ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ …
ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
22 նոյեմբեր է. ամբողջ Լիբանանը զարդարուած է երկրին եւ բանակին դրօշներով…
Կեդրոնական Պէյրութի մէջ լիբանանեան բանակը այսօր պիտի տողանցէ` թնդացնելով գետինը եւ լիբանանցիներուն պիտի ներկայացնէ իր կարգապահութիւնը, շարքերը եւ երկրին ապահովութիւնը պաշտպանելու իր պատրաստակամութիւնը:
Անգամ մը եւս հասած ենք տօնական մթնոլորտի մը` Լիբանանի անկախութիւնը նշելու պատշիրային արարողութիւններուն, որոնք կ՛ըլլան միայն պետական ու պաշտօնական մակարդակի վրայ, եւ ոչ ժողովրդային:
Լիբանանեան պատկերասփիւռի կայաններէն սփռուող զինուորական տողանքցին եւ անկախութեան համար պատրաստուած յատուկ արարողութեան հետեւող քաղաքացին թերեւս ինքն ալ երկրին Անկախութեան տարեդարձը տօնելու մթնոլորտին մէջ ըլլայ, սակայն այլ քաղաքացիներ, որոնք չեն հետեւիր այդ արարողութիւններուն` հեռու կը մնան այդ մթնոլորտէն, բայց եւ այնպէս անոնք ուրախ կ՛ըլլան, որովհետեւ աշխատանքի գացող քաղաքացիին համար ոչինչ աւելի ուրախութիւն կը պատճառէ, քան` արձակուրդի օրը, ինչպէս է պարագան աշակերտներուն եւ ուսանողներուն:
Դժբախտաբար Լիբանանի քաղաքական առօրեայով տարուած լիբանանցին չի կրնար խանդավառութեամբ, հպարտութեամբ եւ ճակատաբաց նշել իր անկախութիւնը, յատկապէս երբ ան գիտէ, թէ այդ անկախութիւնը պակասաւոր է եւ տակաւին կարիքը ունի երկրին մէջ ինքզինք պարտադրելու լուրջ ջանքերու:
Խօսելով Լիբանանի քաղաքական առօրեային մասին, մենք չենք կրնար զանց կացուցել երկրին մէջ տիրող քաղաքական ուղղահայեաց երկփեղկումը, Մարտ 14-ի ուժեր եւ Մարտ 8-ի ուժեր անուանումները, երկրին իւրաքանչիւր անկիւն բնակութիւն հաստատած ղեկավարները, որոնք իրենց նստատեղիները վերածած են բերդերու, որոնց միջեւ «պատերազմ»ն ու ցեխարձակումը մնայուն կերպով առկայ են:
Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի օրերուն Լիբանանի անկախութեան առիթով կատարուած տողանցքներուն մենք արդէն վարժ էինք տեսնելու երկու սպիտակ պաշտօնական տարազներ եւ երրորդ աթոռ մը, որ այդ օրը թափուր կը մնար` անոր բացակայութեամբ:
Այսօր թերեւս քիչ մը յաւելեալ ճիգ եւ ջանք կայ, որ երկրին իշխանութեան պետերը` հանրապետութեան նախագահ, խորհրդարանի նախագահ եւ վարչապետ ներկայութիւն ըլլան պետական մակարդակի վրայ կազմակերպուած տողանցքին եւ միասնականութիւն խորհրդանշեն բեմերուն վրայ իրենց բռնած դիրքերէն: Բայց եւ այնպէս, լիբանանցիին համար այդ մէկը միայն ակնթարթի մը համար ապահովութիւն կը ներշնչէ, որովհետեւ ան քաջ գիտէ, որ յաջորդ օրն իսկ կամ քանի մը ժամ ետք այս կամ այն վայրէն կամ ամպիոնէն յայտարարուած կեցուածք մը կրնայ փոթորկել լիբանանեան քաղաքական կեանքը եւ իշխանութեան պետերուն միջեւ ստեղծել երկփեղկումի նոր ճեղք մը:
Տակաւին չենք խօսիր կառավարութեան մէջ տիրող տարակարծութիւններուն մասին, որոնք լուրջ մտահոգութիւններ կը պատճառեն քաղաքացիին: Այդ երկփեղկումը կը խորանայ նաեւ ընդդիմութեան հետ, եւ կ՛անտեսուին ժողովուրդին իրաւունքները, որոնք են քաղաքացիին տարրական կարիքները` ջուրի, ելեկտրականութեան եւ բուժման ապահովումը, իսկ վերջերս շարունակական յետաձգումի ենթարկուող նուազագոյն աշխատավարձի յաւելումը:
Կառավարական նոյն կազմին մէջ գործող քաղաքական անձնաւորութիւններուն միջեւ տարակարծութիւններուն կողքին կան նաեւ այլ տարակարծութիւններ, որոնք հիմնականին մէջ կը դրսեւորուին ընդդիմադիր քաղաքական ուժերուն եւ խորհրդարանի մեծամասնութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող երկփեղկումով:
Այս իմաստով, ներկայիս ամէնէն մտահոգիչը կը նկատուի ընդդիմութեան կողմէ լիբանանեան Ազգային երկխօսութեան վերսկսելու քայլերուն հանդէպ ցուցաբերուած մերժումը, ինչ որ կրնայ համազօր ըլլալ իրարու հետ գործակցելու բոլոր կամուրջները այրելու արարքին:
Լիբանանի քաղաքական կեանքին դիմագրաւած ներքին հարցերուն կողքին կան նաեւ շարք մը արտաքին մարտահրաւէրներ, որոնք կը սպառնան Լիբանանի գոյութեան: Արտաքին մարտահրաւէրներուն շարքին գտնուող մեծագոյն եւ գլխաւոր սպառնալիքը օտարին ենթակայ ըլլալու Լիբանանի պատրաստակամութիւնն է:
Ազատ, անկախ եւ գերիշխան պետութեան մը համար անկարելի է ընդունիլ այս իրականութիւնը: Անընդունելի է տեսնել, որ ամերիկացին, ֆրանսացին, իրանցին, սուրիացին եւ օտարերկրի դիւանագէտներ միջամուխ կը դառնան Լիբանանի ներքին հարցերուն եւ խորհուրդ կու տան լիբանանցի ղեկավարներուն` Լիբանանը կառավարելու ձեւերու եւ կարելիութիւններու մասին:
Այս բոլորը տհաճ են եւ ցոյց կու տան, որ օտարներու հետեւորդ եւ այլ պետութիւններու հովանաւորութեամբ գործող լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններ չեն գիտակցիր Լիբանանի անկախութեան կարեւորութեան եւ ինքնաբերաբար երկրին գերիշխանութեան հանդէպ կը մնան կրաւորական:
Դժբախտաբար Լիբանանի մէջ երկրին անկախութեան ոգին կը զգան միայն երեխաները, որոնք դպրոցին մէջ կը ստանան լիբանանեան դրօշներ ու Մայրիի ծառը կրող յատուկ թագեր եւ դպրոցին բակին մէջ հնչող «Քուլլունա Լիլ Ուաթան»-ի կշռոյթով, խորհրդանշական տողանցք մը կը կատարեն իրենց ոտքերը ամուր գետին թափահարելով. պարզապէս որովհետեւ իրենք տակաւին չեն գիտեր, թէ Լիբանանի անկախութիւնը իսկակա՞ն է, թէ՞ կեղծ:
Սակայն ինչո՞ւ պէտք է այդպէս ըլլայ. ինչո՞ւ լիբանանցի երիտասարդութեան ծանօթ այդ կացութիւնը պատճառ պիտի ըլլայ, որ այսօրուան երիտասարդներուն թիրախը ըլլայ մեկնիլ երկրէն: Չափազանցած չենք ըլլար նաեւ, երբ ըսենք, թէ լիբանանցի երիտասարդն ու երիտասարդուհին իրենց աւարտական հանդէսէն ետք առաջին վայրը, որ կ՛այցելեն դեսպանատուներն են, որոնք կը նկատուին այն կայանը, որ զանոնք կը փոխադրէ դէպի այլ երկիրներ ապահովուած լաւ աշխատանքներ ու բարօր կենսամակարդակ:
Միջին Արեւելքի վկայած վերջին զարգացումներուն առընթեր, Լիբանան` 1943-ին կերտած իր անկախութիւնը պահպանելու համար, կարիքը ունի միասնականութեան, որ պէտք է ըլլայ պետական եւ ժողովրդային մակարդակի վրայ, որպէսզի այդ անկախութիւնը ամբողջանայ` պահպանելով երկրին գերիշխանութեան բովանդակ իմաստը:
Երանելի պիտի ըլլար տեսնել, որ Լիբանանի անկախութեան 68-ամեակին առիթով, անկախութիւնը նշելու արարողութիւնները փոփոխութիւններ կրած են եւ ջանքեր ի գործ դրուած, որ անիկա ըլլայ ազգային հաշտութեան ոսկեայ առիթ մը:
Այսինքն` ինչ լաւ պիտի ըլլար տեսնել, որ Լիբանանի անկախութիւնը կերտած անձնաւորութիւններուն եւ նախկին վարչապետներուն ու նախագահներուն շիրիմներուն ծաղկեպսակ զետեղելու փոխարէն, կամ անոր կողքին, կազմակերպուած ըլլային հանդիպումներ` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարներուն միջեւ, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ, ինչպէս նաեւ հաւաքներ` Պշարրէի եւ Քեսրուանի բնակիչներուն համար, Թարիք Ժտիտէի եւ Հարաւային արուարձաններու բնակիչներուն, Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի բնակիչներուն համար:
Հաւատալով, որ այս մէկը երազ չէ եւ կարելի կ՛ըլլայ օր մը իրագործել, իբրեւ եզրափակում կը հաստատեմ, որ միայն ներքին լիբանանեան միասնականութեամբ է, որ կարելի կ՛ըլլայ վերջ դնել իսրայէլեան սպառնալիքին, յաւելեալ լրջութիւն ցուցաբերել Լիբանանի բնական հարստութիւններու պեղումին, վերջնական սահմանագծում կատարել` ցամաքային եւ ծովային առումով, լիբանանեան բանակը զինել` ըստ արժանւոյն, ինչպէս նաեւ լիբանանցի քաղաքացիներուն պարգեւել բարօրութիւն:
Ահա այն ատեն է, որ լիբանանցին կրնայ պարծենալ Արաբական գարնան ռահվիրան ըլլալու իր առաւելութեամբ, որովհետեւ փաստած կ՛ըլլայ, որ ինք կարողութիւն ունի քաղաքական իր բոլոր գոյները միախառնելու ու Մայրիներու երկրին վերեւ գեղեցիկ ծիածան մը ապահովելու: