ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 10-րդ ընդհանուր ժողովէն ընտրուած ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը իր Ա. լիագումարը կայացուց նստավայր` Պէյրութի մէջ, 5-7 Նոյեմբեր 2011-ին:

Լիագումարը նախ եւ առաջ իր ներկայացուցիչներուն միջոցով ընդհանուր գիծերու մէջ լսեց շրջաններու մասին զեկուցում  եւ անդրադարձաւ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ապա կանգ առաւ Պատգամաւորական 10-րդ ընդհանուր ժողովի առաջարկ-բանաձեւերուն վրայ, որոնք կրկին մանրամասնօրէն արծարծուեցան եւ, յետ ուսումնասիրութեան, Կեդրոնական վարչութիւնը մշակեց իր քառամեայ (2011-2015) գործունէութեան ուղեգիծ-գործելաձեւը:

Ա. Կազմակերպական

Միութեան ուժեղացումն ու հզօրացումը ամրապնդելու նպատակով, առաջադրուեցաւ հետամուտ ըլլալ մարդուժի պատրաստութեան, նաեւ զարկ տալ ցամաքամասային ձեռնարկներու` ըլլան անոնք համագումարներ, դասընթացքներ, բանակումներ կամ մարզախաղեր:

Որոշուեցաւ հետամուտ ըլլալ վերջին շրջանին ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին վերամիացած եւ կամ նորաստեղծ մեկուսի շրջաններու ներքին կազմակերպական աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ` ի պահանջել հարկին նոր գաղութներու մէջ ՀՄԸՄ-ի դրօշին ներքեւ վառ պահել հայու դիմագիծն ու դրոշմը:

Կեդրոնական վարչութիւնը կազմակերպական հիմքերով առաջնորդուելու համար ճշդեց իր ներվարչական յարաբերական գործընթացը` պաշտօններու դասաւորումներ կատարելով եւ շրջաններու հետ իր փոխյարաբերութեանց գործելաոճը վերահաստատեց` գործել փոխադարձ հասկացողութեամբ:

Կեդրոնական վարչութիւնը շեշտեց հայրենի պետութեան հետ յարաբերութիւնները առաւել եւս սերտացնելու կարեւորութիւնը` պաշտօնական այցելութեամբ եւ երկիրներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպաններուն հետ, ի հարկին` գործակցութեան կարելիութիւնը ընդարձակել եւ այցելութեանց ընթացքին ներկայացնել ՀՄԸՄ-ի կառոյցը եւ անոր աշխարհատարած գործունէութեան մարզերը:

Բ. Ռազմավարական

Վերջին տասնամեակներուն ժողովուրդներու աճելավայրերու տեղաշարժը նաեւ պատճառ դարձաւ հասկացողութիւններու եւ կենցաղային ըմբռնումներու փոփոխութեան` թեւ տալով համաշխարհայնացման արագընթաց կարգավիճակին: Հայութիւնը եւս չէր կրնար անմասն մնալ այս պարտադրուած իրավիճակէն:

Հետեւաբար, ՀՄԸՄ-ը իր գաղափարաբանութեամբ եւ յատկապէս հայ ժողովուրդին անսակարկ ծառայելու իր առաքելութեամբ, Պատգամաւորական 9-րդ ընդհանուր ժողովով քննելէ ետք վերոնշեալ կացութիւնը, պարտք կը դնէր անցեալ քառամեակի Կեդրոնական վարչութեան յառաջացնելու ռազմավարական ծրագրաւորումի յանձնախումբ մը` մասնագիտական հիմքերով քննարկելու շրջաններու միութենական գործունէութեանց տուեալ դրութիւնը եւ Պատգամաւորական 10-րդ ընդհանուր ժողովին ներկայացնելու ապագայի տեսիլքով միութեան հզօրացման կառոյցն ու որդեգրելիք գործելաձեւը:

