ՏԻՊԱՐ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ԳՕԳՕ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Արդէն հողին յանձնեցինք մեր բոլորին սիրելի Գօգօ Վարդիվառեանին մարմինը:

Ընկեր Գօգոն` Ապու Քարիմը, պարկեշտ, գիտակից եւ ազգասէր դաշնակցական, որ պատանեկան տարիքէն ծառայած է իր սիրելի կուսակցութեան` մաս կազմելով «Մուրատ» պատանեկան միութեան, ապա անդամակցած է իր սիրելի կուսակցութեան` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան: Լիբանանի եղբայրասպան պատերազմը խլած է իրմէ իր հարազատ եղբայրն ու 4 զաւակներէն 2-ը: Ան իբրեւ հօրեղբայր շուտով ստանձնած է անոնց հոգատարութիւնն ու կրթութիւնը` հայրական պարտականութիւն կատարելով անոնց հանդէպ:

Անցնող պատերազմի շրջանին մնայուն ներկայութիւն եղած է ակումբին մէջ` օգնութեան հասնելով կարիքաւոր ընտանիքներուն:

ՀՄԸՄ-ը հեռու չէ եղած իր երկարամեայ աշխատանքներէն. եղած է մարզիկ, ապա մարզիչ ու կերտած յաղթանակներ ֆութպոլի  միջմասնաճիւղային ախոյեանութիւններուն` «Սիամանթօ» եւ «Մուրատ» խումբերուն հետ:

Խրատներ եւ կարծիքներ կը փոխանցէ նոր սերունդի մարզիկներուն, կ՛ուրախանայ ՀՄԸՄ-ի նուաճումներով եւ յաղթանակներով, իսկ պարտութեան պահուն տխրութիւնը կը գրաւէր իր ամբողջ տրամադրութիւնը:

Իր կեանքի վերջին տարիներուն տեղ գրաւած էր շրջանի հայ թաղապետին գրասենեակը` օգտակար դառնալով ժողովուրդին, մանաւանդ հայերուն, անոնց կարիքները գոհացնելով:

Ընկեր Գօգոն նուիրուած դաշնակցական,  երկար տարիներ վարած է խումբի խմբապետի պաշտօնը, երբեք չէ բացակայած իր կուսակցական պարտականութիւններէն, ժողովներուն միշտ եղած է առաջին ներկան, ունեցած է ըսելիք, կարծիք եւ դէպի լաւը ձգտող առաջարկներ: Իր գլխաւոր մտահոգութիւնը եղած էր ակումբը, թաղը` Հայաշէնը: Այցելութիւններ կու տար կուսակցական անհանգիստ ընկերներուն` մխիթարելով անոնց:

Այսօր առյաւէտ կը բաժնուիս մեզմէ ընկեր Գօգօ, բայց կը խոստովանինք շարունակել մեր սուրբ աշխատանքը` քու յիշատակդ վառ պահելով: Վստահ, որ քեզ պիտի փնտռենք յատկապէս ժողովներուն եւ ակումբին մէջ, պիտի փնտռենք քու արտայայտութեանդ ոճը, որ հաճելի կը թուէր բոլորին:

Թող Աստուած լուսաւորէ քու հոգիդ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ դաշնակցական տիպար` Գօգօ Վարդիվառեան:

ԸՆԿԵՐ ՄԸ

Share this Article
CATEGORIES