ՀՅԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 121-ԱՄԵԱԿ. ՄԵՐ ԿՈՂՄՆԱՑՈՅՑԻՆ ԵՐԱՆԳԱՊՆԱԿԸ (ՈՒՐՈՒԱԳԾՈՒՄՆԵՐ) Ա.

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Վերյիշեցման կարգով եւ առանց բարդոյթի երբեմն հարկ է յստակացնել`, ընդդիմադիր կամ հակառակորդ կողմերու, այն կենսական եւ իւրովի աշխարհահայեացքը, որ կը վերաբերի ՀՅԴաշնակցութեան, անոր պատմութեան, գաղափարախօսութեան, աւանդներուն եւ մասնաւորաբար` դաւանանքին, որ էապէս խարսխուած է ազգային արժէքներու վրայ եւ ինքզինք սնուցած`  ատոնց ծառայութեամբ եւ զոհաբերումով:

Այնուամենայնիւ, դաշնակցական աւանդապահ կեցուածքի, կամքի, նուիրաբերումի եւ ազգային գիտակցական մտածումին, յաճախ մենք զմեզ պարտադրուած կը զգանք վերադառնալու նոյնինքն պատմութեան, որպէսզի անգամ մը եւս ընդգծելի դարձնենք այն լուսաշող իրողութիւնը, թէ դաշնակցական կեանքի, կենսափորձի, անօրինակ սխրանքներու, արիութեան ու ազգակերտ գաղափարականին առանցքը դաշնակցական կանոնագրային սկզբունքներն ու ծրագրային առաջադրանքներն են, որոնք տարուէ տարի ենթարկուած են վերանայման, վերամշակման եւ առաւել բիւրեղացումի:

Փաստօրէն, 121ամեայ իր կենդանութեամբ, աշխատանքով եւ իրերայաջորդ Ընդհանուր ժողովներու կայացմամբ, արդէն իսկ դաշնակցական միտքն ու հաւատամքը զարնուած է բազմերանգ փորձաքարերու եւ յանգած յարմարաւէտ եզրակացութիւններու` տուեալ ժամանակի թէ յառաջիկայ տասնամեակներու մէջ իր որդեգրելիք քաղաքական ուղղութիւններուն, կազմակերպական կեանքի աշխուժացման եւ համազգային մասշտապով տարուելիք գործունէութեան գծով:

Այս բոլորին նշումը կը կատարենք պարզապէս տեսաբանական հայեացքներու ամբողջ պաստառը մատնանշելէ ետք, անցնելու այն պատուանդին, որ կը վերաբերի ՀՅԴաշնակցութեան գործունէութեան, իր ծաւալուն երեսով եւ բազմակողմանի հանգրուաններով, յաջողութիւններու եւ տեղատուութիւններու հարթակովն իսկ, բայց մանաւանդ` իրերայաջորդ սերունդներու մասնակցութեան եւ գաղափարանուէր ներդրումին տարողութեան:

Իրօք, հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան մէջ իր ունեցած անառարկելի դերակատարութեան առընթեր, դաշնակցական գրականութեամբ  փոխանցուած  քաղաքական-գաղափարախօսական կենսափորձերն ու աշխարհահայեացքային ընկալումները, աւելի՛ն. ազնուարիւն հայորդիներու արեամբ ջրդեղուած հերոսագրութեան փայլքը, տակաւին, Միացեալ Հայաստանի անկախութեան եւ ազատութեան անհպելի տեսլականն ու ազատագրական պայքարի իր դաւանանքը բաւարար ազդակներ են միանգամընդմիշտ բացայայտելու ընդդիմադիր կամ հակառակորդ մարդոց սին եւ ապաշնորհ վարքագիծերն ու գործելաոճերը, որոնք պատեհապաշտ եւ  աղմկարար իրենց դիմագիծով, յաճախ կը նկրտին խծբծել դաշնակցական ամէն  նուիրական արժէք եւ գաղափարական հասկացողութիւն:

Անցնինք:

Հայ ժողովուրդի ժամանակակից կեանքի ամէնէն ուշագրաւ քաղաքական եղելոյթը հանդիսացաւ անոր գոյութենական պայքարի մէկ արարը` վերանկախացումը, որ դաշնակցական մտքին ու գործունէութեան համար դարձաւ կիզակէտ եւ ծառայութեան դաշտ, այլապէս հայրենիքին օժանդակելու եւ ազգային-ազատագրական պայքարի տեսլականին հրայրքը մատուցելու պատրաստակամութենէ թելադրուած:

Յայտնապէս, Արցախի պանծալի սխրանքներուն իր ունեցած եզակի ներդրումով, աշխարհաքաղաքական ստեղծուած ներկայ պայմաններու թոհուբոհին մէջ, ինչպէս նաեւ` ազգային-պետական կեանքի տարբեր ոլորտներու իր մասնակցութեամբ, ՀՅԴաշնակցութեան համար կը բացուէր աշխատանքի նոր հորիզոն, քաղաքական, գաղափարախօսական, կազմակերպական եւ ազգային իր յանձնառութիւններուն տեսականին մատակարարելու, այս անգամ հայրենիքի պետականութեան ամրակայումին, ժողովուրդի անվտանգութեան, բարօրութեան եւ բարգաւաճումին ի խնդիր:

Եւ հոս է, որ կը ստեղծուէր քաղաքական կողմնորոշումներու եւ գաղափարախօսական բախումներու դաշտ մը, հայրենիքին մէջ նորայայտ քաղաքական ուժերու թէ հոսանքներու դէմ յանդիման, շատ անգամ թշնամական վերաբերումի արժանանալով եւ տխեղծ ընկալումներու իբրեւ հետեւանք:

Յամենայնդէպս, նման ամուլ արշաւներու եւ ցարդ տարուող նողկալի մտմտուքներու հանդէպ, դաշնակցական մտքին ու կամքին համար կը մնայ աւելի կառչիլ ՀՅԴ Կանոնագրին եւ Ծրագիրին, եւ անշեղ կերպով լծուիլ նուիրական արժէքներու պաշտպանութեան եւ բիւրեղացումին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES