ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, քանի մը ամիսներու վրայ տեւած աշխատանքէն ետք, հինգշաբթի, 24 նոյեմբեր 2011-ին վաւերացուց հիմնադրութիւնը ՀՄԸՄ-ի Ռաուտայի մասնաճիւղին:
Ուրբաթ, 25 նոյեմբեր 2011-ին, Ռաուտայի ակումբին մէջ գումարուած հիմնադիր ժողովի ընթացքին, Շրջանային վարչութիւնը յայտարարեց ՀՄԸՄ-ի Ռաուտայի մասնաճիւղի նշանակեալ վարչութեան կազմը, որ պիտի տանի նախապատրաստական աշխատանքներ` յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին գումարելու Ընդհանուր անդամական ժողով, յառաջացնելու համար ընտրովի վարչութիւն:
Նշանակեալ վարչութիւնը Շրջանային վարչութեան ներկայութեան ընտրեց իր դիւանը, որուն մաս կը կազմեն` Կիրակոս Գարակէօզեան` ատենապետ, Կարօ Պասմաճեան` քարտուղար, Եսայի Մնասսա` գանձապահ, Սարգիս Յակոբեան եւ Սեդրակ Հաճիմանուկեան:
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կը շնորհաւորէ Ռաուտայի նորաստեղծ մասնաճիւղը, որ կը հանդիսանայ ՀՄԸՄ-ի 10-րդ մասնաճիւղը Լիբանանի մէջ` նոր նշանակեալ վարչութեան մաղթելով ծրագիրներու իրագործում եւ յաջողութիւն:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
25 նոյեմբեր, 2011

