ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՆԱՄԱԿԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԸՆԿԵՐՈՋ ՏԱՆ ՄԷՋ

Պրուքլինէն տարեց հրեայ մը տասնամեակներ շարունակ նամակցած է համաշխարհային բազմազան ղեկավարներու, որոնց շարքին` Ճոն Քենետիի, այաթոլլա Խոմէյնիի եւ վերջերս մահացած գնդապետ Քազզաֆիի հետ:

Լուի Շլամովիցի Պրուքլինի խճողուած յարկաբաժինին մէջ, նախագահ Ճոն Քենետիի  ստորագրած լուսանկարը տեղադրուած է Փանամայի երբեմնի ղեկավար զօր. Մանուէլ Նորիէկայի ռազմական գործողութեան մը լուսանկարին վերեւ, ստորագրուած` «լաւագոյն մաղթանքներով»:

Եւ կայ կիսամօրուք Շլամովիցը, որ լուսանկարուած է, Սպիտակ տան մէջ, նախագահ Ռիչըրտ Նիքսընի հետ, այն պահուն, երբ Ուոթըրկէյթի գայթակղութիւնը թափ ստացած էր:

Թագուհին (Բրիտանիոյ, Ա.) մէկն է անոնցմէ, որոնք խուսափած են: Ան անձամբ չէ պատասխանած (առնուազն` ցարդ) ինքնագիրներու 81-ամեայ անխոնջ որսորդին:

«Թագուհին կը գրէ միայն այն մարդոց, որոնց հանդիպած է», կը բացատրէ Շլամովից, որ նախկին ծաղկաբոյծ է եւ քորէական պատերազմի վեթերան:

Ինք տակաւին կ՛արժեւորէ թագուհիին եւ Ֆիլիփ իշխանին մէկ լուսանկարը, որ երեք տասնամեակ առաջ Պաքինկհամ պալատը ղրկած է իրեն:

Շլամովից ունի 60 պատկերատետրեր, որոնց մէջ հաւաքած է համաշխարհային ղեկավարներու, դերասաններու եւ անցեալի մարզական հերոսներու ստորագրած նամակներն ու լուսանկարները:

Այս բոլորը սկսան, երբ ան Միացեալ Նահանգներու բանակին հետ 1953 թուականին Քորէա տեղակայուեցաւ, եւ բարեկամ մը առաջարկեց Կաղանդի բացիկ գրել նախագահ Հերի Թրումանի` մեծ յոյս չունենալով, որ նախագահը կրնայ պատասխանել:

Երբ պատասխանը եկաւ Սպիտակ տունէն, ան գտաւ իր կոչումը:

Ան սկսաւ թղթատել թերթերը` արձանագրելով հասարակական գործիչներու անունները, նշելով անոնց ծննդեան թուականներն ու տարեդարձները: «Բոլորը չէ, որ կը պատասխանեն, սակայն մեծամասնութիւնը կը պատասխանէ: Ես անոնց լաւ բաներ կը գրեմ, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ ես անկեղծ եմ», կ՛ըսէ ան:

Շլամովից` բարեպաշտ հրեայ մը, անյագօրէն նամակցած է Միջին Արեւելքի ղեկավարներուն հետ, որոնք չեն ճանչնար Իսրայէլի պետութիւնը: Ինք կ՛ընդունի, կը գիտակցի, որ ատով աւելի շահած է, քան` ռաբբիներուն կողմէ իրեն ուղղուած յաճախակի նկատողութիւնները:

«Ատիկա չի նշանակեր, որ ես համաձայն եմ անոնց հետ: Ես միայն կ՛ուզեմ զանոնք իմ հաւաքածոյիս վրայ աւելցնել», կ՛ըսէ Շլամովից, որ յաճախ նամակցած է Լիպիոյ հանգուցեալ ղեկավար գնդապետ Մուամմար Քազզաֆիի հետ, օրինակ, զայն շնորհաւորելով յեղափոխութեան տարեդարձին առիթով: Ի պատասխան` ստացած է երկարաշունչ նամակներ` Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի քաղաքականութիւնը դատապարտող:

«2000 թուականին ես դադրեցուցի անոր գրելը: Ես ձանձրացայ ամբողջ քարոզչութենէն», կ՛ըսէ ան:

Միացեալ Նահանգներու թշնամի ղեկավարներու հետ նամակցելու արարքը պատճառ եղած է, որ տարիներու ընթացքին իրեն այցելեն Սի. Այ. էյ. -էն, Էֆ. Պի. Այ.-էն եւ Միացեալ Նահանգներու Ազգային Անվտանգութեան սպասարկութենէն, կ՛ըսէ Շլամովից:

Գնդապետ Քազզաֆի մտահոգութեան յատուկ պատճառ էր. Սի. Այ. Էյ.-ի գործակալները հետաքրքրուած էին, թէ Շլամովից ինչո՞ւ կը նամակցի առաջնորդի մը հետ, որուն կառավարութիւնը կ՛ենթադրուէր, թէ Լոքըրպիի օդանաւային ականահարումին մեղսակից էր:

«Նախասիրութիւն, զբաղմունք մըն է միայն», ըսած է Շլամովից կասկածող Սէ. Այ. Էյ.-ի պաշտօնատարին:

«Դժոխային զբաղում մըն է», եղած է պատասխանը, կը պատմէ Շլամովից:

Հակառակ այս հարցաքննութիւններուն` Շլամովից մասնաւորաբար հպարտ է Միջին Արեւելքի իր նկարատետրերով: Անոնք կը պատկերեն Իրանի այաթոլլա ռուհոլլա Խոմէյնին, պաղեստինեան իշխանութեան նախկին նախագահ Եասէր Արաֆաթը եւ Եգիպտոսի նախագահ Անուար Սատաթը, որ սպաննուած է 1981ին:

Արաբական ապստամբութիւնը սրբեց տարաւ ղեկավարներ, որոնց Շլամովից գրած էր, ինչպէս` Եգիպտոսի Հիւսնի Մուպարաքին, որ Ս. Ծննդեան մաղթանքներ ղրկած էր իրեն Գահիրէէն մինչեւ Պրուքլինի Քանարսի թաղը:

«Կը կարծեմ, որ Մուպարաք ճիշդ ըրաւ հրաժարելով: Քազզաֆի նոյնը պէտք էր ընէր: Քաղաքականութիւնը դաժան խաղ է», կ՛ըսէ Շլամովից:

Երեւելի անձերու ստորագրուած լուսանկարներու, ձեռագիր երկտողերու եւ այլ յիշատակարաններու պահանջուած հաւաքածոն տարիներու ընթացքին դէպի Քանարսի ուխտագնացութեան մղած է միջնորդներ եւ հաւաքածոներու գործով զբաղողներ:

Շլամովից վաճառած է քանի մը իրեր` իր, Ճոն Քենետիի եւ Մարլին Մոնրոյի հաւաքածոներէն, բայց իր նկարատետրերուն մեծ մասը ամբողջական, անձեռնմխելի կը մնայ: Ատիկա ի վերջոյ իբրեւ նուէր նախատեսուած է իր ընտանիքին համար:

Ան կ՛ըսէ, թէ կը ծրագրէ «կրկին» գրել նախագահ Պարաք Օպամայի եւ Առաջին տիկին Միշել Օպամայի, եւ կ՛ըսէ, թէ երկտող մը պիտի գրէ Նիւ Եորքի քաղաքապետ Անտրիւ Քուոմոյի:

Շլամովից կը դժգոհի, որ նախկինին նման չի կրնար գրիչը բռնել, բայց կ՛ըսէ, թէ գրելը զինք զբաղ կը պահէ:

«Ես լաւ կը զգամ, երբ անոնք պատասխան գրեն: Ես յատուկ անձ մը չեմ, պարզապէս` սովորական մարդ մը, եւ այժմ ես պատմութեան մէկ մասն եմ», ըսաւ ան:

ԼՈՐԱ ԹՐԵՒԵԼԵԱՆ

«Պի. Պի. Սի.»

Share this Article
CATEGORIES