«ԱՐՑԱԽ ՖՈՆՏ»-ԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ. ՆԱԽԱԶԳՈՒՇԱԿԱՆ ԲԺՇԿՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ` ՔԱՇԱԹԱՂԻ 50 ՇՐՋԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

Մ. Մահսերեճեան

Արցախ գործուղման, Քաշաթաղի վերաբնակեցման եւ Արցախի մէջ գործադրուող «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրին կողքին, անցեալ սեպտեմբերին «Արցախ Ֆոնտ»-ին կողմէ գործադրուեցաւ

այլ ծրագիր մը, որուն նպատակն էր  այցելել ազատագրուած տարածքներուն գրեթէ բոլոր գիւղերը, անոնց տրամադրել նախազգուշական բժշկութեան վերաբերող դասախօսութիւններ, ինչպէս նաեւ` իմանալ անոնց առողջապահական հիմնահարցերը:

Նշենք, որ այս տարուան ընթացքին գործադրուած ծրագիրը մաս կը կազմէ «Արցախ Ֆոնտ»-ին կողմէ անցեալ տարուան ընթացքին իրականացած մէկ նուաճումին, որուն շրջագիծին մէջ, Քաշաթաղի գրեթէ բոլոր շրջաններուն յատկացուած էին դեղեր եւ բժշկական որոշ սարքեր պարունակող 50 արկղեր:

Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Քաշաթաղ գործուղուած հայուհի Մարալ Մահսերեճեանի հետ, որ տարալուծարանային գիտութեանց մասնագէտ է եւ 22 տարուան փորձառութիւն ունի նախնական դարմանումի եւ շտապ բուժօգնութեան մարզին մէջ:

Մ. Մահսերեճեան նշեց, որ «Արցախ ֆոնտ»-ին նախորդ տարուան փորձառութեան եւ Քաշաթաղի տարբեր շրջաններուն մէջ տիրող առողջապահական հարցերուն եւ հիմնական մտահոգութիւններուն վրայ հիմնուելով` կարելի եղաւ այս տարուան ընթացքին նախազգուշական բժշկութեան դասախօսական շարքով մը զինուած` ուղղուիլ Արցախ եւ անոր բնակչութեան տրամադրել դասախօսական այդ նիւթերը:

Գետամէջի մէջ դասախօսութիւն` շրջանի բնակչութեան հետ:

Մ. Մահսերեճեան յայտնեց, որ այս ծրագիրը յաջողեցնելու համար «Արցախ ֆոնտ»-ը օգտուած է ԼՕԽ-ի կողմէ կազմակերպուած նախազգուշական բժշկութեան դասախօսութիւններէն, ինչպէս նաեւ ստացած է Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի առողջապահական բաժանմունքին կողմէ տրամադրուած դասախօսական շարք մը, որոնք փոխանցուեցան Քաշաթաղի  բնակչութեան: Ան աւելցուց, որ այս ծրագիրին յաջողութեան մէջ իրենց ներդրումը ունեցան ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը, Հայ բժիշկներու միութիւնը եւ Հայ ատամնաբուժներու միութիւնը:

«Այս անգամ, սակայն, մեր աշխատանքը ստացած էր տարբեր բնոյթ: Այսինքն անցեալ տարուան նման մեր յարաբերութիւնը միայն բուժքոյրերուն եւ գիւղապետերուն հետ չէր, այլ` ուղղակի ժողովուրդին, որոնց հետ հանդիպումներ տեղի ունեցան եւ նախազգուշական բժշկութեան որոշ տեղեկութիւններ փոխանցելէ ետք, անոնց յանձնուեցաւ պատրաստուած դասախօսական շարքերէն օրինակներ: Բարեբախտաբար Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի առողջապահական բաժանմունքին պատրաստած նախազգուշական բժշկութեան վերաբերող նիւթերը արեւելահայերէնով էին», ըսաւ ան:

Դասախօսական նիւթերու ստանձնում` Ալաշկերտի մէջ:

Մ. Մահսերեճեան յայտնեց, որ Քաշաթաղի բնակչութեան դիմագրաւած առողջական հիմնական հարցերն են` արեան գերճնշումը, շաքարախտը, յօդացաւերը, տարբեր եղանակներու յատուկ գերզգայնութիւններ, ջրոտ վէրքեր, քերւըտուք, ինչպէս նաեւ օձերու խայթոցներու հարցը, որ հիմնականին մէջ տարածուած է Քաշաթաղի հարաւային շրջանին մէջ:

«Այս մտահոգութիւններէ մեկնելով` մենք կրցանք պատրաստել դասախօսական նիւթեր, որոնք ներառեցին առողջ սննդականոնը, գերճնշումի կանխարգիլումը, շաքարախտի մասին տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ` 13 այլ նիւթեր, որոնք տրամադրուեցան Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի առողջապահական բաժանմունքին կողմէ», նշեց ան:

Մ. Մահսերեճեան դիտել տուաւ, որ ամբողջ Քաշաթաղին մէջ կայ երեք հիւանդանոց, որոնք կը գտնուին Բերձորի, Կովսականի եւ Իշխանաձորի մէջ: Ան ըսաւ, որ Իշխանաձորի մէջ գտնուող «հիւանդանոց»-ը դարմանատուն կարելի է կոչել, որովհետեւ ան հիւանդ պահելու կարելիութիւնը չունի եւ կը գործէ դարմանատան սկզբունքով: «Կովսականի պարագային, կարելի է ըսել, որ «հիւանդանոց» կոչուած կառոյցը անմիջական բուժօգնութեան կեդրոն է, որ բժշկական ամէն տեսակ կարելիութիւն, որոնց կողքին նաեւ տարրալուծարան չունի: Այս պարագային, ծանր հիւանդները կը փոխադրուին Կապան` Հայաստան, նկատի ունենալով, որ Կապանը աւելի մօտ է (35 քմ), քան` մայրաքաղաք Ստեփանակերտը, որ 140 քմ հեռու է», աւելցուց ան:

Մ. Մահսերեճեան նշեց, որ հիւսիսային Քաշաթաղի մէջ ո՛չ դարմանատուն, ո՛չ բուժկէտ եւ ո՛չ ալ բուժօգնութեան կեդրոն գոյութիւն ունի:

Քաշաթաղի բնակչութեան դիմագրաւած հարցերուն մասին խօսելով` Մ. Մահսերեճեան շեշտեց, որ հիմնահարցերէն մէկը ջրամատակարարման հարցն է, աւելցնելով, որ չկայ ջուր մատակարարելու սարքաւորում եւ քաշաթաղցին ստիպուած կ՛ըլլայ ինք իր ձեռքով կրելու ջուրը` գետէն, որուն երբեմն խառնուած կ՛ըլլայ կոյուղիներու ջուրը:

«Իսկ ըմպելի ջուրի պարագային, կայ մետաղներու, մանրէներու եւ աղի համեմատութիւն մը, որ ընդունելի չէ եւ ակռաներու փտում եւ ստամոքսային ցաւեր կը պատճառէ Քաշաթաղի բնակչութեան: Տակաւին կան գիւղեր, որոնք բնաւ ջուր չունին, ինչպէս է պարագան Քարեգահին: Այսինքն, երբ ես կը խօսէի մաքրութեան, սննդականոնի մաքուր օգտագործման, լաւ լուալու եւ լուացուելու անհրաժեշտութեան մասին, բնակիչները կ՛ըսէին. «Նախ ջուր ունենանք եւ ապա…»: Այսինքն իսկապէս մեծ հարց է այդ մէկը: Այս բոլորին կողքին կայ նաեւ այլ հարց մը, որ շրջանին մէջ մնայուն հիւանդապահուհիներ չկան, բժիշկներու կանոնաւոր այցելութիւն չկայ: Տակաւին հսկայ հարց մըն է այն, որ հետեւողական կերպով դեղորայքի կարիքը ունեցող հիւանդներուն կարելի չ՛ըլլար մնայուն կերպով դեղ մատակարարել, ինչ որ լուրջ հետեւանքներ կ՛ունենայ, բարդութիւններ կը ստեղծէ` հասնելով մինչեւ մահ», շեշտեց Մ. Մահսերեճեան:

Երիցվանքի մէջ երկու հանդիպումներ, որոնցմէ մէկուն ընթացքին արական սեռը տիրական ներկայութիւն էր:

Դեղորայքի մատարակարարման մասին խօսելով` Մ Մահսերեճեան յայտնեց, որ Բերձորի հիւանդանոցէն իմացած է, որ եթէ,  օրինակի համար, 1200 շաքարախտաւոր կայ շրջանին մէջ, Արցախի պետութիւնը միայն 650 հիւանդի դեղ կրնայ ապահովել, իսկ այդ դեղերը կը ստանան այն քաղաքացիները, որոնք աւելի շուտ կրցան հասնիլ Բերձոր:

Մ. Մահսերեճեան դիտել տուաւ նաեւ, որ հարաւային եւ հիւսիսային Քաշաթաղի բնակչութեան մէջ կայ մեծ համեմատութիւն մը, որ կը տառապի արեան գերճնշումէ, նշելով, որ այդ մէկը հետեւանք է մեծ քանակութեամբ աղի օգտագործման:

Մ. Մահսերեճեան շեշտեց, որ Քաշաթաղի մէջ բժիշկներու ծառայութեան խիստ կարիք կայ, շեշտելով, որ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն բժիշկներ կրնան տարեկան դրութեամբ ծառայութիւն մատուցել Քաշաթաղի շրջանին մէջ, քանի մը ամիս ծառայելով բնակչութեան:

«Տարիներու վրայ երկարող աշխատանք կայ Քաշաթաղի մէջ: Ոչ ոք թող մտածէ, որ տասը տարիէն կ՛աւարտի այդ աշխատանքը: Քաշաթաղը շէնցնելու եւ ժողովուրդին բարեկեցիկ կեանք մը ապահովելու համար հսկայական աշխատանք կայ ըլլալիք», ըսաւ ան:

Ծիծեռնավանք գիւղին մէջ նախազգուշական բժշկութեան ցուցմունքներ կը տրուին:

Մ. Մահսերեճեան յայտնեց, որ Քաշաթաղի մէջ առաջին անգամ ըլլալով է, որ կը կատարուի նման նախաձեռնութիւն մը, աւելցնելով, որ նախազգուշական այս դասախօսութիւնները կատարելու շրջագիծին մէջ առաջին անգամ ըլլալով է, որ քաշաթաղցիին առիթ ընծայուեցաւ նաեւ իր կարգին արտայայտուելու իր դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ ունեցած մտահոգութիւններուն մասին:

«Քաշաթաղի մէջ կատարուած այս աշխատանքը իսկապէս գնահատուեցաւ շրջանի բնակչութեան կողմէ, որ իր գոհունակութիւնը յայտնեց այն պարզ իրականութեան համար, որ մարդիկ կը հարցնեն իր մասին եւ հետաքրքրուած են իր առողջական ապահովութեամբ», նշեց ան:

Մ. Մահսերեճեան հաստատեց, որ երբ անհատ մը ժողովուրդին հետ ուղղակի յարաբերութեան մէջ ըլլայ, յաւելեալ պարտաւորութիւն եւ պատասխանատուութիւն կը զգայ, աւելցնելով սակայն, որ անձնական նախաձեռնութիւններուն կողքին, նաեւ պէտք է պետութիւնը իր ներդրումը ունենայ այդ աշխատանքներուն մէջ:

Աղանուսն դպրոցին մէջ հանդիպում` գիւղին մէջ ապրող ընտանիքներու ներկայացուցիչներուն հետ:

Մ. Մահսերեճեան եզրափակեց` հաստատելով, որ տարուէ տարի աշխատանքի ծաւալը կը մեծնայ, շեշտելով, որ հարկ է անպայման փոխադարձ գործակցութեամբ կատարել այդ աշխատանքը, որպէսզի կարելի ըլլայ շօշափելի արդիւնքներու յանգիլ:

Ան կոչ ուղղեց լիբանանահայ երիտասարդութեան` իր ներդրումը ունենալու ոչ միայն Քաշաթաղի, այլ Արցախի բնակեցուած բոլոր շրջաններու բարգաւաճման մէջ եւ սատարելու արցախցիին բարօրութեան, որովհետեւ իրենք եւս պիտի զինուին յաւելեալ հայրենասիրութեամբ եւ ազատագրուած հողերուն տէր կանգնելու յաւելեալ նախանձախնդրութեամբ:

 

«ԱՐՑԱԽ ՖՈՆՏ»-Ի ՆԱԽԱԶԳՈՒՇԱԿԱՆ
ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՇԱՐՔԸ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԵՑԱՒ
ԲԵՐՁՈՐԻ ԵՒ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՈՒ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ
ՔԱՇԱԹԱՂԻ ՀԵՏԵՒԵԱԼ ՇՐՋԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ.

Աղանուս, Ծաղկաբերդ, Ձորափ, Հակարի, Վուրգաւան, Ուռեկան, Տիգրանաւան, Այգեկ, Այգեհովիտ, Սառատակ, Իշխանաձոր, Գետամէջ, Աղաւնօ, Ներքին Սուս, Արծուաշէն, Աղաձոր, Երիցվանք, Քարոտան, Հայկազեան, Վան, Մուշ, Ալաշկերտ, Կովսական, Միջնաւան, Հոչանց, Սոնասար, Արուական, Մշենի, Ծիծեռնավանք, Մելիքաշէն, Մոշաթաղ, Միրիկ, Եղնագոմեր, Հակ, Տանձուտ, Դրախտաձոր, Վարդոտ, Նորաշէնիկ, Արտաշաւի, Բերձոր, Դիցմայրի, Վաղազին, Վազգէնաշէն, Արախիշ, Շալուա, Վակունիս, Գողթանիկ, Ղազարապատ, Գանձա եւ Քարեգահ:

Հարցազրոյցը վարեց`
ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES