ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԻՇԵՑՆԷ. ՆԵՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՊԷՏՔ Է ԽՆԴՐԵԼ ՈՒՐԻՇ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱԼ. 1915-Ն ԱԼ ՑԱՆԿԻՆ ՄԱՍ ԿԸ ԿԱԶՄԷ
Վարչապետ Էրտողանի կողմէ պետութեան անունով Տերսիմի համար խնդրուած ներողութիւնը շարժման մէջ դրած է նաեւ Մարդու իրաւունքներու միութիւնը: Միութեան վարչութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրատարակելով` ըսաւ, որ ներողութիւն խնդրելու այս նախաձեռնութիւնը առաջին քայլ մըն է, ասիկա Թուրքիոյ մէջ ալ նորութիւն մըն է, Էրտողանը շնորհաւորելի է, բայց հիմա պէտք է հիմնուի Ճշմարտութիւններու յանձնախումբ մը:
Միութեան անունով խօսեցաւ Էօզթիւրք Թիւրքտողան, որ ըսաւ, թէ բազմաթիւ երկիրներու մէջ գոյութիւն ունին Ճշմարտութեան յանձնախումբեր, որոնց աշխատանքը միասնութեան մթնոլորտ կը ստեղծէ, ո՛չ թէ` անջատումի ու պառակտումի մթնոլորտ: Հիմա Թուրքիոյ մէջ կան տակաւին հարցեր, որոնց մասին ալ քննութիւններ ու հրապարակումներ պէտք է կատարուին:
Այս խնդիրներուն կարգին է նաեւ 1915-ին հայերու դէմ գործուած անմարդկային յանցանքներու խնդիրը ու գործուած ցեղասպանութեան յանցագործները երեւան հանելու հրամայականը:
Ուրիշ խնդիրներու կարգին են` քրտական հարցին մէջ գործադրուած ձուլման քաղաքականութիւնը, փոքրամասնութիւններու դէմ գործուած յանցագործութիւնները, զինուորական հարուածներու ընթացքին գործուած յանցագործութիւնները, բանտերու մէջ գործուած յանցանքները, պետական շարքերէ ներս Քոնթրկերիլլայի կամ ԺԻԹԷՄ-ի նման ապօրէն կազմակերպութիւններու գոյութեան խնդիրը, Տերսիմի մէջ քիւրտերու եւ ալեւիներու դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան մանրամասնութիւնները: