 – 23 նոյեմբեր 2011-ին) եւ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ (կիրակի, 20 նոյեմբեր 2011-ին), եւ աւանդութեան համաձայն, մարմինս իր աւանդական ժողովրդային ռատիոթոնը պիտի կազմակերպէ համահայկական թելեթոնի օրը` հինգշաբթի, 24 նոյեմբեր 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն երեկոյեան ժամը 8:00-ը:
Մասնակցի՛նք տարեկան ռատիոթոնին, միասնաբար վերակառուցենք Արցախը, ջուր հասցնենք իւրաքանչիւր արցախցիի, որովհետեւ «ՋՈՒՐԸ ԿԵԱՆՔ Է»:
«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆ

