ԳԱՏԱԴ ԱՌՆԻՄ, ԳՈՒՐՊԱՆ ԷՂՆԱՄ ՍՈՒՐԲ ԿԻՐԱԿՈՍ

ԳՐԻԳՈՐ ԳՐԱՃԵԱՆ

Ում աչքն իմ եարին տեսել,
էն աչքին մեռնեմ.
Էն աչքերը թող ինձ նայեն,
կարօտս առնեմ:

      «Երանի՛ քեզի, որ քու աչքերովդ տեսար ծննդավայրս»:
      «Պատմէ՛, պատմէ՛  հայրենիքիս մասին»:

Կա՞յ արդեօք հայրենի յիշատակներէն աւելի անուշ բան:

Ս. Կիրակոսի թաղի մուտքին

Պէյրութ բնակող, Տիգրանակերտ ծնած Մկրտիչը ագահօրէն կ՛ուզէ ունկնդրել ամէն մանրամասնութիւն Ս. Կիրակոս եկեղեցիի վերաբացման մասին: Մտիկ ընելէ աւելի, ան հարցումներու տարափ մը կը տեղացնէ. «Կէւուր մէյտան գացի՞ր», «հաւուզը (աւազանը) տեսա՞ր», եւ ինք պատասխանը ունի իր շատ մը հարցումներուն. «Մօրաքրոջս տունը հաւուզին մօտիկ էր», «քեռիիս էրկաթի խանութը էն ջամիի ետեւն էր»:

– Քեզի հանելուկ մը ըսիմ, որ պզտիկուց շատ կը սիրէինք. նայինք պիտի գիտնա՞ս: «Քուրդ մի կ՛երթայ, քուրդ մի կիգայ, քուրդէ քրդուն բարիւ կիտայ» ի՞նչ է:

– Չեմ գիտեր:

– Մրջիւններ, հա՜, հա՜, հա՜:

– Լա՛ւ, պարոն Մկրտիչ, պատմե՞մ, թէ ի՛նչ տեսայ:

– Հա, գուրպան էղնամ, պատմէ՛:

Տիգրանակերտ քաղաքը այդքան մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ չէր տեսած երկար ժամանակէ ի վեր: Տօնական մթնոլորտ մը յստակօրէն զգալի էր, մանաւանդ` պարսպապատ հին քաղաքին մէջ, ուր կը գտնուին Ս. Կիրակոս եկեղեցին եւ հայկական աղօթավայրերը` Ս. Սարգիսը, Ս. Յովսէփը եւ աւետարանական եկեղեցին:

Դէպի կեդրոն տանող բանուկ ճամբաներուն վրայ անգլերէն, հայերէն, քրտերէն եւ թրքերէն լեզուներով պաստառներ բարի գալուստ կը մաղթէին այցելուներուն.

«Բարի՛ եկաք ձեր տունը»

Եւ իսկապէս, այցելուներէն շատերուն համար Տիգրանակերտը իրենց տունն էր, «հայրենիքը», իրենց կամ իրենց ծնողներուն ծննդավայրը: Մեծ էր թիւը Պոլսէն եւ արտասահմանէն ժամանած տիգրանակերտցիներուն, որոնք ուզած էին անպայման  ներկայ գտնուիլ Ս. Կիրակոս եկեղեցիին օծման եւ անդրանիկ պատարագին, 22 եւ 23 հոկտեմբեր 2011-ին:

