ՀՅ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 121-ԱՄԵԱԿ. ԻՆՔՆԱԲԻՒՐԵՂԱՑՄԱՆ ՊԱՐՏԱԴՐԱ՞ՆՔ (ՈՒՐՈՒԱԳԾՈՒՄՆԵՐ)Գ

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ       

Հաւաքական մեր կեանքին մէջ հազուադէպօրէն կը հանդիպինք խոր ու շինիչ, առարկայական եւ իմաստալից քննադատութիւններու, որոնք եթէ մէկ կողմէ պատիւ կը բերեն արտաբերողին, միւս կողմէ ալ` բարերար ազդեցութիւն կը գործեն հասցէագրուած անհատին կամ շրջապատին վրայ:

Դաշնակցական իրականութեան համար նմանօրինակ արձագանգներ չեն վրիպած, այլապէս ալ քննարկումի արժանացած են տարբեր առիթներով եւ ժամանակներու ընթացքին:

Փաստօրէն, ՀՅԴաշնակցութեան պատմագրութիւնը չէ զլացած իր ժողովուրդին սեփականութիւնը դարձնել այն իրականութիւնները, որոնք կ՛առնչուին տարբեր հանգրուաններու, ժամանակներու եւ դէպքերու, եւ որոնց հիմնական առանցքը ազգային պարունակն է եղած իր բովանդակ տարողութեամբ:

Ի դէպ, արխիւային թէ յուշագրական աշխատութիւններու լոյս ընծայումով արդէն իսկ դաշնակցական մտքին ու գործին վերաբերող պատկառելի գրականութիւն մը սեփականութիւնն է դարձած հայ ընթերցասէր հասարակութեան եւ ակադեմական շրջանակներու:

Սակայն, տարօրինակն ու անըմբռնելին կը հանդիսանան այն հնաբոյր դարձած յանկերգները, որոնք ատենը մէկ կը յայտնուին հայ իրականութեան մէջ, ուր, կրկնութեան գնով եւ զզուանք պատճառող հարթութեամբ, քննարկումի կ՛ենթարկուին այսպէս ասած պատմական դէպքեր ու կեցուածքներ, որոնց նկատմամբ դաշնակցական միտքն ու գրականութիւնը վաղուց տուած է իր պատմակշիռ բացատրութիւնը:

Եթէ երբեք ազգային մեր պատմագրութիւնը իր ակադեմական կշիռով եւ անաչառ մօտեցումով տակաւին չէ ներկայացուցած բազմաթիւ դէպքերու եւ դէմքերու մասին իր եզրայանգումները, ատիկա այլեւս կը վերաբերի ազգային ողջ գիտակցութեան եւ քաղաքական մշակոյթի հասկացողութեան:

Այսուհանդերձ, դաշնակցական փորձառութիւնը մեզի փոխանցած է այնպիսի ճշմարտացի քաղաքական, գաղափարական թէ յեղափոխական հանգանակներ, որոնք պարծանք ենք իրերայաջորդ սերունդներու, հակառակ նաեւ այն դիպաշարերուն թէ գործունէութեանց ուր յաջողութիւններու առընթեր արձանագրուած են  ձախողութիւններ, բացթողումներ, ապիկար մօտեցումներ եւ շատ անգամ իրերամերժ հասկացողութիւններ:

Յայտնապէս, դաշնակցական մտքի ու արարքի իւրայատկութեան առանցքը հանդիսացած է յեղափոխական գործիչի թէ ռազմիկի անձնադրոշմ տիպը, որ կրցած է գագաթներ նուաճել, ազգային մտածողութեամբ հոգեզինել լեռնականները եւ իր օրինակելիութեամբ ներշնչել համեստ ու խոնարհ գիւղացին անգամ:

Այս առումով, յեղափոխական սերունդի պանծալի դէմքեր եւ ներկայացուցչութիւններ նաեւ իրենց հետ բերին մտաւորական մարդու եւ անհատի բարեմասնութիւններ:

Իրօք, քաջարի արարքներու եւ անհաւասար մաքառումներու ամբողջ տեսադաշտին վրայ, անոնց ունեցած իւրաքանչիւրի ներդրումին առընթեր, դաշնակցական ղեկավարի անհատականութիւններ նաեւ ցոյց տուին ներքին համոզումի եւ պատկերացումներու բազմամակարդակ հասկացութիւններ` պատճառ դառնալով դրսեւորման

տարբեր կեցուածքներու, որոնց դէմ յանդիման եկած ու ինքզինք պարտադրած է ՀՅԴաշնակցութեան սկզբունքային հայեցողութիւններն ու կարգապահական տնօրինումները:

Թէեւ քիչ մը արտասովոր, այդուհանդերձ, դաշնակցական իրականութեան համահունչ նման գործընթացներով յատկանշուեցաւ այս կուսակցութիւնը անցեալին, ու ընթացքը կը շարունակէ իբրեւ այդպիսին այսօր նոյն պարունակով, հակառակ ժամանակներու փոփոխութեան:

Փաստօրէն, դաշնակցական միտքն ու գործը իր 121-ամեայ գոյութեամբ  իսկ, նորարար մտածողութեան, վերանորոգումի թէ ինքնաբիւրեղացման պահեր ապրած է, անշուշտ, իւրաքանչիւր սերունդի մտածողութենէն եւ պրիսմակէն թելադրուած, հակառակ շատ անգամ հակոտնեայ կեցուածքներու, այդուհանդերձ, իր գոյութեան ու առաքելութեան ուժն ու կորովը խարսխած է դաշնակցական քաղաքական հասունութեան, գաղափարական լիցքին ու կազմակերպական առողջ վերաբերումին ներքեւ:

Հաւանաբար, շեշտը պէտք է դնել դաշնակցական գործակերպերու որդեգրումին վրայ այնքան, որքան բիւրեղացումի հրաւէրներու բաշխումին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES