ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԳԱՐՆԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԼԻԿԱՅԻՆ ՄԷՋ

Տարիներէ ի վեր Արաբական լիկան եղած է արաբ մենատէրներու եւ բռնակալներու յարմարաւէտ ակումբը:

Նախարարական ժողովին հետեւեցաւ վեհաժողով, արտակարգ վեհաժողով, բոլորն ալ ոչ մէկ ակնյայտ ազդեցութիւն ունեցան տագնապահար շրջանի սովորական արաբներու կեանքերուն վրայ:

Իսկ Արաբական լիկայի կեդրոնատեղին հազիւ քանի մը հարիւր մեթր հեռաւորութեան վրայ է Գահիրէի Ազատագրութեան հրապարակէն:

Եւ ազդեցութիւնը այդտեղի բողոքներուն, որոնք տապալած են երկրի նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքը, տակաւին կ՛արձագանգեն լիկայի մարմարեայ դահլիճներուն մէջ:

Արաբական լիկան մարտին ի նպաստ քուէարկեց Լիպիոյ վերեւ թռիչքի արգիլեալ գօտի հաստատելու գաղափարին:

Այդ քայլը անմիջապէս եւ ուղղակի յանգեցուց ՄԱԿ-ի բանաձեւի մը եւ ՕԹԱՆ-ի հետագայ միջամտութեան: Առանց Արաբական լիկայի քուէին` ատիկա անկարելի կ՛ըլլար:

Այժմ գրեթէ նոյնքան կտրուկ քայլով մը լիկան քուէարկած է Սուրիոյ անդամակցութիւնը առկախելու` իբրեւ պատասխան երկրին մէջ շարունակուող վայրագութեանց:

Ատիկա կը նշանակէ, որ արաբական ազգայնականութեան չափանիշը կրողներէն մէկը` Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւնը, այժմ դուրս մնացած է այն մարմինէն, որ հաւատարիմ, յանձնառու է արաբական միասնականութեան:

Սուրիական ընդդիմութեան անդամները (այնպիսի գործիչներ, զորս Արաբական լիկան տարիներ շարունակ երջանիկ եղաւ անտեսելու կամ ճնշելու), հրաւիրուած են Արաբական լիկայի կեդրոնատեղին, որպէսզի լիկան անոնց օգնէ` ջանքերու համակարգումին համար:

Այս բոլորը առաջ չեն մղուիր աւանդական արաբ ղեկավար Եգիպտոսի կողմէ, այլ` փոքրիկ Քաթարի, որուն վարչապետը Սուրիայով զբաղող նախարարական յանձնախումբի ատենապետն է:

Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայէն բխող կարծր գիծը Սուրիոյ նկատմամբ կը հաւասարի դրացի Սէուտական Արաբիոյ կարծր դիրքորոշումին:

Միջին Արեւելքի դիւանագիտական քարտէսը կը վերագծուի նոյնքան արագ, որքան կառավարութիւններն ու վարչակարգերը կը տապալին:

Սուրիոյ անմիջական հակադարձութիւնը եղաւ յարձակիլ Արաբական լիկայի վրայ` իբրեւ Միացեալ Նահանգներու գործիքի մը:

Ասիկա հեգնական յարձակում մըն է մարմինի մը դէմ, որ այնքան երկար ատեն բուռն թշնամին եղած է շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու ամէնէն մեծ դաշնակիցին` Իսրայէլի պետութեան:

Իրականութեան մէջ աւելի բարդ ուժական խաղ մը կը խաղցուի:

ՔԱԹԱՐԻ ՊԱՀԸ

Շրջանին մէջ իրարանցումէն օգտուելով` Քաթար կ՛աշխատի գրաւել իր ղեկավարութեան պահը:

Այլ կառավարութիւններ խորապէս կը գիտակցին, որ իրենց սեփական գոյատեւումը շուտով կրնայ վտանգուիլ, գրաւի դրուիլ:

Նոյնիսկ Սէուտական Արաբիա, ուր այլ վայրերու մէջ տեսնուած ցոյցերը տեղի չունեցան, խորապէս մտահոգ է ապստամբութեան` թագաւորութեան մէջ տարածումի վտանգէն:

Եւ ասիկա միայն սկիզբն է փոփոխութեան:

Եթէ Պաշշար Ասատ կորսնցնէ Սուրիոյ նախագահութիւնը, ինչպէս գրեթէ իր բոլոր արաբ դրացիները կը հաւատան, որ այդպէս պիտի պատահի, Իրան արաբական աշխարհին մէջ իր հիմնական յենակէտը պիտի կորսնցնէ:

Այլ արաբ երկիրներ ստիպուած պիտի ըլլան որոշելու, թէ կ՛ուզե՞ն քայլ առնել եւ օժանդակել Հզպալլայի եւ Համասի:

Նոր կառավարութիւնները, որոնք յառաջացան Թունուզի, Լիպիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ, սկսած են փոխել հաւասարակշռութիւնը Արաբական լիկային մէջ:

Երբ անոնք նուաճեն ժողովրդավարական օրինականութիւն, եւ եթէ այլ վայրերու մէջ յեղափոխութիւնները յաջողին, լիկային ուժականութիւնը նոյնիսկ աւելի պիտի փոխուի:

Մեկնաբաններ տարիներ ըսած են, որ լիկան չի կրնար համաձայնիլ գործելու, որովհետեւ պառակտուած է:

Այժմ, տեսականօրէն, լիկան շատ աւելի պառակտուած պէտք է ըլլայ ժողովրդավարութիւններու եւ արաբական մենատիրութիւններու:

Սակայն, զարմանալիօէն, վերջին ամիսներուն լիկան իր 66 տարուան պատմութեան մէջ 2 ամէնէն վճռական քայլերը առած է:

ՃՈՆ ԼԷՅՆ

«Պի. Պի. Սի.»

Share this Article
CATEGORIES