ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԿԵԱՆՔԻ ԵՒ ԳՈՐԾԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ` ԹՐԻՓՈԼԻԻ ՄԷՋ

Գարեգին Չուքասզեանի Լիբանան այցելութեան շրջագիծին մէջ իւրայատուկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Թրիփոլիի մէջ` ներկայութեամբ աւելի քան 200 հոգիի, որոնց մեծ մասը` լիբանանցի արաբներ:

Յատկանշական էր այն, որ ձեռնարկին իր մասնակցութիւնը բերած «Ֆայհա» երգչախումբը, որուն գեղարուեստական ղեկավարն է Պարգեւ Թասլաքեան, ոչ միայն արդէն իսկ ծանօթ էր Գ. Չուքասզեանի վերջին աշխատութեան առանցքը հանդիսացած Մեծն Կոմիտասին, այլ նաեւ խումբը տարբեր առիթներով` Լիբանանի մէջ թէ անկէ դուրս, մեկնաբանած է Կոմիտասի երգերը: Այս ձեռնարկին ընթացքին եւս «Ֆայհա» երգչախումբը հանդէս եկաւ կոմիտասեան քանի մը երգերով, զորս մեկնաբանեց հարազատ կերպով: Պարգեւ Թասլաքեան այս առիթով ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ երգչախումբի գործունէութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանցի արաբ ներկաներուն բացատրութիւններ տուաւ կոմիտասեան հնչած երգերուն մասին:

Գարեգին Չուքասզեան այս առիթով հաստատեց, որ մեծապէս տպաւորուած է «Ֆայհա»-ի կողմէ կոմիտասեան երգերու մեկնաբանութեամբ: Ան Կոմիտասի մասին ամէն ինչ պարփակող տի.վի.տի.ի անգլերէն տարբերակին ընդմէջէն ներկաներուն ծանօթացուց Կոմիտասը, անոր արուեստը, անոր գործերէն նմուշներ հնչեցին: Ապա ան դիտել տուաւ, որ շատ կարեւոր ու գնահատելի է Պարգեւ Թասլաքեանի կողմէ կոմիտասեան երգեր ուսուցանելու ձեւը, ականջի լսողութեամբ երգեր սորվեցնելու հմտութիւնը: Գ. Չուքասզեան նշեց, որ ծրագիր կայ հիմնելու Կոմիտասի թանգարան հիմնարկ, ուր նաեւ կոմիտասեան երգերու ուսուցում պիտի կատարուի: Ան հաստատեց, որ «Ֆայհա» երգչախումբը եւս ապագայի այս ծրագիրին մէջ կրնայ նկատի առնուիլ, որովհետեւ Կոմիտասի երգերը կը մեկնաբանէ հարազատ կերպով եւ հաւատարիմ կը մնայ կոմիտասեան ոգիին:

Ձեռնարկին ներկաները մեծապէս տպաւորուեցան Կոմիտասով եւ «Ֆայհա»-ի կողմէ հրամցուած երգերով:

Պարգեւ Թասլաքեան եւ Գարեգին Չուքասզեան քննարկեցին փոխադարձ համագործակցութեան եւ կապերու սերտացման կարելիութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES