ՃԱՏՐԱԿ. ԼՈՆՏՈՆԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԱՐՈՆԵԱՆ – ՔԱՐԼՍԸՆ` 0,5-0,5
Երէկ, Լոնտոնի ճատրակի միջազգային մրցաշարքի 5-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն ծիրին մէջ, հայրենի վարպետ Լեւոն Արոնեան, որ ճակատեցաւ Նորվեկիայի Մակնիւս Քարլսընի դէմ, 0,5-0,5 հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ: Նշենք, որ Քարլսըն ՖԻՏԷ-ի ընդհանուր դասաւորման մէջ կը գրաւէ առաջին դիրքը, իսկ Արոնեան` 3-րդ դիրքը:
Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք Քարսըն, որ կը գրաւէր առաջին դիրքը, նահանջեց 2-րդ դիրք (9 կէտ)` իր տեղը զիջելով Հիքարու Նաքամուրայի, որ յաղթեց անգլիացի Տէյվիտ Հաուըլի եւ ունեցաւ 10 կէտ:
Արոնեան 5 կէտով կը գրաւէ 5-րդ դիրքը:
CATEGORIES Մարզական