ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻ ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
Ճամբայ բացէք, ծնողնե՛ր,
Թող մանուկներն արթննան
Եւ ունենան լա՛ւ ընկեր`
Դպրոցին մէջ հայկական:
Երբ հոգածու դառնաք միշտ
Տէր կանգնելու մեր մանկան,
Չենք ունենար որեւէ վիշտ
Մեր կեանքի տեւողութեան:
Կիրակնօրեայ վարժարանն
Ուղեցոյց է հրաշալի
Կիրարկումը տալ մանկան
Կրթութիւնը հայեցի:
Երբ յանձնառո՛ւ հայ ըլլան,
Լաւ իմացէ՛ք, վախ չըկայ,
Երբ կերտած ենք լոկ վաղուան
Պատանիներն նորօրեայ:
ԱԶՆԻՒ ԹՈՐՈՍԵԱՆ
CATEGORIES Անդրադարձ

