ՄԵՀՄԵԹ ՊԱՐԼԱՍԻ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՅՕԴՈՒԱԾԸ. «ՄԵՐ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԵՐԵՍ ԱՌ ԵՐԵՍ ԳԱԼԸ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՊԱՐՏԱԴՐԱ՞ՆՔՆ Է»
Մեհմեթ Պարլաս «Սապահ»ի մէջ վերի խորագրին ներքեւ նախ կ՛անդրադառնայ ՃՀՓ կուսակցութեան օրով 1937-1938 թուականներուն Տերսիմի մէջ քիւրտերուն դէմ գործադրուած սպանդներու նիւթին, որ այս օրերուն Թուրքիոյ մէջ օրակարգի գլխաւոր նիւթ կը հանդիսանայ:
Այս առիթով կ՛անդրադառնայ նաեւ յիշեալ կուսակցութեան այսօրուան ղեկավար Քըլըճտարօղլուի այն խիստ արտայայտութեան, որ ուղղուած էր վարչապետ Թայիպ Էրտողանի: Ինչպէս գրած էինք, Քըլըճտարօղլու Էրտողանին ուղղած էր սա նախադասութիւնը. «Որքան մեծ դժբախտութիւն է որ մեր երկրի վարչապետին մտային քարտէսը նոյն պատկերն ունի հայ սփիւռքի մտային քարտէսին հետ: Եթէ մեր վարչապետը Հայոց ցեղասպանութեան պնդումներն ալ մեզի պարտադրէ, չեմ զարմանար:
Մեհմեթ Պարլաս «Քըլըճտարօղլուի ամօթը» խորագրին ներքեւ կը շարունակէ խորհրդածել հետեւեալ կերպով.
«Կարեւոր քայլ մըն է այսօր, որ Թուրքիա իր անցեալին հետ երես առ երես գալու հասունութեան հասած է վերջապէս: «Տերսիմի աղէտը» նիւթ մըն է, որ իսկապէս պէտք է քննուի մանրամասնօրէն: Այս նիւթը օրակարգի բերաւ վարչապետ Էրտողան, որ Քըլըճտարօղլուի կողմէ մեղադրանքի արժանի նկատուեցաւ: Քըլըճտարօղլուի արտայայտութիւնը` Էրտողանին ուղղեալ, անբախտ եւ իր նիւթէն շեղելու կոչուած արտայայտութիւն մը չէ՞ արդեօք:
Երբ ջանք կը վատնուի մեր պատմութեան հետ երես առ երես գալու եւ լուսաբանութիւններ մէջտեղ դնելու, արդեօք այդ դէպքերու ցանկին մէջ 1915-ին հայերու դէմ գործադրուած տեղահանութեան դէպքը չկա՞յ: Քըլըճտարօղլու արդեօք կը կարծէ, թէ հայկական տեղահանութիւնը միայն հայ սփիւռքի մտքին մէջ գոյութիւն ունեցող քարտէ՞ս մըն է:
Եւ կամ` «Ունեւորութեան տուրք»ը միայն Թուրքիոյ քաղաքացի հրեաներուն կամ այլ փոքրամասնութիւններու նիւ՞թն է:
6-7 սեպտեմբեր 1955-ին Պոլսոյ յոյն փոքրամասնութեան դէմ գործադրուած դէպքերը մեր կողմէ երես առ երես գալու կոչուած պատմական ամօթ չե՞ն արդեօք: Եւ քանի որ այդ օրերու դէպքերը կազմակերպուեցան Ատնան Մենտերեսի վարչապետ եղած շրջանին, ուրեմն հիմա Ժողովրդավարական կուսակցութիւնը պէտք է որ պաշտպա՞ն կանգի այդ արարքներուն:
Տերսիմի աղէտը օրակարգի բերելու ճիգերը հայկական սփիւռքի մտային քարտէսին նմանցնելու արտայայտութիւնը Քըլըճտարօղլուի ամօթն է:
Քըլըճտարօղլու քանի որ Տերսիմի աղէտը ՃՀՓ-ի ժառանգութենէն անջատելով ատոր հետ երես առ երես գալու քաջութիւնը չունի, գոնէ պէտք է երես առ երես գայ իր ամօթին հետ»:
«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

