ԵՐԲ ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԴԻՒՐԱՑՆԷ ԲՌՆԱԲԱՐՈՒՄԸ

Թուրքիոյ մէջ այս օրերուն մենք դատական ամօթալի գայթակղութիւն մը եւս ունինք: Տասներեք ամեայ աղջնակ մը 7 տարի առաջ Մարտինի մէջ պարտադրաբար սեռային յարաբերութիւն ունեցաւ աւելի քան 100 անձերու հետ: Բռնաբարողներէն 26-ը ձերբակալուեցան եւ դատական հետապնդումի ենթարկուեցան:

Անոնց մէջ կան պետական պաշտօնատարներ, բարձրաստիճան զինուորականներ, երկրորդական վարժարանի ուսուցիչներ եւ այլն:

Մարտինի ատեանը որոշեց, որ Ն. Չ. բռնաբարուած չէ, որովհետեւ ան ընդունած է սեռային յարաբերութիւն ունենալ այդ բոլոր մարդոց հետ: Ուրեմն դատարանը այդ մարդոց դէմ միայն մէկ-երկու տարուան բանտարկութեան դատապարտեց` անչափահասի մը հետ սեռային յարաբերութիւն ունենալու համար: Եւ առաջին ատեանի վճիռը  հաստատուեցաւ վերաքննիչ դատարանին կողմէ:

Դատական այս գործը չափազանց գայթակղեցուցիչ է, զզուելի եւ շփոթեցնող Թուրքիոյ մէջ բոլորին համար եւ յառաջացուցած է հասարակութեան զայրոյթը: Դատավարութեան մանրամասնութիւններու սպրդումը, արտահոսքը կը շարունակուի, եւ իւրաքանչիւր նոր մանրամասնութեան հետ հարցը աւելի եւ աւելի ամօթալի կը դառնայ:

Մենք միայն վերջերս տեղեկացանք, որ այս բոլոր բռնաբարումներէն ետք, աղջիկը Մարտինէն մեկնած է եւ` որբանոց մը ապաստանած: Ան ստիպուած` չորս վիրաբուժական գործողութիւններու ենթարկուած է դարմանելու համար բռնաբարումներու պատճառած վնասը: Մենք տեղեկացանք, որ հոգեբուժը, որ հոգեբանական խորհուրդներ տուած է Ն. Չ.-ին, ի՛նք աւելի ուշ հոգեբանական խորհուրդներու կարիքը զգացած է, որովհետեւ այս աղջնակին պատմութենէն շատ անհանգստացած է, հոգեկան ցնցում ունեցած է:

Եւ մեր արդարադատութիւնը վճռած է, որ այս աղջնակը ընդունած է սեռային յարաբերութիւն ունենալ այս բոլոր մանկապիղծներուն հետ:

Մեր վերադատ ատեանի վճիռին մէջ հակառակ կարծիք մը չկայ. անոնք առաջին ատեանի վճիռը միաձայնութեամբ վաւերացուցած են:

Աղջնակը վաճառուած է այս բոլոր մարդոց, եւ մեր արդարադատութիւնը կ՛ենթադրէ, թէ ինք տուած է իր համաձայնութիւնը բոլոր այն սարսափելի բաներուն, որոնք իրեն պատահեցան:

Այդտեղ շատ լուրջ հաւաքական ոճիր մը կայ: Այս բոլոր տղամարդիկը, որոնք «ականաւոր» գործիչներ, անձնաւորութիւններ են այս քաղաքին մէջ, բռնաբարած են 13-ամեայ աղջնակ մը, եւ դատարանը կրցած է անոնց տալ այս պարագային հնարաւոր ամէնէն թեթեւ պատիժը:

Հարցականի ենթարկուելիք շատ բաներ կան:

Ինչպէ՞ս կրնան այս բոլոր մարդիկը, որոնցմէ ոմանք թերեւս ունին դուստրեր, մասնակից ըլլալ այսպիսի այլանդակ արարքի, եւ ինչպէ՞ս այս բոլոր դատաւորները, որոնք եւս դուստրեր ունին, այս դատավարութիւնը այսպիսի թեթեւութեամբ վարել:

Վերջերս ես կը փորձէի օտարերկրացի լրագրողի մը բացատրել ասիկա: Երբ խօսքը կը վերաբերի անձի մը մարմնական եւ հոգեբանական պարկեշտութեան, թրքական օրէնքը ահաւոր է:

Եթէ, օրինակ, դուք յարձակումի ենթարկուեցաք եւ դաժանօրէն խոշտանգուեցաք, եթէ դուք մարմինի անդամ մը չկորսնցուցիք, կամ մնայուն հաշմանդամ չդարձաք, ձեր վրայ յարձակողը միայն քանի մը ամսուան ազատազրկման կը դատապարտուի, եւ շատ հաւանաբար անոր բանտարկութիւնը կ՛առկախուի:

Թէեւ, եթէ նոյն յարձակողը պարզապէս ձեր ակնոցը, գրիչը կամ որեւէ առարկայ, որ դուք կը կրէք, բռնի կ՛առնէ, ան կրնայ 15-16 տարուան ազատազրկման դատապարտուիլ, որովհետեւ այս պարագային խնդրոյ առարկայ ոճիրը կ՛անուանուի իբրեւ յափշտակում (շունչերնիդ բռնեցէք):

Ինչպէս կը տեսնէք, Թուրքիոյ իրաւական համակարգին մէջ ինչքի, գոյքի պաշտպանութիւնը շատ աւելի արժէքաւոր է, քան` անհատի մը մարմնական պարկեշտութեան, արժանապատուութեան պահպանումը:

Եթէ այս մանկապիղծները աղջնակին պուպրիկ-արջուկը բռնի առած ըլլային, անոնք 15 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած պիտի ըլլային:

Բայց այս մարդիկը միայն քանի մը տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցան աղջնակին կեանքը մնայուն գողնալու յանցանքին համար:

Օրէնքը սխալ է: Մտայնութիւնը սխալ է:

Ամէ՛ն ինչ սխալ է հոս:

ՕՐՀԱՆ ՔԵՄԱԼ ՃԵՆԿԻԶ

«Թուտէյզ Զաման»

Share this Article
CATEGORIES