ԷՆԿԻՆ ԱՐՏԸՉԻ ՅՕԴՈՒԱԾԸ. ՏԵՐՍԻՄԻ ՈՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՄԷՋ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ ՎՃԱՐԵԼՈՒ ԽՆԴԻՐ

«Սապահ»-ի սիւնակագիր Էնկին Արտըչ Տերսիմի մասին խնդրուած ներողութենէն մեկնելով` կ՛անդրադառնայ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին ու կը հարցնէ, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ, եթէ հատուցում վճարելու հարց մը ծագի հայկական խնդրի կապակցութեամբ եւս: Արտըչի մեկնակէտը այն է, թէ վարչապետին ներողութիւն խնդրելէն ետք, հիմա կարգ մը փաստաբաններ արթնցեր են ու սկսեր են մտածել Տերսիմի համար դատ բանալու ու հատուցում պահանջելու մասին: Որո՞ւ դէմ դատ պիտի բանաք, կը հարցնէ Արտըչ, Աթաթուրքի՞ն դէմ, Ինէօնի՞ին դէմ, Սապիհա Հանըմի՞ն դէմ: Մինչդեռ դուռը բաց է ուղղակի պետութեան դէմ դատ բանալու խնդրին մէջ, բայց ոեւէ մէկը պիտի մտածէ՞ ընել այսպիսի բան մը: Արտըչ ապա կը յիշեցնէ, որ նմանօրինակ նեղութիւն մը կայ նաեւ հայկական կոտորածի խնդրին մէջ: Հոս Արտըչ հետաքրքրական յիշեցումներ ունի.

«Դուք մի՛ նայիք այն աճպարարներուն, որոնք «այս խնդիրը պատմաբաններու ձգենք» ըսելով` գնդակը դաշտէն դուրս կը ղրկեն: Անոնք ալ արդէն հարցը պատմաբաններուն չեն ձգեր, պարզապէս ձգել կը ձեւացնեն: Դուք ասոր ցեղասպանութիւն ըսէք կամ ուրիշ բառ մը գործածեցէք, այսօր ամէնէն կատաղի ֆաշականն անգամ կ՛ընդունի, որ այդ թուականին ջարդ մը գործադրուեցաւ: Այս ֆաշականներն ալ հիմա կը ջանան գնդակը նետել դաշտէն դուրս:

Բայց այսօրուան ղեկավարները ինչո՞ւ իրենք զիրենք ստիպուած կը նկատեն պաշտպանելու հարիւր տոկոս իթթիհատականներու կողմէ գործուած այս յանցագործութիւնը, հակառակ որ իրենք իշխանութեան գլուխ եկած են հակադրուելով իթթիհատական հոսանքին: Ինչո՞ւ: Բանակին հետ գէշ մարդ չըլլալո՞ւ համար: Բայց բանակը յանցանք մը չունէր այդ խնդրին մէջ, յանցաւորները այդ շրջանի կառավարութիւնն ու անոր անիշխանական գործակիցներն էին: Ինչո՞ւ: Արդեօք անոր համար որ դեռ ժամանակը չէ՞ եկած: Կամ` անոր համար, որ այս խնդրին մէջ յանցաւոր են այն բարեկեցիկ դասակարգի մարդիկը, որոնք այդ շրջանին թէ՛ ջարդեցին հայերը, թէ՛ նստան անոնց ապրանքներուն վրայ: Եթէ անոնց անցեալը գրգռէք, անպայման հայու արիւն ու հայու ապրանք կ՛ելլէ, ատո՞ր համար է, որ լռութիւն կը պահուի: Չէ՞ որ դրամի հարց կայ: Եթէ ցեղասպանութիւնը  ընդունուի, անոր ետեւէն հատուցումի խնդիրը կու գայ: Պետութիւնը կը ստիպուի վճարել միլիոնաւոր տոլարներ: Սա շրջանին, երբ քրտական ապստամբութեան համար 200 միլիառ ծախսուած է, անգամ մըն ալ հայո՞ց համար դրամ պիտի վճարէ պետութիւնը: Խնդիրը այս է ահաւասիկ: Բայց հիմնական հարցում մը կայ: Պետութեան մէջ հետեւողականութեան կամ շարունակականութեան սկզբունք կա՞յ, թէ՞ չկայ: Եթէ չկայ, ինչո՞ւ Տերսիմի համար ներողութիւն կը խնդրէք: Իսկ եթէ կայ, ինչո՞ւ 1915-ը այս նիւթէն դուրս կը թողուք:

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

Share this Article
CATEGORIES