Արդ, Կեդրոնական վարչութիւնը, իր կարգին, իր օրակարգի հիմնահարցերէն համարելով փոխանցուած թղթածրարը, երկարաշունչ նիստով զայն որդեգրեց եւ որոշեց հանգրուանային դրութեամբ անյապաղ իրագործել: Նախատեսուած ծրագիրը յաջողցնելու համար յառաջացուց յանձնախումբ մը, որ իր կարգին պիտի ճշդէ գործադրութեան հանգրուաններու յաջորդական եւ ժամանակագրական գործընթացը, եւ հետագային պիտի ստեղծուին անհրաժեշտ գործադիր գրասենեակներ:

Գ. Սկաուտական

Միութեան ողնասիւնը համարուող սկաուտութիւնը եւ անոր ճամբով յաջորդական սերունդներու դաստիարակութիւնը ապահովելու եւ մերօրեայ պահանջներուն եւ յատկապէս յառաջխաղացքներ արձանագրելու նպատակով որոշուեցաւ Հայաստանի մէջ կայացնել համա-ՀՄԸՄ-ական խմբապետական Զ. համագումարը` ծրագրելու եւ իրագործելու համար խմբաւորումներու խմբապետական կազմերուն յատուկ վերաորակաւորման դասընթացքներ, ինչպէս նաեւ հիմնուելով նախորդ փորձառութեան վրայ` համակարգել Արարատեան կարգը եւ  ընդհանուր բանակումի նախածրագիրը:

Սկաուտական կարգերու գիտելիքները այժմէականացնելու հեռանկարով որոշուեցաւ վերատեսութեան ենթարկել այժմու գիրքերը եւ հետագային ի հարկին զանոնք վերահրատարակել փոփոխութիւններով: Համագումարը իր կարգին պիտի մշակէ նաեւ բոլոր շրջաններու համար երիցական կարգերու գիտելիքները` առ ի պատրաստութիւն գիրքերու հրատարակութեան:

Կեդրոնական վարչութիւնը կարեւորեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի սկաուտական միջազգային գրասենեակի անդամակցութիւնն ու գործօն դերակատարութիւնը եւ անոր ճամբով ստեղծուած սերտ յարաբերութիւնները միջազգային սկաուտական մարմիններուն հետ, թելադրեց յատուկ ռազմավարութեամբ առաւել եւս զարգացնել ու ամրապնդել գործակցութեան կարելիութիւնները եւ միջազգային սկաուտական միջոցառումներուն առաւելագոյն թիւով մասնակցութիւն բերել ի նպաստ Հայ դատի աշխատանքներուն:

Կեդրոնական վարչութիւնը անդրադառնալով հայ սկաուտութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին, որուն ստեղծման ռահվիրան ՀՄԸՄ-ը կը համարուի, որոշեց 2012-ին յատուկ ձեռնարկներով եւ տօնակատարութիւններով հանդէս գալ կազմակերպական բոլոր շրջաններուն մէջ:

Դ. Մարզական

Մարմնակրթանքը մարզախաղերով կիրարկելու եւ ազգային ոգի թրծելու նպատակով առաջնորդուած` եզրակացուեցաւ այս քառամեակին համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերը անգամ մը եւս իրականացնել հայրենի մայր հողին վրայ:

Շրջաններուն մէջ, ըստ հնարաւորութեան եւ կարելիութեան, կիրարկել զանազան մարզախաղեր եւ թափ տալ մարզական դպրոցներու, ուր փոքր տարիքէն մարզիկ-մարզիկուհիներ հնարաւորութիւնը կ՛ունենան կազմաւորուելու եւ պատրաստուելու ըստ իրենց կիրարկած մարզաձեւին:

Համահայկական խաղերուն մասնակցիլ աւելի մեծ թիւով եւ ըստ կարելիութեան` լրիւ խումբերով, բոլոր մարզախաղերուն հաւասարապէս:

Ե. «Մարզիկ» պաշտօնաթերթ

Միութեան գաղափարաբանութիւնը արտայայտող եւ հայ ժողովուրդի ձգտումներուն փարոսներէն մէկը եղող «Մարզիկ» պաշտօնաթերթը տարածելու հրամայականէն թելադրուած` անխուսափելի համարուեցաւ «Մարզիկ»ին մատակարարել բարոյական եւ նիւթական աջակցութիւն:

Որոշուեցաւ սփիւռքի կարգ մը տարածաշրջաններու համար խմբագրականները օտար լեզուով թարգմանել եւ անոր լրիւ բովանդակութիւնը տեղադրել կայքէջին վրայ` հասկնալի դարձնելու համար բոլորին:

Զ. Ցեղասպանութեան 100-ամեակ

Կեդրոնական վարչութիւնը կանգ առաւ Մեծ եղեռնի ցեղասպանութեան 100-ամեակի` 2015-ին համահայկական տարողութեամբ տեղի ունենալիք յիշատակի հանդիսութեանց:

Առ այդ, իր շարքերուն ամէնուրեք եւ անխտիր կը թելադրէ բոլոր ձեռնարկներուն խիտ շարքերով եւ ամբողջական մասնակցութիւն, նոյնպէս մեր ժողովուրդին գոյապայքարին ի խնդիր` կազմակերպել ՀՄԸՄ-ի ոգին ներշնչող` որբանոցէն ծնած միութեան արժանավայել հանդիսութեամբ եւս ոգեկոչել Ցեղասպանութեան 100-ամեակը:

Է. 95-ամեակ

2013-ին Շրջաններուն մէջ փառաշուք հանդիսութեամբ տօնակատարել Հայաստանի առաջին անկախութեան եւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 95-ամեակները` հանրութեան եւ օտարներուն աւելի ծանօթացնելով ՀՄԸՄ-ի ազնիւ գաղափարախօսութիւնը եւ հայ ժողովուրդի անհերքելի պահանջատիրութիւնը:

95-ամեակի առիթով պատրաստել խորհրդապատկեր (լոկօ)`  տարուան ընթացքին զայն օգտագործելու, ինչպէս նաեւ ձեռնարկներուն շքանշաններով պարգեւատրել վաստակաւոր եւ բեղուն ու յիշատակելի անցեալ ունեցող քոյր-եղբայրներ:»

Ը. Կայքէջ

Արդի հաղորդակցութեան արագընթաց պայմաններէն օգտուելու համար նպատակայարմար նկատուեցաւ յարատեւ եւ նորագոյն միջոցներով օժտել միութեան կայքէջը, ստեղծել նաեւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի յատուկ կայքէջ մը եւ զարգացնել միութենական համացանցային աշխատանքները:

Թ. Յանձնախումբեր

Ընդհանուր սկզբունքներէ մեկնած եւ ծրագրուած աշխատանքները լաւագոյնս իրագործելու եւ յաջողցնելու հեռանկարով, որոշուեցաւ գործել յանձնախումբերու դրութեամբ, որոնք իրենց մասնագիտութեամբ ու փորձառութեամբ պիտի ունենան քառամեայ գործունէութեան ընթացքին մնայուն բնոյթ, ինչպէս` ռազմավարական, սկաուտական, տնտեսական, կայքէջ, «Մարզիկ», քոյր մասնաճիւղեր, ուրիշներ` պիտի յառաջանան ժամանակաւոր, անոնք ձեռնարկներէն առաջ կեանքի կոչուելով, պիտի կարենան կազմակերպել ու վարել ճշդուած գործունէութիւնը:

Քառամեայ ծրագիրի իւրաքանչիւր ձեռնարկի յաջողութիւնը կը վստահուի ՀՄԸՄ-ի ամբողջ ընտանիքին, որուն դափնեպսակն է իր յաւերժահունչ եւ յաւերժապանծ նշանաբանը` «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»-ը:

ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

11 նոյեմբեր 2011

Share this Article
CATEGORIES