ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ՄՏԱԾԷ ԳՆԵԼ ՓԱՔԻՍՏԱՆԱԿԱՆ- ՉԻՆԱԿԱՆ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ԻՆՔՆԱՄՈՒՂ ՕԴԱՆԱՒԵՐ

«Ճի. Էֆ-17 Թանտըր»

Ըստ Նիւզ. ազ-ի, Փաքիստանեան կողմը կը յայտարարէ, թէ Ազրպէյճան հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ գնելու «Ճի. Էֆ-17 Թանտըր» ռազմական օդանաւներ, որոնք Փաքիստանի եւ Չինաստանի միացեալ արտադրութիւն են:

Փաքիստանի օդանաւորդութեան կեդրոնը (ՓՕԿ), որ արտադրակից է ռազմական օդանաւին, Ազրպէյճանի պետական լրատուական գործակալութեան փոխանցեց, որ Պաքուն այդ հետաքրքրութիւնը ցուցաբերեց Տուպայի մէջ օդանաւերու ցուցահանդէսին, 2011-ին:

Ազրպէյճանական պատուիրակութեան անդամները դիտեցին «Ճի. Էֆ-17»-ին ցուցադրական թռիչքները Տուպայի մէջ, ըսին փաքիստանցի պաշտօնատարները:

Անոնք նաեւ աւելցուցին, որ զանազան քննարկումներ տեղի ունեցած են ազրպէյճանական կողմին հետ, բայց այդ խօսակցութիւնները տակաւին չեն հասած գնելու եւ ծախելու վերջնական փուլին: Սակայն նշանակուած է ապսպրանքին նախնական քանակը:

Ներկայիս ՓՕԿ-ը կ՛աշխատի ամբողջացնելու Փաքիստանի օդուժին ապսպրանքը եւ կրնայ Ազրպէյճանի ապսպրանքը ապահովել յառաջիկայ քանի մը տարիներուն:

«Ճի. Էֆ.-17 Թանտըր»-ը ունի նոյն կամ քիչ մը աւելի լաւ յատկութիւններ, քան` ազրպէյճանական զինեալ ուժերուն ներկայիս գործածած ռուսական ՄԻԿ-29-երը:

Ըստ Փաքիստանի հաստատութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն, Ազրպէյճան եւ Փաքիստան կը վայելեն բարձր մակարդակի վրայ գտնուող յարաբերութիւններ, որովհետեւ «Իսլամապատ նեցուկ կը կանգնի Պաքուի կեցուածքներուն եւ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան: Առաջին իսկ օրէն Փաքիստան ռազմական յատկացումներով օժանդակութիւն ցուցաբերած է Ազրպէյճանի: Նկատի առնելով այդ սերտ յարաբերութիւնները, հարցեր պիտի չծագին Ազրպէյճանի օդանաւեր ծախելու խնդիրով»:

«Ճի. Էֆ.-17 Թանտըր»-ի երկրորդ եւ աւելի արդիական տարբերակ մը նախագծման ընթացքի մէջ է եւ պիտի ունենայ ամէնէն արդիական ելեկտրոնային սարքաւորումներ, եւ յաւելեալ զէնքերը:

Երկու օդաչուի տարբերակն ալ նոյնպէս արդիականացման մէջ է:

«Ճի. Էֆ-17 Թանտըր»ի երկայնքը 14.97 մեթր է, կրնայ թռչիլ առաւելագոյնը 12,474 քկ. ծանրութեամբ, առաւելագոյն արագութիւնն է 1,909 քմ /ժամ, իսկ հարուածելու շառաւիղը` 1,352 քմ:

Օդանաւը կրնայ գործածել հետեւեալ զինատեսակները.

  • 1 հատ 23 մմ. զոյգ փոզանի թնդանօթ
  • 4 հատ օդէ օդ արձակուող հրթիռ
  • 1 հատ օդէ ցամաք հրթիռ
  • Ընդհանուր գործածութեան ռումբեր
  • Լէյզըրով առաջնորդուող ռումբեր
  • «Մաթրա տուրանտալ» հակաէջուղի ռումբը
  • Եւ հակահրասայլային տարանջատուող ռումբեր
Share this Article
CATEGORIES