Յիշեալ շաբաթավերջին, ամրան եղանակի անտանելի տաքը հրաժեշտ տուած էր քաղաքին եւ չոր, անապատային, մինչեւ ոսկորները թափանցող սուր ցուրտը սկսած էր ցոյց տալ իր ժանիքները: Ուխտաւորներուն համար, սակայն, ոչ մէկ բան արգելք կը հանդիսանար կանուխ առաւօտեան իրենց պտոյտին եւ պարսպապատ հին քաղաքին, նախկին հայկական թաղամասերուն մէջ կատարելիք իրենց «պեղումներուն»: Տիգրիս գետի աջ կողմի վրայ կառուցուած քաղաքին պարիսպը, տեղ-տեղ կքած կամ փլած ըլլալով, անցքեր բացուած էին, ուրկէ կարելի էր գետի ափին գտնուող դաշտագետիններու եւ արօտավայրերու հրաշալի տեսարանը վայելել: Պարիսպէն անմիջապէս դուրս` Գարիպ Գասթալ, Սէյրան թեփէ, Ֆարղին, Ալի Բունար եւ շատ մը այլ հայկական բնավայրերը այժմ հայաթափուած են: Հինէն ի վեր պարիսպէն մուտքն ու ելքը արտօնող չորս դռները` Նոր դուռ, Մարտին դուռ, Հալէպ դուռ եւ Խարբերդ կամ Ուրֆա դուռ տակաւին գոյութիւն ունին:

Ս. Սարգիս կիսափուլ եկեղեցին - Տիգրանակերտ

Տեղացի քիւրտ բնակիչները, որոնք իրենց խարխլած բնակարաններէն դուրս ելած են` արեւու ճառագայթներէն օգտուելու, հետաքրքրութեամբ կը դիտեն «նոր տեսակի զբօսաշրջիկները», որոնցմէ շատերը  ծանօթ կը թուին ըլլալ տեղւոյն: Անոնք աչքերով եւ նայուածքով կը հետեւին եւ պատրաստ են բացատրութիւն տալու. «Այո՛, այս է Նոր դուռը եւ ասկէ բաւական մը անդին կայ Մարտին դուռը»: Բնակարաններուն եւ պարիսպին միջեւ լայն բացութիւնը, որ կար անցեալին, տակաւին գոյութիւն ունի: Ասոր նպատակն էր դիւրացնել բերդը պաշտպանող մարտիկներուն շարժումները կամ կանխել ներսէն դաւաճանական արարքներ, պարիսպին որեւէ կերպով վնաս չհասցնելու: Ներկայիս պարիսպին հետ երկարող այս բացատին վրայ, տեղ-տեղ, ցած աթոռակներու վրայ նստած մարդիկ թէյ կը խմեն, տանտիկինները ձմրան պաշարի պատրաստութիւն կը տեսնեն, իսկ մրջիւններու նման վխտացող փոքրիկները, իրենց խաղերը կէս ձգած, կը «հալածեն» այցելուները` «hello»,«hello»-ներով: Զանոնք գոհացնելու ձեւը նուէր մը տալ կամ նկարելն է:

«Մարտին» դրան մօտ թաքսիներ զբօսաշրջիկները կը տանին Տիգրանակերտի տասը աչքանի նշանաւոր կամուրջը: Հոս արդէն կարծէք ժամադրավայր է դուրսէն ժամանող հայերուն:

«Հա՜, դո՞ւք ալ հայ էք», «ուրկէ՞ եկած էք», «ուրա՛խ ենք, ուրա՛խ ենք. կէսօրէ ետք դարձեալ կը հանդիպինք եկեղեցին»:

Հին քաղաքին ներքին, հանելուկային թաղերուն մէջ շատ դիւրութեամբ կարելի է կորսուիլ եւ երկար պտոյտէ մը ետք վերադառնալ սկսուած միեւնոյն կէտին: Ի զուր է տեղացիներուն Ս. Սարգիս եւ Ս. Յովսէփ եկեղեցիներուն մասին հարցնելը: Անոնց միակ ծանօթ քրիստոնէական կրօնատեղին Ս. Կիրակոսն է ներկայիս եւ ամէն ոք պատրաստ է անձամբ ուղեկցելու օտարականներուն մինչեւ եկեղեցի:

Արդէն շաբաթ կէսօրէ ետք է:

Յատուկ եռուզեռ մը կայ Ս. Կիրակոսի մօտիկ փողոցներուն մէջ: Դէպի եկեղեցին տանող քարածածկ ճամբուն վրայ ջուր կը սրսկուի եւ սալայատակի պազալթ սեւ քարերը կը լուացուին: Ճամբուն երկայնքին, երկու կողմերուն գտնուող աթոռակներն ու սեղանիկները, ուր տեղացիներ թէյ կը խմեն օրն ի բուն, դատարկ են: Թէյ խմողները, առ ի յարգանք այցելուներուն, ոտքի կանգնած, իրենց «բարի եկաք»-ներով  կ՛ընդունին ժամանողները: Քաղաքապետութեան ոստիկան-ոստիկանուհիները աչալուրջ կը հսկեն, որպէսզի անախորժ դէպք մը չպատահի:

Բոլոր ուխտաւորներն ալ անխտիր կ՛ունենան նոյնանման արտայայտութիւն մը, երբ կը հասնին Ս. Կիրակոսի անշուք մուտքը:

– Ա՞յս է եկեղեցին:

Ս. Կիրակոս եկեղեցի - Տիգրանակերտ

Մուտքի պատին վրայ զետեղուած մարմարին արձանագրութիւնը կ՛ըսէ.

«Սուրբ Կիրակոս հայոց եկեղեցի, Տիգրանակերտ, 1376»:

– Ժամանակին,- պատմութիւնը կ՛ընդհատէ պր. Մկրտիչ-, էրեք ոտք էրկարութեամբ կտոր մի տախտակ կախուած կ՛ըլլար եկեղեցիին բակին վրայ բացուող պատուհանին մէջ: Ժամկոչը էրկու փայտէ մուրճերով կը զարնէր, որ հաւատացեալները ժամերգութեան կանչէր: Տեսա՞ր այդպէս բան:

–  Չէ՛, այդ տեսակ բան չկար: Հին ժամանակ հայերը կը վախնային եկեղեցիին զանգակը հնչեցնելու` տեղացի մահմետականներուն հանգիստը չխանգարելու եւ անոնց բարկութիւնը չգրգռելու համար: Հիմա Ս. Կիրակոսը զանգակատուն չունի. որոշած են քանդուած հինին տեղ նոր մը շինել անպայման:

Պարոն Մկրտիչ չի գիտեր իր ծննդեան թուականը: Ան կը յիշէ, թէ Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք, մօտ տասը տարեկան հասակին, ծնողները զինք Լիբանան բերած էին: Անգամուան մը համար` 1974-ին, Տիգրանակերտ վերադարձած էր ազգականները տեսնելու: Այդ թուականէն ի վեր լուր չունէր անոնցմէ: Այժմ վստահ է, որ անոնք մահացած ըլլալու են: Իր վկայութեամբ, այցելութեան ժամանակ արդէն իսկ հայերու թիւը զգալիօրէն նուազած էր: ընդհանրապէս երիտասարդները եւ ունեւորները կ՛երթային Պոլիս կամ արտասահման, իսկ տարիքոտները կը մնային հոն, տուն-տեղ պահելու: Եօթանասունական թուականներու վերջաւորութեան քաղաքին մինչեւ մօտ երեսուն առ հարիւրի հասնող հայ բնակչութենէն մնացած էր մօտ տասնեակ մը ընտանիք: Այդ թուականներէն ի վեր Ս. Կիրակոսը լքուած վիճակի մէջ էր` առաստաղը փուլ եկած, պատերը կիսաքանդ եւ իր եօթը խորանները կիսաւեր վիճակի մը մէջ: Կանգուն կը մնային կամարաձեւ սիւները միայն:

2008 թուականին որոշում կը տրուի նորոգելու եկեղեցին: Պոլսոյ պատրիարքութեան, ամերիկաբնակ տիգրանակերտցիներու եւ Տիգրանակերտի քաղաքապետութեան գործակցութեամբ կը ստեղծուի յանձնաժողով մը` իրականացնելու այս դժուար գործը: Ամէն տեսակ նիւթական, օրինական, վարչական եւ այլ խոչընդոտներ յաղթահարելէ ետք, Ս. Կիրակոսի վերաշինութեան համար նուիրուած անհատները հպարտ են, որ կրցած են յաջողութեամբ աւարտել սկսուած աշխատանքը:

