ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ՅՈՎԻԿ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԻ ԱՐՏԱՍԱՆԱԾ ԽՕՍՔԸ` ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 121-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Այս օրերուն աշխարհի չորս կողմը Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր ժողովուրդին կը ներկայանայ տարեկան զեկուցումով, հաշուետուութեամբ:

Գործէ՛ն ծնած` գործի՛ կուսակցութիւնը իր հիմնադրութեան տարեդարձին կը խոնարհի այն ժողովուրդին առջեւ, որ կը հաւատայ իր գործին ու կը մնայ իր կողքին` բաժնեկիցը դառնալով իր դժուարութիւններուն եւ իրագործումներուն:

Երեւոյթը նոր չէ: Իւրաքանչիւր «Դաշնակցութեան օր»-ուան հետ կը կրկնուի ան, որովհետեւ Դաշնակցութիւն եւ հայութիւն կարելի չէ անջատել իրարմէ: 121 տարուան փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ հայութեան «անկեղծ զինուոր»-ներու այս կուսակցութիւնը իր ստեղծման առաջին օրէն սկսեալ, որպէ՛ս կազմակերպութիւն եւ որպէ՛ս գաղափարախօսութիւն, տարածուած է հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերէն ներս:

Եղած է արհեստաւորին, վաճառականին, մտաւորականին, գիւղացիին ու քաղաքացիին կուսակցութիւնը, որուն աշխատանքի ուղեգիծը եղած է` ծառայե՛լ ժողովուրդին:

Դաշնակցութիւնը ծառայութեա՛մբ մեծցած է 121 տարի շարունակ: Ան իր դրօշին տակ համախմբած է աղքատն ու հարուստը, զէնքի մարդն ու գրիչի նուիրեալը, գաղափարակից դարձուցած է զանոնք` հայրենիքի եւ ժողովուրդի ազատութեան, անկախութեան եւ բարօր կեանքի մը տեսլականները տալով անոնց:

Դաշնակցութեան նպատակները «տկարութիւն չեն ճանչցած»: Ան զարկած է ու` զարնուած: Յաղթած է ու` յաղթուած, միշտ մնալով սակայն պայքարի առաջին դիրքերուն վրայ, առանց յուսահատելու կամ տկարանալու: Առանց իր նուիրումին եւ առանց իր ցոյց տուած զոհաբերութեան` դժուար պիտի ըլլար իր գոյութիւնը զգալի դարձնել ազգային-քաղաքական մեր իրականութեան մէջ:

Կը բաւէ արագ ակնարկ մը նետել այդ իրականութեան այսօրուա՛ն պատկերին վրայ` հաստատելու համար այս ճշմարտութեան անժամանցելի ըլլալը:

Սփիւռքեան ճակատի վրայ, այսօր, ի գին մեծ զոհողութիւններու, Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ ազգապահպանման իր առաքելութիւնը, սփիւռքը հայրենիքին շուրջ համախմբելու վճռակա՛ն դերակատարութիւնը, հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւնները դիտելով իբրեւ հաւասար կողմերու յարաբերութիւն:

Հաւատարիմ մնալով «Մէ՛կ ազգ, մէ՛կ հայրենիք» սկզբունքին` Դաշնակցութիւնը սփիւռքի ազգային կեանքը կը պայմանաւորէ հայրենիքով եւ կը ցանկայ զօրաւոր սփիւռքի կողքին ունենալ           զօրաւոր հայրենիք, որովհետեւ զօրաւորներն են, որոնք իրարու կրնան օգնել արդիւնաւոր կերպով:

Արդարեւ, կարելի չէ պետութիւն պահել` վստահելով միայն հայրենիքի ներուժին: Այդ ներուժը անբաւարար է  եւ կարիքը ունի համայն հայութեան կարողականութիւններու համախմբման: Առ այդ, ազգային ու  պետական աշխատանքները Դաշնակցութեան համար մեկնակէտ ու թիրախ ունին Հայաստանը եւ սփիւռքը իրարմով ամբողջացնելու սկզբունքը: Այդ սկզբունքին յաջողութեան մէջ կը կայանայ Հայաստանի եւ սփիւռքի հզօրացման գրաւականը: Հայութեան կուտակուած եւ միացեալ ուժերով միայն կարելի է դէմ դնել հայրենիքին սպառնացող վտանգներուն, որոնք այսօր կը ներկայանան քաղաքական թէ տնտեսական մարտահրաւէրներով:

Կ՛ապրինք արագ եւ ծանրակշիռ փոփոխութիւններու ժամանակաշրջանը: Մէկ կողմէ Թուրքիոյ օրէ օր մեծցող դերակատարութիւնը շրջանին մէջ, միւս կողմէ` արաբական աշխարհի աննախատեսելի եւ վտանգաւոր զարգացումները Հայաստանն ու հայրենամերձ մեր գաղութները դրած են լուրջ կացութեան դիմաց:

Իսկ եթէ աւելցնենք նաեւ համաշխարհային տնտեսական տագնապին ունեցած անդրադարձը շրջանին եւ, ինչո՛ւ չէ, նաեւ Հայաստանին վրայ, ապա կրնանք ունենալ ոչ լաւատեսական ընդհանուր վիճակ մը, որմէ դուրս գալու այլ միջոց չկայ` բացի մեր ժողովուրդը պետական եւ համազգային հիմնահարցերու եւ անոնց լուծման ծրագիրներու շուրջ համախմբելէ:

Այս իմաստով, մեծ աշխատանք կայ տարուելիք,  եւ Դաշնակցութիւնը, ինչպէս միշտ, այսօր եւս կը գործէ ուժերու ամբողջակա՛ն լարումով եւ նորանկախ մեր պետականութեան հիմերը ազգային արժէքներով առաջնորդելու հաստատ համոզումով:

Փաստօրէն, Դաշնակցութիւնը կը հանդիսանայ Հայաստանի իշխանութիւններուն ընդդիմադիր գաղափարական, քաղաքական այն ուժը, որ կը հաւատայ, թէ Հայաստանի անկախութիւնը, անվտանգութիւնը եւ յարատեւութիւնը կրնան երաշխաւորուիլ ազգային գաղափարախօսութեամբ միայն:

Դաշնակցութիւնը կը մնա՛յ ընդդիմադիր քաղաքական ուժ, որովհետեւ կը պահանջէ`

– Արդար եւ կազմակերպուած պետութիւն:

– Ժողովուրդի ընկերային վիճակի բարելաւում, Հայաստանի քաղաքացիներու արժանապատիւ կեանքի ապահովում:

– Տնտեսական արդիւնաւէտ քաղաքականութիւն, պայքար` անօրինականութեան, փտածութեան եւ ստուերային տնտեսութեան դէմ:

Դաշնակցութիւնը կը պահանջէ նաեւ`

– Քաղաքական լիարժէք համակարգի կայացում, քաղաքական ուժերու, պետական պաշտօնեաներու պատասխանատուութեան արմատաւորում:

– Երկրի կայունութեան պահպանում, հանդուրժողութեան, փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի ստեղծում:

– Քաղաքակիրթ աշխարհին յատուկ արժէքներու կարեւորում. ժողովրդավարութեան ամրապնդում, օրէնքի գերակայութիւն, քաղաքացիական հասարակութեան ձեւաւորում:

– Եւ վերջապէս, 21-րդ դարու չափանիշներով զարգացող պետութիւն` հայկական գործօնի հզօրացման ռազմավարական յստակ ծրագիրներով:

Այս բոլոր պահանջներով Դաշնակցութիւնը կը    մնա՛յ ընդդիմադիր քաղաքական ուժ` ունենալով     սակայն ընդդիմութեան իր ինքնուրոյն մօտեցումը: Ընդդիմութիւն` չի նշանակեր գոհանալ քննադատութեամբ եւ ուրախանալ իշխանութիւններուն գործած թերացումներով: Ընդդիմութիւն` կը նշանակէ շինիչ լուծումներ առաջարկել` սրբագրելու համար      նկատուած թերութիւնները:

Դաշնակցութիւնը ճի՛շդ այս աշխատանքին է, որ լծուած է այսօր Հայաստանի մէջ` յաճախ զսպելով ինքզինք իր քննադատութիւններուն մէջ, որպէսզի չըլլայ այնպէս, որ քննադատութիւնը, ընդդիմութիւնը հասնին հայրենիքը ապակայունացնելու աստիճանին: Հայրենիքը պետական-քաղաքական  կայունութեան պէտք ունի, յատկապէս`  շրջանային ներկայ դժուարին ու բարդ պայմաններուն մէջ: Թերութիւնները պէտք է տեսնել, քննադատել եւ անոնց լուծման առաջարկները ներկայացնել, որովհետեւ հայրենիքը մե՛րն է եւ մեր պարտականութիւնն է գուրգուրալ անոր:

Հայրենիքի մէկ մասն ալ Արցախն է, Լեռնային Ղարաբաղի եւ ազատագրուած հողամասերու մէկ անմասնատելի ամբողջութեամբ: Արցախին տիրութիւն ընելը եւ միջազգային ատեաններուն մէջ զայն պաշտպանելը հայրենի իշխանութիւններուն պարտքն է: Արիւնով շահուած հայրենիքի այդ մասը մե՛րն է եւ սակարկութեան չի կրնար դրուիլ:

Հետեւաբար միշտ պատրաստ պէտք է ըլլալ զայն պաշտպանելու, թէկուզ` արեան գնով:

Անշո՛ւշտ, Դաշնակցութիւնը կը ձգտի, որ Արցախի հարցը գտնէ իր խաղաղ ու արժանապատիւ լուծումը, սակայն ուշադիր պէտք է ըլլալ, որ ան անգամ մը եւս զոհը չերթայ մեծ պետութիւններու հաշիւներուն: Դաշնակցութիւնը լա՛ւ գիտէ իր դարաւոր թշնամիներուն ծրագիրները իր ժողովուրդին եւ հայրենիքին նկատմամբ, հետեւաբար, եթէ Արցախի հարցը խաղաղութեամբ պիտի լուծուի, անպայման պէտք է երաշխաւորուի Արցախի ապագան, պէտք է ապահովուի արցախահայութեան անվտանգութիւնը:

Հայրենիքի` Հայաստանի մասին արտայայտուած ժամանակ գոհունակութեամբ պէտք է ողջունել վերջին ամիսներուն զգալի աշխուժացում ապրող Հայաստան-Լիբանան միջպետական կապերը, որոնք երկու երկիրներու յարաբերութիւններու սերտացման կողքին, անպայման որ կ՛ամրապնդեն մեր գաղութին դերակատարութիւնը` իբրեւ կամուրջի բարեկամ երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու միջեւ:

Արդարեւ, Լիբանանի խորհրդարանի նախագահին Երեւան այցելութիւնը, Հայաստանի կրթական նախարարութեան մեծարժէք նուիրատուութիւնը Լիբանանի պետական վարժարաններուն եւ մօտ ապագային Լիբանանի նախագահին այցելութիւնը Հայաստան` լուրջ ազդանշանները կու տան Երեւան-Պէյրութ յարաբերութիւններու նոր մակարդակի մը նուաճման:

Մեր ակնկալութիւնն է, որ այդ յարաբերութիւնները այնքան մը զարգանան ու ամրանան, որ կարենան գէթ մասամբ հակակշռել շրջանին մէջ ազդու ներկայութիւն եղող թրքական գործօնը` քաղաքական, քարոզչական, տնտեսական եւ մշակութային մարզերուն մէջ:

Նորօսմանականութեան քաղաքականութիւնը  թափ կ՛առնէ օրէ օր, եւ ի տես այս երեւոյթին` Դաշնակցութիւնը եւ հայ քաղաքական յանձնառու բոլո՛ր ուժերը պարտքն ու պարտաւորութիւնը ունին հետեւելու անոր տարբեր արտայայտութիւններուն, ըստ կարելիութեան` յարմար ձեւերով հակազդելու համար անոնց: Երէկ` Դաշնակցութիւնը ընդդիմացաւ սուլթան Համիտի անունով հրապարակի մը անուանակոչութեան Թրիփոլիի մէջ:

«Ո՛չ» ըսաւ թրքական խաղաղարար զօրքերու հարաւի մէջ տեղակայման:

Ընդդիմացաւ «բարեսիրական» պատրուակին տակ Էրտողանի Լիբանան այցելութեան:

Իսկ հազիւ 10 օրեր առաջ, հայ քաղաքական այլ կուսակցութիւններու հետ, ան իր բողոքը յայտնեց Պէյրութը եւ Պոլիսը քոյր քաղաքներ հռչակելու որոշումին դէմ: Ուստի, գալիք օրերուն, պէտք է զգուշ եւ զգօն ըլլալ թրքական հաւանական նոր նախաձեռնութիւններէ, որոնք կրնան ներկայանալ մշակութային թէ այլ դիմագիծերով, բայց որ բոլոր պարագաներու կրնան ծառայել թրքական ամբողջական շահերու միայն:

Որքան պիտի ուզէինք Լիբանանը զերծ տեսնել թրքական ազդեցութենէ, նոյնքա՛ն պիտի ուզէինք այս երկիրը զերծ տեսնել շրջանային ու միջազգային կացութեան նորագոյն ցնցումներէն:

Լիբանանը եղած է ու կը մնայ քաղաքակրթական բազմազանութեան, հանդուրժողութեան եւ համակեցութեան երկիրը, որ ցարդ կարողացած է    տոկալ ու ապրիլ շնորհիւ իր զաւակներուն համերաշխութեան:

Լիբանան կը կորսնցնէ իր քաղաքական միութիւնն ու հաւասարակշռութիւնը, եթէ զայն բաղկացնող ուժերէն մէկը կամ միւսը դադրի ընդհանրական արժէքներով եւ նպատակներով առաջնորդուելէ:

Ամէն երկրի մէջ ներքին անհամաձայնութիւններ եւ տարակարծութիւններ կրնան գոյութիւն ունենալ, սակայն երկիրները կ՛ապրին ու կը զարգանան ո՛չ թէ ժողովուրդին ներքին հակասութիւնները շեշտելով, այլ` ազգային միասնականութեան ենթահողը ամրապնդելով: Յատկապէս Լիբանանի նման հակասութիւններով լեցուն երկրի մը պարագային, հիմնական նշանակութիւն ունի այս պարտաւորութիւնը, որուն անհրաժեշտ գիտակցութիւնը կը պահանջուի բոլոր լիբանանցիներէն, որպէսզի երկիրը կարենայ շարունակել յետպատերազմեան վերականգնումի իր երթը:

Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ, որ լիբանանցիք ունի՛ն երկխօսութեամբ իրենց հարցերը լուծելու ժողովրդավարական միջոցները եւ օրինական հաստատութիւնները: Փոխադարձ անհանդուրժողութեան եւ ծայրայեղութեան տրամաբանութիւնը լիբանանեան չէ եւ խոտոր կը համեմատի ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան կեդրոն նկատուած այս հայրենիքի գոյութեան իմաստին:

Լիբանան գերագոյն արժէք է, նոյնիսկ անոնց համար, որոնք գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ այսօր կը վնասեն անոր միասնականութեան եւ գերիշխանութեան: Ահա թէ ինչո՛ւ, հակառակ երկիրը հարուածող տեսակաւոր տագնապներուն, հարկ է կառչած մնալ բոլոր նկատառումներէ վեր դասուող Լիբանանին եւ անոր գերագոյն շահերուն ծառայող անփոխարինելի քաղաքականութեան:

Մենք կը շարունակենք անշեղ կերպով գործադրել տասնամեակներու վրայ երկարող լիբանանեան մեր քաղաքական ուղեգիծը: Լիբանանի գերիշխանութիւնը, անկախութիւնը, ազատութիւնը, համայնքներու խաղաղ եւ համերաշխ գոյակցութիւնը, ինքնուրոյնութեանց յարգումը, փոխադարձ ճանաչումն ու յարգանքը, հարցերը միայն երկխօսութեան ճամբով լուծելու անհրաժեշտութիւն կը մնան ՀՅ Դաշնակցութեան լիբանանեան քաղաքականութեան հիմնական ուղենիշները:

Նոյնքան կարեւորութեամբ, ՀՅ Դաշնակցութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէ, որ կտրուկ միջոցներու ճամբով երկիրն ու ժողովուրդը դուրս գան ընկերային անարդարութեան, տնտեսական խոր անհաւասարութեան, փտածութեան ու չարաշահութեան դժբախտաբար հետզհետէ խորացող ու ծաւալող ախտէն, որպէսզի կարելի ըլլայ իսկապէս հաստատել ընկերային արդարութեան վրայ հիմնուած, արդար կարգերով կայունութիւն ապրող Լիբանան:

Շրջանային մակարդակի վրայ կատարուող փոփոխութիւնները բնական ազդեցութիւն կ՛ունենան Լիբանանի վրայ: Այսուհանդերձ, Լիբանանի գերագոյն շահը կը պահանջէ, առաջին հերթին, ամրապնդել ներքին միասնականութիւնը եւ բոլոր լիբանանցիներու մասնակցութեամբ ու համաձայնութեամբ թումբ կանգնիլ այդ փոփոխութեանց ժխտական ազդեցութիւններուն դիմաց: Լիբանան իբրեւ գերիշխան պետութիւն` կը մերժէ իր ներքին գործերուն որեւէ միջամտութիւն եւ, իբրեւ այդպիսին, մենք եւս պարտինք յարգել այլոց գերիշխանութիւնը:

Առաջին անգամը չէ, որ Լիբանան կը գտնուի քաղաքական բարդ կացութեան մէջ:

Լիբանանահայութիւնը ճակատէ՛ն դիմագրաւած է այս երկիրը հարուածած բոլոր փոթորիկները եւ ամէն անգամուն ալ պատուով դուրս եկած է անոնցմէ` շնորհիւ իր աչալրջութեան, կազմակերպ կեանքին եւ ազգային-միութենական աշխուժ կառոյցներուն: Ձեռնածալ կարելի չէ նստիլ, պէտք է կրկնապատկել ու բազմապատկել աշխատանքի մեր ճիգերը եւ քայլ առ քայլ ամրացնել    մեր ներքին դիմադրականութեան համակարգը այնպէս մը, որ ան կարենա՛յ յաղթահարել երկրին ու գաղութին սպառնացող քաղաքական, տնտեսական թէ ընկերային այլազան դժուարութիւնները:

Հարկ է իւրաքանչիւրը ստանձնէ իր պատասխանատուութեան բաժինը եւ ամուր մնայ պատնէշի վրայ:

Ազգային-կրթական պատասխանատուներ հարկ է յանդո՛ւգն նախաձեռնութիւններով նոր միջոցներ որոնեն հայկական վարժարաններու նիւթական բացերը գոցելու եւ հայ աշակերտութեան օտար վարժարաններ հոսքին առաջքը առնելու համար:

Գաղութին ապագան կախեալ է հայկական վարժարաններու պահպանումէն եւ հզօրացումէն: Ընկրկումներ եւ ուշացումներ կրնան ճակատագրական անդրադարձ ունենալ բոլորին վրայ:

Ընկերային-բարեսիրական մարզի պատասխանատուներ պարտին նկատի ունենալ գաղութին օրէ օր աճող կարիքները եւ ըստ այնմ ընդարձակեն գործունէութեան իրենց դաշտերը` հասնելու համար առաւելագոյն թիւով կարիքաւոր ու նպաստընկալ պարագաներու: Ընդհանուր զօրաշարժի մը կարիքը ունի այս մարզը` ոեւէ հայորդի սնունդէ կամ բժշկական խնամքէ չզրկելու համար:

Մեծ գործ կայ յատկապէս երիտասարդութեան ազգային-բարոյական առողջ դիմագիծի պահպանման իմաստով: Մտահոգիչ երեւոյթներով լեցուն է այսօր մեր կեանքը:

Աղանդներ, ընկերային ախտավարակ երեւոյթներ, յոռի բարքեր եւ օտար ամուսնութիւններ ահաւոր վնասներ կը հասցնեն ո՛չ միայն երիտասարդութեան, այլեւ` գաղութին դիմագիծին ու ապագային: Այս ուղղութեամբ, ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները, մեր ուղեկից կազմակերպութիւնները եւ հայկական երիտասարդական տարբեր խմբաւորումները իրենց դիմաց ունին աշխատանքի լայն դաշտեր` մարդկային ու ազգային դաստիարակութեան իրենց առաքելութիւնը աւելի՛ ուժականութեամբ եւ հրատապութեամբ կատարելու համար:

Ու տակաւին, կենսական նշանակութիւն ունի գաղութի հայահոծ թաղամասերու հայեցի դիմագիծին անաղարտ պահպանումը: Հայ դպրոց, եկեղեցի եւ ակումբ կը գործեն հայկական թաղամասերու մէջ: Եթէ այդ թաղամասերու մթնոլորտն ու միջավայրը ըլլայ ապառողջ, կը վտանգուին բոլո՛րը:

Մեր տոհմիկ սովորութիւնները եւ ազգային բարքերը կը պահուին մեր աւանդական թաղամասերուն մէջ: Պէտք է ամէն գնով գուրգուրալ անոնց, որպէսզի անոնք մնան մարդկօրէ՛ն առողջ եւ հայօրէ՛ն ընդունելի միջավայրեր:

Իսկ այս բոլորը կախարդական գաւազանի մը շարժումով չեն կատարուիր, այլ կ՛ենթադրեն հսկայական գործ` մարդուժի եւ նիւթականի լայն կարելիութիւններով: Դաշնակցութիւնը յանձնառո՛ւ կը մնայ կատարելու այդ գործը` ստեղծելով ակնկալուած աշխատանքին համապատասխան միջավայրն ու մթնոլորտը:

Խօսքը գործի վերածելու այս յանձնառութիւնը, անշուշտ, զարմանալի պէտք չէ թուի: Դաշնակցութիւնը ատակ է ամէնէն ծանր պարտականութիւնները նոյնիսկ ստանձնելու, որովհետեւ ան ինքնավստահութիւնը ունի իր սեփական ուժին:

Այդ ուժը դաշնակցական իր հաւատաւոր շարքերն են, գաղափարի եւ գործի մնայուն արժէքներով զինուած տղաքն ու աղջիկները, որոնք միշտ պատրաստ են իրենց գերագոյնը ընծայելու յանուն ազատութեան եւ անկախութեան, յանուն հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի բռնաբարուած բոլոր իրաւունքներուն:

 

Հպարտանալու շատ պատճառներ ունինք այսօր, երբ կը տօնակատարենք Դաշնակցութեան 121-ամեակը:

Մեր գործը ի՛նք կը խօսի մեր մասին:

Հպարտութեան նոյն պատճառները կը ստիպեն, որ Դաշնակցութիւնը յատկանշող պարտքի զգացումով մեր խօսքը նախ ուղղենք անուանի եւ անանուն մեր նախորդներուն, վստահեցնելով, որ իրենց անսահման զոհաբերութեամբ ծաւալած պայքարը կը շարունակուի:

Ապա, հպարտ նայինք մեր ժողովուրդին եւ ըսենք, որ մեր գերագոյն պարտքը տակաւին չենք կատարած Հայաստանի եւ հայութեան ամբողջական ազատագրութեան վեհ գործին:

Այս եւ նման տօնակատարութիւնները թող խթան մը ըլլան մեզի, մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին նկատմամբ պատասխանատուութեան յաւելեա՛լ ոգիով գործելու այսօր, վաղը եւ ընդմիշտ:

Կեցցէ՛ Դաշնակցութիւնը:

Եւ կեցցէք դուք, որ իբրեւ հաւատաւոր ուղեկիցներ կ՛ընկերակցիք Դաշնակցութեան երթին դէպի`

Ամբողջական, Հզօր եւ Բարգաւաճ Հայաստան:

5 դեկտեմբեր, 2011

Share this Article
CATEGORIES