ՌՈՒՍԻԱ ԿԸ ՋԱՆԱՅ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵԼ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՌԱՏԻՈՏԵՂԱԿԱՅԱՆՔԻ ՎԱՐՁՈՒՄԸ ՄԻՆՉԵՒ 2025
Ըստ Ռիա-Նովսթի լրատու գործակալութեան, Ռուսիա եւ Ազրպէյճան պատրաստ են ստորագրելու համաձայնագիր մը` երկարաձգելու համար «Կապալա» ռատիոտեղակայանքի վարձումը մինչեւ 2025 թուականը:
Հինգշաբթի, 18 նոյեմբերին, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Անաթոլի Սերտիւքով եւ իր ազերի պաշտօնակիցը` զօրավար Սաֆար Ապիեւ քննարկեցին երկարաձգելու համաձայնութեան պատրաստութիւնները: Անոնք այս հարցին մասին խօսեցան ԱՊՀ-ի պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի 61-րդ ժողովի ընթացքին:
«Կողմերը համաձայնեցան արագացնել իրենց աշխատանքները` նպատակ ունենալով ամէնէն կարճ
ժամանակամիջոցին պատրաստել այս նիւթին հետ առնչուած պաշտօնական համաձայնագիր մը` Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ», նշեց փոխգնդապետ Իրինա Քովալչուք, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարի լրատուութեան քարտուղարուհին:
Ռատիոտեղակայանքը, որ զետեղուած է մայրաքաղաք Պաքուէն 120 քմ հեռու, Մինչեկոր աւանին մէջ, վարձու տրուած էր Ռուսիոյ, 10 տարուան ժամանակաշրջանի համար, 2002-ին: Ժամկէտը իր աւարտին կը հասնի 24 դեկտեմբեր 2012-ին:
Ներկայ համաձայնութեամբ Ռուսիա «Կապալա»-ին վարձքին համար տարեկան 7 միլիոն ամերիկեան տոլար կը վճարէ Ազրպէյճանի:
Ըստ տարբեր աղբիւրներու, նոր համաձայնութեամբ, Պաքու կը պնդէ աւելի բարձր վարձք, շրջանի կենսոլորտային վնասներու հատուցում եւ աւելի ընդարձակ գործելադաշտ` ազրպէյճանցի քաղաքացիներուն, որոնք կ՛աշխատին ռատիոտեղակայանքին մէջ:
«Կապալա»-ն, որ նաեւ ճանչցուած է որպէս Տարեալ տեղեկութիւն եւ վերլուծական կեդրոն, շատ կարեւոր խարիսխ մըն է ռուսական հակահրթիռային պաշտպանութեան շղթային մէջ:
Ռատիոտեղակայանքը գործի դրուած է 1985-ին: Ռուսիա կ՛ըսէ, թէ իր 6000 քմ հասողութեամբ հզօրագոյնն է շրջանին մէջ եւ կրնայ «բռնել» որեւէ հրթիռային արձակում` Ասիոյ, Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի շրջաններու մեծամասնութեան մէջ:



