ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՆՑ ՏԱՐՕՆԻ, ՄԻ՛ՇՏ ՏԱՐՕՆՈՎ

Խորագրի ընտրութեան մէջ անկասկած տարակարծութիւն կը տեսնուի: Հարկադրաբար պէտք է բացատրեմ խորհրդածութիւններուս պատճառը:

Տիեզերական օրինաչափութիւնը կը սահմանէ, թէ որեւէ առարկայ կամ նիւթ, որ բնութեան կամ անհուն տիեզերքի մէջ է, չ՛անհետանար, չի կորսուիր, չ՛ոչնչացուիր: Անիկա կը կերպարանափոխուի` տարազափոխուի: Օրինակ, եթէ խօսքը ժայռի մասին է, խճաքարի կը վերածուի, աւազի: Եթէ ուժանիւթ է, կը վերածուի տաքութեան, շարժումի: Ջուրը`  շոգիի. եւ այսպէս, բազում նիւթեր իրենց իւրայատկութիւնը կը կորսնցնեն, սակայն կը շարունակեն գոյատեւել տարերային համակարգուած ու շղթայազերծուած օրինաչափութեամբ:

Տարօնին բացակայութիւնը, նոյնանման մեկնակէտով, նման շրջագծին մէջ կը տեղադրուի: Ան այսօր կենդանի շունչ չէ մեր իրականութեան մէջ, սակայն կրնամ հաստատել, որ Տարօնը կը յամենայ մնայուն ներկայութիւն ըլլալ մեր հանրային կեանքին մէջ` այլակերպուած, որպէս ոգեղէն անփոխարինելի ներկայութիւն, որպէս ուղենիշ ազգային անձնդիր ծառայութեան:

Այսօր, երբ մեր մայր գաղութը` Սուրիան, կ՛անցնի քաղաքական-տնտեսական անձուկ պայմաններէ, երբ առօրեայ քաղաքացիական ծանր ու հրատապ իրավիճակներ կը խճողեն համայնքային ու ազգային պատասխանատու մարմիններու օրակարգերը, անպայմա՛ն պահ մը, ակնթարթ մը, տրուելիք որոշումներուն մէջ իր ուղղիչ,  հարստացնող թելադրողականութիւնը պիտի ունենար Տարօնի «կենդանի» եւ խոհական ոճը: Այն ոճը, որուն վերնագիրն է` ճարտարութիւն, խիզախութիւն, վճռակամութիւն, ի շարս անհամար բարեմասնութիւններու:

Սխալած չեն բոլոր անոնք, որոնք Տարօնին մէջ կը տեսնէին գաղութային-ազգային դիւանագիտութեան անմրցելի ճարտարապետը, մակնիշը` արթուն քաղաքական գործիչի: Ճիշդ այս ստորոգելիներուն համար իր անմիջական ընկերները զինք կը կանչէին «ՄԱՏՐԱՍԷ»` դպրոց:

Անձնաւորութեան մը մակդիրը խտացուած արտայայտութիւնը կ՛ըլլայ իր նկարագրային եւ կենցաղային գծերուն: Իրաւացի են բոլորը եւ չեն չափազանցած իրենց որակումով: Իրօ՛ք, Տարօնը եղաւ այն տաղանդաւոր տղան, որ իր իւրայատուկ ընկերային դիպուկ խառնուածքով կրցաւ շահիլ վստահութեան քուէն` ըլլա՛յ հայ, ըլլա՛յ արաբ հանրային զանգուածներուն: Իր քաղցրահամբոյր լեզուական տարօնեան բառապաշարը, շաղախուելով անթառամ լուսապայծառ ժպիտով, զանոնք  միաձուլելով գաղափարական քուրային մէջ, արդարօրէն կերտեցին անզուգական «Մատրաս»էն:

Յաճախ մեր ազգային-կուսակցական ներհակ մօտեցումներուն բալասանը իր մօտն էր: Չնաշխարհիկ ճարտարութեամբ կը փորձէր խաղաղեցնել խռովայոյզ եւ կարծրացած հոգիները` կենսունակութիւն ներշնչելով, երբ խամրելու էր հաւաքական կամքը:

Տարօնի անբասիր ընկերական շէնշող ոգին, վարչական ձեռնհասութիւնը, ծառայասիրութեան անսահման ջանասիրութիւնը եղան այն գործօնները, որոնցմով միշտ զինք տեսնէինք որպէս առաջատարը ազգային հանրային դպրութեան:

Տարօրինակօրէն իր յանձնարարականներուն մէջ միշտ նախընտրեց սաւառնիլ ազգային- եկեղեցական բնագաւառներուն վերեւ, իր ճախրանքով ըլլալ բոլորին արծիւը: Միշտ մերժեց զուտ կուսակցական պատասխանտու պաշտօններով հանդէս գալ` հաւատալով, որ այդ կաղապարը չի յարմարիր իր վարքագծին: Սակայն մնաց հաւատարիմը` գաղափարի ակունքներուն, դառնալով ուղնուծուծով դաշնակցական ուղղափառ հաւատամքի զինուոր:

Վաղուան վարդագոյն օրերու ակօսը Տարօնը հարթեց, մենք պիտի ամրագրենք զայն` միշտ պանծացնելով իր անմեռ յիշատակը:

ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ

Թորոնթօ – Քանատա

Share this Article
CATEGORIES