Ս. Կիրակոս - Պատարագ - Տիգրանակերտ

Շաբաթ, 22 հոկտեմբեր 2011, Ս. Կիրակոս եկեղեցին ժամադրավայրն է հայ ժողովուրդի զաւակներուն: Եկեղեցիին դռները փակ են մինչեւ օծման ժամը: Քանի մը հազարի հասնող ժողովուրդը եկեղեցիին գաւիթն է, տեւապէս շարժման մէջ. բոլորն ալ ժպտուն են եւ ուրախ, որ ներկայ են այս բացառիկ հանդիսութեան: Մուտքին քաղաքապետութեան կողմէ տրամադրուած զովացուցիչի, սուրճի կամ անուշեղէնի հիւրասիրութիւնը անթերի կերպով կը կատարեն երիտասարդ տեղացիներ: Յուշանուէրներու համար յատկացուած բաժնին մէջ կարելի է գտնել Տիգրանակերտի պատմութեան եւ հին նկարներու հաւաքածոներ, տիգրանակերտցի Մկրտիչ Մարկոսեանի «Կէւուր մահալլէսի» պատմուածքներու գիրքը, Ս. Կիրակոս գրութեամբ թի-շըրթներ, մանկական պատմուածքներ եւ այլ յիշատակի յարմար նուէրներ:

Ներկաներուն խօսակցութիւնը, անակնկալ հանդիպումներու եւ ծանօթացումներու արտայայտութիւնները երաժշտական  քաղցրաձայն ներդաշնակութեամբ մը կը հնչեն գաւիթին մէջ: Հայաստանէն, Ամերիկայէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, եւրոպական երկիրներէն ժամանողները կը պատմեն մինչեւ Տիգրանակերտ իրենց  արկածախնդրական ուղեւորութեան մասին: Ոմանք կը ծրագրեն շարունակել իրենց պտոյտը դէպի Վան, Կարս եւ մինչեւ Անի:

Գաւիթին այս կամ այն բաժնին մէջ ձայնի ալիքաւորումը մերթ ընդ մերթ կը բարձրանայ.  աչքերը կը կեդրոնանան դէպի այդ ուղղութեամբ. ազգականներ զիրար գտած են կամ հին ծանօթութիւն մը վերայայտնուած է:

Պոլսահայերը, որոնք իրենց ներկայութեամբ գերակշիռ թիւ մը կը կազմեն, ընդհանրապէս կը խօսին թրքերէն, սակայն անոնց ջերմեռանդութիւնը, մանաւանդ եկեղեցիներու վերաբացման աշխատանքին մէջ իրենց ներդրումը անվիճելի է: Ահաւասիկ, մօտիկ գտնուող պոլսահայ պարոն մը կը բացատրէ Հալէպէն ժամանած երիտասարդի մը, թէ որքա՛ն կարեւոր է եկեղեցիներու վերատիրացման աշխատանքը Հայ դատի հետապնդման համար: Ան կ՛այպանէ անցեալ տարուան Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցիի բացման առթիւ կարգ մը հայերու անտարբերութիւնը: Եկեղեցիին վրայ խաչին չդրուիլը անընդունելի պատրուակ մըն էր ներկայ չգտնուելու եւ տէր չկանգնելու մեր «գանձին». այս արդէն  դաւաճանութեան համազօր արարք մըն էր` ըստ իրեն:

Ներկայ գտնուողներուն մտքերը կ՛ամփոփուին հետեւեալ եռանդուն արտայայտութամբ.

Ս. Յովսէփ կաթողիկէ եկեղեցին - Տիգրանակերտ

«Լա՛ւ որ եկանք. ան որ այստեղ չէ, մեծ բան մը կորսնցուցած է կեանքին մէջ»:

Իրենց հագուստով ու տեսքով աչքի զարնող քիւրտեր կը խառնուին բազմութեան եւ կը բացայայտեն իրենց հայկական ինքնութիւնը: Կան նաեւ զազաներ, ընդհանրապէս` Բիւրակնի (Պինկէօլ) շրջանէն, որոնք յստակօրէն կը յայտնեն իրենց նախնիներուն հայկական ծագում ունեցած ըլլալը:

