ՄԱԿ-Ի ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՄԻՋԻՆ ՈՒԺԵՐՈՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԳԱՐՆԱՆ ԵՐԿՄՏԱՆՔԸ
Արաբական ապստամբութիւնները մէկ կողմէ արեւմտեան երկիրներու եւ միւս կողմէ` Ռուսիոյ եւ Չինաստանի միջեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ հրապարակային վէճերու յանգեցուցին: Արեւմտեան ուժերը լայնօրէն կ՛աջակցին արտաքին ճնշումներու քաղաքականութեանց, մինչ Ռուսիա եւ Չինաստան կ՛ընդիմանան անոնց յանուն երկրի մը գերիշխանութեան պաշտպանութեան:
Բայց երկփեղկումը լուսարձակի տակ առած է զարգացող միջին ուժերը` ՀՊՀԱ (Հնդկաստան, Պրազիլ, Հարաւային Ափրիկէ): Անոնք բոլորն ալ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ այս տարի աթոռ ունին եւ մնայուն անդամ դառնալու փափաքներ կը փայփայեն:
Իբրեւ աշխուժ ժողովրդավարութիւններ, մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան յանձնառութիւնը յայտարարած, կ՛ենթադրուէր, թէ անոնք կրնային զօրակցիլ Արեւմուտքին` ընտրովի միջամտութեան համար:
Գործնականին մէջ, սակայն, անոնք ընդհանրապէս կ՛ուղեկցին Ռուսիոյ եւ Չինաստանի, երբ հիմնական քննարկումներ տեղի կ՛ունենան Լիպիոյ եւ Սուրիոյ շուրջը. այսպիսով, անոնք կը խորացնեն վախը, թէ Ապահովութեան խորհուրդը անկարող է Միացեալ արձագանգելու Սուրիոյ մէջ խորացող տագնապներուն:
Դժուար է պնդել, թէ ՀՊՀԱ արտաքին քաղաքականութեան որեւէ հարցի շուրջը յստակ կեցուածք կը ճշդէ: Անոնք կը գործեն իբրեւ խնդիրներու վրայ հիմնուած քոալիսիոն եւ ոչ թէ իբրեւ պաշտօնական դաշինք: Սակայն Ապահովութեան խորհուրդին մէջ վերջին 7 ամիսներու ժխորն ու վրդովմունքը անոնց դիրքերը հակած է Արաբական գարնան մէջ արտաքին միջամտութեան վերաբերեալ միասնական կեցուածքի:
ԱՐՏԱՔԻՆ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆ
Ատիկա երբեք ալ անակնկալ չէր երկար ժամանակ իբրեւ ՄԱԿ-ի դէտ ծառայած մասնագէտի մը համար, որ նշեց, թէ այդ երեք երկիրները պատմականօրէն ամուր կերպով կ՛աջակցին մարդկային իրաւանց ընդհանուր հարցերու, սակայն` աւելի նուազ, երբ հարցը կը վերաբերի առանձին, որոշ երկրի մը քննադատութեան:
Դիւանագէտներ կ՛ըսեն, թէ ըստ արտաքին միջամտութեանց (ըլլայ ատիկա Միացեալ Նահանգներ` Լատին Ամերիկայի, Բրիտանիա` Հնդկաստանի, կամ Եւրոպական գաղութարարական արկածախնդրութիւնները` Ափրիկէի մէջ), դիմադրելու իրենց սեփական պատմութեան, ՀՊՀԱ զգուշ է արեւմուտքին գլխաւորած միջամտութենէն:
Այս ընդդիմութիւնը խորացաւ, ամրապնդուեցաւ ի տես Լիպիոյ մէջ պատահածին:
Ասիկա ազգային գերիշխանութիւնը պաշտպանելու հարց չէ, ասիկա համոզում մըն է, որ մենք պէտք է զարգացնենք ջանքերը` նպաստելու համար քաղաքական լուծումներ գտնելու, այլ ոչ թէ` անմիջապէս պատրաստուելու պարտադրող միջոցառումներու»:
Մարի Լուիզա Ռիպերօ Վիոթի
ՄԱԿ-ի Պրազիլի դեսպան
Երեք երկիրներն ալ (Հնդկաստան, Պրազիլ, Հարաւային Ափրիկէ) անհամաձայնութիւն յայտնած են քաղաքայիններ պաշտպանելու համար այնտեղ միջազգային ռազմական գործողութիւններու օգտագործման վերաբերեալ` պնդելով, որ ատիկա շատ աւելի պիտի վատթարացնէ կացութիւնը:
Միայն Հարաւային Ափրիկէն կողմ քուէարկեց ՄԱԿ-ի բանաձեւին, որ կը լիազօրէր ուժի օգտագործումը ապստամբներու գրաւած Պենկազի քաղաքին մօտ հաւաքուած Քազաֆիի կողմնակիցներուն դէմ` ըսելով, որ պէտք է դադրեցնել Ափրիկէի մէջ այլ ցեղասպանութիւն մը:
Բայց ՀՊՀԱ-ն շուտով համոզուեցաւ, որ ՕԹԱՆ Լիպիոյ մէջ իր լիազօրութիւնները կը շահագործէ աջակցելով, զօրակցելով ապստամբներու արշաւին` հետապնդելու համար վարչակարգի փոփոխութեան նրբօրէն քողարկուած քաղաքականութիւններ:
«ՕԹԱՆ»ի ռազմական գործողութիւնները ուղղակի խաղցան Լիպիոյ մէջ առկայ ցեղային ատելութեանց թշնամութեան լարերուն վրայ», ըսաւ ՄԱԿ-ի մէջ Հնդկաստանի դեսպան Հարտիփ Սինղփուրի` ՕԹԱՆը Ապահովութեան խորհուրդի «զինեալ թեւը» անուանելով: «Յետադարձ հայեացքով, ես կը կարծեմ, որ ճիշդ ըրինք ձեռնպահ մնալով», աւելցուց ան:
ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՃԵՂՔ
Արեւմտեան մտադրութիւններու հանդէպ անվստահութիւնը դարձաւ պրիսմակը, որուն ընդմէջէն երեք երկիրները մօտեցան այն բանաձեւին, որ կը դատապարտէ քաղաքայիններու բողոքները ճնշելու Սուրիոյ կառավարութեան արարքը:
Երեք այդ երկիրները կրկին իրենց կողմնակից դարձնելու նպատակով արեւմտեան երկիրները մեղմացուցին ուժեղ բառերով կազմուած պատժամիջոցներու մասին բանաձեւին նախագիծը, մինչեւ որ բովանդակութիւնը հազիւ թէ պարունակեց պատժամիջոցներու սպառնալիքը, եւ յայտարարեց, որ այս պարագային Լիպիա ներխուժումին նման քայլ մը նկատի չէ առնուած:
Սակայն ՀՊՀԱ-ի պատգամաւորները չհամոզուեցան, եւ երեքն ալ ձեռնպահ մնացին:
«Սուրիոյ մէջ լուծման համար շարժածիրը կաղապարը շատ յստակ էր, ատիկա Լիպիոյ համար օգտագործուածին նման գիծեր ունէր», կ՛ըսէ ՄԱԿ-ի մէջ Հարաւային Ափրիկէի պատուիրակ Պասօ Սանքքու, որ բանաձեւը նկատեց ապագայ գործողութիւններու նախերգանք մը: «Այն փաստը, որ արեւմտեան մայրաքաղաքները մերժեցին բացառել Սուրիոյ մէջ միջամտութիւն մը, եւ նախագահ Ասատէն կը պահանջեն մեկնիլ, միայն խորացուց կասկածը», աւելցուց ան:
Նկատի առնելով Սուրիոյ վերաբերեալ նախագիծին զիջումները` արեւմտեան պետութիւնները վարչակարգի փոփոխութեան վրայ ՀՊՀԱ-ի կեդրոնացումը պատրուակ նկատեցին:
«Ապահովութեան խորհուրդի ճեղքը` ազգային գերիշխանութիւն ընդդէմ միջամտութիւն է», կ՛ըսէ արեւմուտքցի դիւանագէտ մը:
«Ո՛չ, մենք կը տրամադրենք երրորդ տարբերակ», կ՛ըսէ Պրազիլի դեսպան Մարիա Լուիզա Ռիպերիօ Վիոթի: «Ատիկա ոչ թէ ազգային գերիշխանութեան պահպանումի հարց է, այլ` համոզում, որ մենք պէտք է բազմապատկենք ջանքերը` նպաստելու համար քաղաքական լուծումներու, այլ ոչ թէ` անմիջապէս հարկադրանքի միջոցառումներ որդեգրելու»:
Այդ խօսքով տիկին Վիոթթի կ՛ակնարկէ կառավարութեան ու ընդդիմութեան միջեւ երկխօսութեան եւ շրջանային խաղաղութեան նախաձեռնութիւններու: Այդ պատճառով ՀՊՀԱ վերջերս ի նպաստ քուէարկած էր Եմէնի մէջ վայրագութեան դադրեցման վերաբերող բանաձեւին, որ կ՛աջակցէր, կը զօրակցէր կառավարութեան եւ ընդդիմութեան կարգ մը տարրերու միջեւ շրջանային խաղաղութեան ծրագիրի մը շուրջը գոյացած համաձայնութեան:
Եւ անկասկած ՀՊՀԱ պիտի հետեւի, որպէսզի Արաբական լիկայի նախաձեռնութիւնը վերջ դնէ վայրագութեան եւ խթանէ քաղաքական բանակցութիւնները (ընդունուած` Դամասկոսի կողմէ) իբրեւ արդարացում իրենց մօտեցման, եթէ ատիկա յաջողի: Բայց եթէ չյաջողի, ՀՊՀԱ կրկին պիտի դիմագրաւէ երկմտանքը, թէ մարդկային իրաւունքները, ինչպէս պաշտպանել, որուն ախոյեանը կը յաւակնի ըլլալ, մինչ ընդդիմանալով ատոնք պաշտպանելու որեւէ ձեւի միջամտութեան:
Ինչ ալ ըլլան արեւմտեան ոճի միջամտութեան վերաբերեալ մտահոգութիւնները, Մարդկային իրաւանց պաշտպան կազմակերպութեան նման խումբեր կ՛ըսեն, թէ ներքին քաղաքական լուծումի մը համար պարզապէս ճնշելը ապարդիւն է աճող վայրագութեան կացութեան մէջ:
«ՄԱԿ-ի բանաձեւին ձեռնպահ մնալով` ՀՊՀԱ ոչ միայն ձախողեցաւ Սուրիոյ ժողովուրդին համար, այլեւ ձախողեցաւ արիւնահեղութեան վերջ տալու վաւերական այլընտրանքային ուղի մը ներկայացնելու», ըսաւ Ֆիլիփ Պոլոփիոն` ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց պաշտպան կազմակերպութեան տնօրէնը:
ՊԱՐՊԱՐԱ ՓԼԵԹ
«Պի. Պի. Սի.»