ԱՖՂԱՆ ԴԱՍԱԼԻՔ ՄԱՐԴԱՍՊԱՆԻՆ «ԿԱԶՄԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ»Ը

Նոյեմբեր 2010-ին աֆղան սահմանապահ ոստիկան մը, որ ծառայութեան գերազանց ցուցանիշ ունէր, սովորական զինավարժութեան մը ընթացքին սպաննեց վեց ամերիկացի զինուորներ, երբ անոնք դադարի մը պահուն թէյ կը խմէին:

Ան ինչո՞ւ ատիկա ըրաւ: Իր կեանքին ուսումնասիրութիւնն ու բջիջային հեռաձայնը քիչ տուեալներ կը հայթայթեն:

Վազիրուալ

Նանկարհար նահանգին մէջ ցուրտ ձմեռնային օր մըն էր, եւ հեռաւոր լեռները ձիւնով ծածկուած էին: Մինչ աֆղան սահմանապահ ոստիկաններ Միացեալ Նահանգներու ուժերու անդամ զինուորներ մարզելու իրենց դադարի պահուն կը հանգչէին, Էզաթուլա Վազիրուալ իր ամերիկացի պաշտօնակիցներուն թէյ առաջարկեց:

«Մարզիչները դադրեցուցին վարժանքը, վար դրին իրենց զէնքերն ու զրահները: Այն ատեն է, որ Էզաթուլլա կրակ բացաւ», ըսաւ այս միաւորին անդամներէն մէկը:

Վազիրուալ երեք տարի ծառայած է սահմանապահ ոստիկանութեան մէջ եւ յայտնի պահակ եղած է, անբիծ վարքով:

Իր եղբայրը, նոյնպէս սահմանապահ, զարհուրած հետեւեցաւ բռնարարքին եւ ապա ան ալ սպաննուեցաւ:

Ուրեմն, ի՞նչ բան սխալ ընթացաւ: Հետախուզական աղբիւրները, որոնք պատասխանատու են տեղացի զինուորագրուածներու հակումներու եւ հաւատարմութեան ստուգումին ինծի ըսին, թէ իրենք բացարձակապէս ոչինչ նկատած են Էզաթուլլայի վարքին, վերաբերմունքին մէջ, բայց այժմ կը հաւատան, որ ան Թալեպան շարժումին կողմէ զինուորագրուած էր: Թէեւ Վազիրուալի ընտանիքն ու ընկերները այս տեսութիւնը կը մերժեն ընդունիլ:

ԺԱԼԱԼԱՊԱՏԻ ՄԷՋ ԱՂՋԻԿ ՄԸ…

Էզաթուլլա Վազիրուալ եկած է արեւելեան Նանկարհար նահանգի գիւղատնտեսական, երկրագործական Խոկիանի շրջանի հեռաւոր լեռնային գիւղէ մը:

Ցեղախումբի երէցներ, իր հայրենի գիւղէն, կը յիշեն ցցուն այտերով պատանին, որ յանդուգն էր եւ կը սիրէր նեղել, խծբծել իր ընկերները եւ դրացիներու պարտէզներէն գողութիւն ընել:

Իր գիւղին մէջ բնակչութեան մեծ մասը` իբրեւ ապահովութեան աղբիւրի, եւ ինքնաբարելաւման ուղիի, ոստիկանութեան եւ բանակին կը վստահէին, քան` Թալեպան շարժումին: Հետեւաբար, ըստ զինք ճանչցողներուն, Վազիրուալ  Թելապանի բարեկամ, ընկեր չէր:

ԺԻՀԱ՞Տ, ԹԷ՞ ԹԻՒՐԻՄԱՑՈՒԹԻՒՆ

20-րդ դարու սկիզբը բրիտանացիք (Հնդկաստանի հիւսիսարեւմտեան սահմանին վրայ) աշխատեցան, գործեցին փաշթուն միլիսներու հետ, եւ արտասովոր չէր որ մարտական լաւ անցեալ ունեցող միաւորներ դառնան եւ կրակեն իրենց բրիտանացի խորհրատուներուն վրայ:

Այսօր թալեպանեան թափանցումը կրնայ պատկերին մէկ մասը ըլլալ: Բայց ես կը կարծեմ, որ առաջին բանը անհամաձայնութեան հնարաւորութիւնն է: Հաւանաբար ամերիկացի զինուոր մը ոստիկանին այնպիսի բան մը ըսաւ, որ ան ըսաւ, որ ան հակադարձեց ծայրայե՞ղ ձեւով: Փաշթուն ընկերութեան, հասարակութեան մէջ ծանօթ է այսպիսի արձագանգ, հակադարձութիւն:

Ուսումնասիրութիւն մը յայտնաբերած է, որ այսպիսի միջադէպերու աւելի քան 50 առ հարիւրը շատ քիչ կապ ունի Թալեպանի հետ եւ թէ` առկայ յարաբերութիւններու այլ հարցերուն կ՛առնչուի: Կան մշակութային տարբերութիւններ, եւ ժողովուրդը (երկու կողմէն) կրնայ չգիտնալ, թէ ինչպէ՛ս պիտի լուծէ թիւրիմացութիւնները:

Այդուհանդերձ, կայ սահմանային ոստիկանութեան կապուած մտահոգութիւնը: Յաճախ հրամանատար մը իր ցեղախումբէն մարդիկ կը զինուորագրէ. ատիկա կրնայ դրական ըլլալ: Բայց ուրիշներ կրնան զինուորագրել պարզապէս դրամի կարիքը ունեցող ոեւէ անձ: Այսպիսի զինուորագրեալներ կրնան նոյնիսկ կապեր ունենալ Թալեպանի հետ:

Քարթըր Մալքասեան, Ծովուժի ուսումնասիրութեանց կեդրոնէն, երկու տարի Աֆղանիստան մնացած է` աշխատելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան համար

Էզաթուլլա Վազիրուալի ընկերներն ու պաշտօնակիցները ըսեն, որ ան ձանձրացած, նեղուած էր սովորական մարդոց առօրեայ հարցերուն Թալեպանի մնայուն միջամտութենէն:

Էզաթուլլա եւ իր եղբայրը` զինուորագրուեցան սահմանապահ ոստիկանութեան` խուսափելու համար խեղճուկ աղքատութենէ, բայց իրենց այս քայլը զիրենք թիրախ դարձուց Թալեպանի հաւանական յարձակումներուն:

«Ինք կը վախնար, որ Թալեպան զինք պիտի հետապնդէ, հալածէ, որովհետեւ յանդգնած էր միանալու ոստիկանութեան», կ՛ըսէ Վազիրուալի մանկութեան ընկերը` Մոհամետ Եասին:

Էզաթուլլա յաւելեալ ապահովութեան համար իր ծնողները գիւղէն տեղափոխեց աւելի մեծ քաղաք մը:

Եւ բազմաթիւ երիտասարդներու նման, Վազիրուալ (շուրջ 25 տարեկան) սիրահարած էր: Իր սիրոյ հետաքրքրութիւնը երկրորդական վարժարանի աշակերտուհի մըն էր Ժալալապատէն, որուն ան հետապնդեց, քաղաքին մէջ պաղպաղակի վաճառատուն մը այցելած ատեն զայն տեսնելէ ետք: Պարմանուհին Էզաթուլլան նկարագրեց իբրեւ կենսուրախ երիտասարդ մը, որ հոգատար, քաղաքավար եւ զուարճալի էր:

«Ան կ՛երազէր Ժալալապատի մէջ ունենալ սեփական տուն մը, հոն հաստատուիլ եւ բնակիլ այդ աղջկան հետ», կ՛ըսէ Վազիրուալի ընկերը` ճարտարագէտ Մոհամետ Էպրահիմ:

Վազիրուալի բջիջային հեռաձայնին վրայ արձանագրուած է իր մէկ զրոյցը Ժալալապատ գտնուող իր սիրուհիին հետ.

«Ես այն չեմ, ինչ որ կը կարծէք: Ես կրնամ գիշերը գալ քեզի հանդիպելու համար: Ես նաեւ ինքնաշարժ ունիմ: Մենք իրարու հետ երջանիկ պիտի ապրինք», մտահոգ Վիզարուալ կը փորձէ վստահեցնել դժկամ աղջիկը, հեռաձայնի գիծին միւս կողմէն:

Եւ Վազիրուալի հեռաձայնը լեցուն է փաշթուն երգերով, փաքիստանցի դերասանուհիներու նկարներով եւ Պոլիսուտի աստղ Այշուարիա Ռայի նկարներով: Կան նաեւ ընտանեկան նկարներ եւ պոռնկագրութիւն:

Մինչեւ հոս ամէն բան բնական է:

ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐ

Բայց հեռաձայնը նաեւ կը պարունակէ Թալեպան շարժումի երգեր` մեծամասնութեամբ հմայական, թմրեցնող երգեր, առանց երաժշտութեան, Աֆղանիստանի արեւելեան եւ հարաւային շրջաններու փաշթուն կամ Փաքիստանի ցեղախմբային վայրերու բարբառով:

Կիներու երգ
Գնա՛, ապարանջան անցուր,
ինչպէս կիները կ՛ընեն,
Վերցո՛ւր աման մը եւ ջուր
բեր, ինչպէս կիները կ՛ընեն,
Եթէ մարտնչելու պիտի չերթաս,
ի՛նչ օգուտ ունին երկար մազերդ,
Միայն կ՛ուտես, ուրիշ ոչինչ

Վազիրուալի հեռաձայնին մէջ ձայնագրուած երգ մը կ՛ըսէ.

«Դուն իսլամութեան մարտիրոսն ես: Դուն կը մարտնչիս Աստուծոյ կրօնին համար: Աստուած այսպիսի զոհողութիւններ չի մոռնար:

Գաղտնի սպասարկութեան պաշտօնատար մը, որ զուգադիպութեամբ Վազիրուալի գիւղէն է, ինծի ըսաւ, թէ ինք անձամբ կրնայ շփոթի մատնուիլ իր հաւատարմութեանց մասին, եթէ այսպիսի երգեր ունկնդրէ:

Այդ երգերը կ՛որսան, կը քանդեն աֆղան գիւղացիներու հիմնական զգացումները, կրօնական հաւատքը` առնականութեան մասին գաղափարները միախառնելով Արեւմուտքի ենթադրեալ չարիքի դատապարտման:

«Գիւղական վայրերու մէջ, զրկուած վայրերու մէջ ժողովուրդը անուս է եւ` շատ բարեպաշտ: Եթէ այսպիսի երգեր անոնց համար հաղորդէք, ատիկա Թալեպան շարժումի զինուորագրութեան ի նպաստ մագնիս կ՛ըլլայ», ըսաւ ան:

Երգ մը կայ, որ նուիրուած է ամերիկեան տոլարի մենատիրութեան. «Դուն, տոլա՛ր, ամօթ չունիս, շատ անձեր մոլորեցուցած ես: Դուն յաջողած ես բազմաթիւ անձեր գնել: Դուն այնքան հզօր ես: Հէ՛յ, դուն ամօթ չունիս, դուն, տոլա՛ր»:

 

Նահատակութեան երգ

Երբ ես գիտցայ նահատակութեանդ մասին,
արցունքներ հոսեցան աչքերէս:
Քու մահդ տխրութեամբ պատեց զիս,
Ամբողջ Լաղման նահանգը կու լայ:
Ես փորձեցի հանդարտեցնել ինքզինքս,
բայց չեմ կրնար.
Աստուած իմ, ես չեմ կրնար դիմանալ:

Վազիրուալի հեռաձայնին վրայ ձայնագրուած երգ մը, կը նախատէ մարտնչիլ մերժող անձ մը` իբրեւ «կին» զայն խարազանելով եւ անոր յանձնարարելով, որ «ապարանջան կրէ»:

Սակայն այն փաստը, որ այս երգերը Վազիրուալի հեռաձայնին մէջ ձայնագրուած են, շատ քիչ բան կ՛ապացուցէ: Ամբողջ Աֆղանիստանի մէջ բազմաթիւ մարդիկ Թալեպան շարժումի երգեր ունին իրենց բջիջայիններուն մէջ եւ ասիկա անպայման չ՛ենթադրեր, որ անոնք հաւատարիմ, կողմնակից են թալեպաններուն:

Սակայն կան նաեւ այլ նշումներ, թէ Վազիրուալի մտայնութիւնը սկսած էր փոխուիլ յարձակումէն քանի մը շաբաթ առաջ:

Ժալալապատի աղջիկը ըսաւ, թէ ան երեք ամիսէ իրեն չէ հեռաձայնած կամ այցելած, իսկ Իպրահիմ կ՛ըսէ, որ Վազիրուալի վտանգաւոր կեանքը Աֆղանիստանի սահմանի հսկողութիւնը ընելով եւ զինեալներու հետ յաճախակի ընդհարումներով, սկսած էր անոր բարոյական կորովը խաթարել:

«Ան կռուելէ յոգնած էր…: Միշտ կը դժգոհէր իր երկարատեւ պարտականութեան եւ նուազ սնունդին համար: Ինք նաեւ ցաւատանջօրէն կարօտցած էր ընկերները», ըսաւ Էպրահիմ:

ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԿԱՊԵՐ

Բայց գաղտնի սպասարկութեան պաշտօնատարներուն համար հիմնական յայտնագործութիւնը այն է, որ Վիզարուալ տուն այցելած է զինուորները սպաննելէ երեք օր առաջ:

Գործակալները կը հաւատան, որ Էզաթուլլա որոշ ժամանակ մը անցուցած է իր հօրեղբայրներուն հետ, որոնք մարտչնած են Թալեպան շարժումի հանրածանօթ հրամանատարներուն կողքին եւ անոնց կողմէ զինուորագրուած են:

Վազիրուալի այլայլած ընկերները, սակայն, չեն ընդունիր այս վճիռը:

«Անոնք սպառնալիքի ենթարկած ըլլալու են զինք: Կը հաւաստենք ձեզի, որ ան Թալիպ չէր», ըսաւ Մոհամետ Եասին:

Գաղտնի սպասարկութեան պաշտօնատարները կը խոստովանին թէ զարմացած են որ Վազիրուալ ոչ մէկ արտասովոր կամ կասկածելի բան ըրած է իր զէնքը ամերիկացիներուն կողմը դարձնելէ առաջ:

Աֆղանիստանի ապահովական ուժերու մեծ մարտահրաւէրը արգելք հանդիսանալն է ապստամբներուն, որպէսզի Վազիրուալի նման երիտասարդներուն վրայ ազդեցութիւն բանեցնեն:

Բայց հակաահաբեկչական պայքարի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը, որ ուսումնասիրեց Վազիրուալի պարագան, զգուշացուց, որ յաւելեալ «Դասալիք» յարձակումներ պիտի ըլլան, պարզապէս որովհետեւ բազմաթիւ զինուորներ կու գան այն շրջաններէն ու վայրերէն, ուր ապստամբները տիրական են:

Նոյնիսկ անհոգ գիւղացի տղաքը, որոնք բարեխիղճ սահմանապահներ կ՛ըլլան, չեն կրնար ծայրայեղականնութեան եւ զինեալ գործողութիւններու ազդեցութեան ենթարկուելէ խուսափիլ, երբ ատիկա իրենց շուրջն է:

ՊԻԼԱԼ ՍԱՐՈՒԱՐԻ

«Պի. Պի. Սի.»

Share this Article
CATEGORIES