Եկեղեցիին օծման արարողութիւնը յուզիչ էր եւ խորհրդաւոր: Մայրամուտին եկեղեցիին տասնեակ մը պատուհանները բաւարար չափով լոյս չէին թափանցեր ներս, իսկ բարձր առաստաղէն կախուած ելեկտրական լամբերը աղօտ լոյս մը կը սփռէին: Խորանները մէկ առ մէկ օծուեցան եւ մոմերով լուսաւորուեցան` ստեղծելով այն տպաւորութիւնը, թէ երկինքէն լոյս մը կ՛իջնէր անոնց վրայ: Հազարաւոր նկարչական գործիքներ, ձեռքերու վրայ բարձրացուած, «կը լափէին» իւրաքանչիւր տեսարան: Օծումէն եւ երեկոյեան ժամերգութենէն ետք Ս. Կիրակոսը պաշտօնապէս դարձաւ «գործող» եկեղեցի, ուր կարելի էր պարբերաբար սուրբ պատարագ մատուցել:

Կիրակի օրուան պատարագը, պատմական ըլլալէ աւելի, իւրայատուկ էր: Եկեղեցւոյ սեւ պազալթ քարերը, ծակտիկներով պատուած, մարդկային հպում չէին ունեցած, եկեղեցական երգեցողութեան ալիքներ չէին ստացած, խունկի անուշ հոտը չէին ներմուծած երկա՜ր ժամանակէ ի վեր: Հաւատացեալներ, երկիւղածութեամբ ծունկի եկած, հաղորդակցութեան մէջ կը թուէին ըլլալ Աստուծոյ հետ` խնդրելով իրենց ուխտին ընդունելի ըլլալը: Հաւաքական խոստովանանք կատարուեցաւ եւ սուրբ հաղորդութիւն տրուեցաւ ներկաներուն, իսկ ի վերին Երուսաղէմ մեկնողներու հոգիին համար հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ: Արարողութեան ամբողջ տեւողութեան ներկայ գտնուեցան Տիգրանակերտ քաղաքի եւ բերդաքաղաքի քաղաքապետերը, հանրածանօթ քաղաքական եւ կրօնական օտար հիւրեր եւ անհատ քիւրտեր, որոնք վստահաբար ապրեցան իրենց առօրեայէն շատ տարբեր փորձառութիւն մը: Անոնցմէ շատեր իրենց աչքերը կեդրոնացուցած էին վերնատան վրայ, ուրկէ կու գար Պոլսոյ «Վարդանանց» երգչախումբի շարականներուն դիւթիչ քառաձայն երգեցողութիւնը: Օրուան իր պատգամին մէջ պատրիարքական փոխանորդ Արամ Աթէշեան, հրապարակաւ յայտնեց, թէ պիտի հետեւէր ծանրօրէն հիւանդ պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանի տեսլապաշտ ծրագրին` վերանորոգելու եւ սուրբ խաչը տեղադրելու Թուրքիոյ տարածքին բոլոր հայկական եկեղեցիներուն վրայ:

                                     ***

Աւետարանական եկեղեցի - Տիգրանակերտ

Պատարագը վերջ գտած է: Ժողովուրդը չ՛ուզեր բաժնուիլ իրեն հարազատ դարձած եկեղեցիէն: Դարձեալ տեղւոյն քաղաքապետութեան կողմէ ճաշ եւ զովացուցիչ կը բաժնուի ներկաներուն: Հոս-հոն յիշատակի նկարներ կ՛առնուին` վերստին տեսնուելու բաղձանքով եւ խոստումներով: Մարդամօտ եւ հեզ նկարագրով Տիգրանակերտի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիրը պատրաստ է ծանօթանալու եւ յիշատակի համար նկարուելու բոլորին հետ: Անդին` Տիգրանակերտի պատուոյ քաղաքացի Մկրտիչ Մարկոսեանը կը մակագրէ իր «Կէւուր մահալլէսի» հանրածանօթ պատմուածքներու հաւաքածոն` հայ գիրքի սիրահարներուն համար:

