«ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՀԱՅՐԵՐԸ` ԿՐԹԱԿԱՆ ՈՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՎԱՍՏԱԿԱՇԱՏ ՄՇԱԿՆԵՐԸ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ՀՈՂԻՆ ՎՐԱՅ» (ՀԵՂԻՆԱԿ` ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ)

2011-ի Մխիթար մատենաշար թիւ 42 հրատարակչութիւնը Այնճարի մէջ լոյս ընծայեց Հայր Մեսրոպ Հայունիի «Վիեննայի Մխիթարեան հայրերը» խորագրեալ հատորը` մեկենասութեամբ Լիբանանի Մարաշի հայրենակցական միութեան վարչութեան:

Սոյն գործը կը բաղկանայ 224 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ հետեւեալ բաժինները ձօն բացատրական, «Համայնապատկեր Վիեննական Մխիթարեան հայրերու Կրթական գործունէութեան», ներածական, Վիեննական Մխիթարեաններուն առաքելութիւնը Պոլսոյ, Զմիւռնիոյ, Այտընի եւ Կարինի մէջ: Ապա` Պոլսահայ ժամանակակից պատմագրութեան համար դիւանային եւ Մամլային աղբիւրներ:

Ի՞նչպէս կը պարզուի յիշեալ հատորի բովանդակութենէն սոյն ուսումնասիրութիւնը ունի մասնագիտական բնոյթ, այն իմաստով, որ անիկա կը վերաբերի առանձնապէս Մխիթարեան կրթական եւ հոգեւոր մշակներու գործունէութեան:

Մեսրոպ Հայունի հանգրուանային ձեւով կը ներկայացնէ Պոլսոյ մէջ Մխիթարեան հայրերու շուրջ երկու հարիւր տարուան ուսումնական եւ հոգեմտաւոր աշխատանքները` 1825 թուականէն մինչեւ 21 յունիս 2007 թուականը:

Սոյն գործով հեղինակը կը տեղեկագրէ այն անձնդիր ծառայութիւնը, զոր մատուցած են Վիեննական Մխիթարեան վարժարանի եւ Բանկալթի Մխիթարեան լիսէի հոգեւոր հայրերը:

Ապա հեղինակը կ՛ըսէ, թէ Վիեննական Մխիթարեան հայրերը Զմիւռնիոյ մէջ ընծայեցին ութսուն տարիներու ուսումնական ծառայութիւն, 1842-էն մինչեւ 1922: Զմիւռնիոյ վարժարանը թէեւ հիմնուեցաւ համեստ պայմաններու տակ, սակայն շնորհիւ Մխիթարեան հայրերու տքնաջան աշխատանքին, սոյն կրթական օճախը կրցաւ իրագործել գնահատելի նուաճումներ: Հեղինակը կ՛ըսէ նաեւ, թէ Զմիւռնիոյ Մխիթարեան վարժարանը ունեցաւ «միջազգային նկարագիր մը», երբ դպրոցի  աշակերտներուն թիւը բազմացաւ օտարազգի ուսանողներու ներկայութեամբ:

Աբբահայր – արքեպիսկոպոս Արսէն Այտընեանի պաշտօնավարութեան շրջանին, Զմիւռնիոյ Վիեննական Մխիթարեան վարժարանը ունեցաւ իր «Ոսկեդարեան շրջանը»` օգոստոս 1855-մարտ 1860:

Հեղինակը կը թուէ կարգ մը բնորոշ թուականներ, որոնք ցոյց կու տան, թէ զարգացման ի՛նչ փուլերէ անցաւ Վիեննական Մխիթարեան վարժարանը Զմիւռնիոյ մէջ:

Մեսրոպ Հայունի 1876-1882 տարիները կը կոչէ «Զմիւռնիայի Վիեննական Մխիթարեան վարժարանին ադամանդեայ շրջանը», երբ մեծաւոր տնօրէնի պաշտօնը կը վարէր Նիկողայոս վրդ. Աւգերեանը:

Իսկ Այտընի մէջ վիեննական Մխիթարեաններուն առաքելութիւնը կ՛ընդգրկէ վաթսունեօթը տարիներ, 1852-էն մինչեւ 1919:

Ըստ հեղինակին, Այնտընի Մխիթարեան վանատան բացումը տեղի կ՛ունենայ 1852 թուի Յունիսի առաջին շաբաթը: Սոյն վանատան նախաձեռնողն ու հիմնադիրը կը հանդիսանայ Միքայէլ վրդ. Վեցմատեան (1784-1867):

Նոյնպէս, Այտընի մէջ, Մխիթարեան հայրերը բնակարանի կողքին կը ծրագրեն ունենալ վանական մատուռ մը, որպէսզի կարենան հաւաքաբար կատարել իրենց աղօթքները: Յիշեալ ծրագիրը յաջողութեամբ կը պսակուի, երբ մատրան աւագ խորանին վրայ կը զետեղուի «Պաշտպան Ս. Աստուածածին» կոչուած սրբապատկերը, 1854 թուի յունուարի կէսին: Իսկ  27 յունիսէն սկսեալ ամէն օր Մխիթարեան վարդապետները կը մատուցանեն սուրբ պատարագը մատրան մէջ` «հայածէս հանդերձանքով»:

Մեսրոպ Հայունի կ՛ըսէ, թէ վիեննական հայրերը ո՛չ միայն Այտընի այլ հեռաւոր գիւղերու մէջ եւս կը ձեռնարկէին առաքելական գործունէութեան, ուր ձիով կը կատարէին իրենց ուղեւորութիւնը` յանձն առնելով ամէն վտանգ եւ զոհողութիւն:

Ապա հեղինակը կ՛ըսէ, թէ վիեննական հայրերը Կարնոյ մէջ եւս ունեցան առաքելագործութեան բեղուն տարեշրջաններ: Թէ` անոնք ո՛չ միայն 1870-ական թուականներուն, այլ հետագայ տարիներուն եւս լուծուեցան կրթական եռուն աշխատանքի` հայեցի դաստիարակութեամբ զարգացած սերունդներ պատրաստելու անզանցառելի յանձնառութեամբ…

Պէտք է ըսել, որ հայր Մեսրոպ Հայունիի «Վիեննայի Մխիթարեան հայրերը» խորագրեալ ուսումնասիրութիւնը վաւերական եւ օգտագործելի աղբիւր մըն է անոնց համար, որոնք կը բաղձան պատմագրել Մխիթարեան հայրերուն 18-րդ եւ 19-րդ դարերու կրթական եւ հոգեմտաւոր գործունէութիւնը` օսմանեան Թուրքիոյ կարգ մը քաղաքներուն մէջ:

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Նոյեմբեր 2011
Պէյրութ

Share this Article
CATEGORIES