Պատմական շաբաթավերջէ մը ետք կարելի է ըսել, թէ Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցիին վերաբացումը վարակիչ օրինակ պիտի ծառայէ Թուրքիոյ մէջ «գործող» եկեղեցիներու թիւը բազմացնելու` վերադարձնելով զանոնք իսկական տէրերուն` հայութեան: Շատերուս մտքին մէջ կայ հարցում մը, թէ արդեօք ո՞ր եկեղեցին պիտի ըլլայ հաւանական յաջորդը. Հրանդ Տինքի ծննդավայր Մալաթիոյ եկեղեցի՞ն արդեօք:

Մարտահրաւէրը սակայն մեծ է. հայութիւնը պիտի կարենա՞յ բաց պահել վերանորոգուած եւ  «վերադարձուած» եկեղեցիները:

Միեւնոյն մտահոգութիւնը կը փոխանցէ նաեւ քաղաքապետ Օսման Պայտեմիրը` մտերմաբար յայտնելով, թէ` «Դժուար չէր վերանորոգել եկեղեցին, սակայն եթէ չգաք եւ չպահէք զայն ձեր տան նման, կարելի պիտի չըլլայ գործուն վիճակի մը մէջ պահել Ս. Կիրակոսը»:

***

– Լա՛ւ, տղա՛ք, կ՛ուզէ՞ք երթալ եւ հայկական մնացեալ աղօթավայրերն ալ տեսնել:

Կիրոն, Մանուկը, Մարին, Րաֆֆին եւ Կրեկուարը խանդավառ են: Ս. Կիրակոսէն քանի մը փողոց անդին ջուլհականոցի վերածուած աւետարանական ժողովարանն է: Կիրակի, ոչ աշխատանքային օր ըլլալուն համար, եկեղեցին փակ է: Շատ կը խնդրուի պահակէն, որպէսզի բանայ դուռը, սակայն` անօգուտ. կղպանքին բանալին իր քովը չէ:

Քանի մը քայլ անդին կաթողիկէ Ս. Յովսէփ եկեղեցին է: Կամարաձեւ սիւները, գործածուած սեւ պազալթ քարը, առանց գմբէթի առաստաղը յար եւ նման են Ս. Կիրակոսի կառոյցին, սակայն եկեղեցին աւելի փոքր է: Նորոգութեան աշխատանքները գրեթէ ամբողջացած են եւ սրբատեղին պատրաստ է վերաբացուելու:  Աշխատաւոր տղաք մաքրութեան եւ նորոգութեան վերջին մանրամասնութիւններով զբաղած են: Փոխանցուած տեղեկութիւնը սակայն, կը շշմեցնէ այցելուները. աղօթատեղին շատ հաւանաբար որպէս թանգարան ծառայէ:

– Անկարելի՛ բան է:

– Չե՛նք արտօներ այդ տեսակ որոշում մը:

– Եկեղեցին մե՛րն է, ուրիշին չենք յանձներ զայն:

Քար լռութիւն կտրած` Ս. Յովսէփը հրճուանքով մտիկ կ՛ընէ ընդվզումի արտայայտութիւնները եւ կը ցանկայ արժանի ըլլալ օծման եւ վերաբացումի, «մեծ քրոջ»` Ս. Կիրակոսի օրինակով:

***

– Պարո՛ն Մկրտիչ, Ս. Կիրակոս եկեղեցիին պատմութիւնը վերջացուցի:

Ներկայ չէր կարծես շատախօս Մկրտիչը. ծանր քար մը նստած էր լեզուին վրայ եւ խորունկ  կը հառաչէ միայն:

Տիգրանակերտցի Մկրտիչին աչքերէն երկու մեծ կաթիլներ  սահեցան վար: Մէկը` հայրենի կարօտակէզ յիշատակներուն համար, իսկ միւսը` Ս. Կիրակոս եկեղեցիի բացումին ներկայ գտնուած չըլլալուն:

29 հոկտեմբեր, 2011

Share this Article
CATEGORIES