«ՌԱՏԻՔԱԼ»Ի ԹՂԹԱԿԻՑԸ ՏԵՐՍԻՄԻ ՆԵՐՈՂՈՒԹԵՆԷՆ ԵՏՔ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ Կ՛ՈՒՂՂԷ. ԹՈՒՐՔԻԱ ՏԱԿԱՒԻՆ ԻՆՉԵՐՈ՞Ւ ՀԱՄԱՐ ՊԷՏՔ Է ՆԵՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԽՆԴՐԷ

ԷՐԵՆ ՔԵՍՔԻՆԻ ԿԱՐԾԻՔՈՎ, ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄԷՆԷՆ ԱՌԱՋ
ՊԷՏՔ Է ՆԵՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԽՆԴՐԷ
1915-Ի ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Այն օրէն ասդին, երբ վարչապետ Էրտողան պետութեան անունով ներողութիւն խնդրեց  Տերսիմի մէջ 1936 թուականին քիւրտերու ու ալեւիներու դէմ գործադրուած ջարդին համար, ամէն կողմէ ձայներ կը բարձրանան, որպէսզի յիշեցնեն, թէ այս երկրին մէջ պէտք է տակաւին ներողութիւն խնդրուի ինչ-ինչ ուրիշ անիրաւութիւններու ու բրտութիւններու համար եւս:

«Ռատիքալ» թերթի աշխատակիցը բազմաթիւ մտաւորականներու ու հանրային գործիչներու հարցուցած է, որ տակաւին ինչերո՞ւ համար պէտք է ներողութիւն խնդրուի, եւ թէ` ինչո՞ւ եւ ի՞նչպէս պէտք է ներողութիւն խնդրուի: Պատասխանները հետաքրքրական ու այլազան են:

Օգնական դասախօս Մուրատ Փաքեր կ՛ըսէ, որ 1980-84 թուականներուն  Տիգրանակերտի զինուորական բանտին մէջ աւելի քան 5000 բանտարկեալներ ենթարկուեցան շատ դաժան հալածանքներու: Պետութիւնը անշուշտ որ այս սեւ էջին համար ալ պէտք է ներողութիւն խնդրէ:

Փրոֆ. Այտըն Ուղուր կը յիշեցնէ Մարաշի ու Չորումի մէջ կատարուած ջարդերը:

Ռիֆաթ Պալի ընդհանրապէս կանգ կ՛առնէ Ունեւորութեան տուրքի հարցին վրայ: Ան կ՛ըսէ, թէ պետութեան անունով ներողութիւն խնդրելը շատ լուրջ գործ է, եւ առ այժմ միայն Տերսիմի համար է, որ ներողութիւն խնդրուեցաւ: Բայց առաջին քայլը առնուեցաւ այլեւս, չար ոգին շիշէն դուրս ելաւ: Պետութիւնը պէտք է ներողութիւն խնդրէ 1934-ին Թրաքիոյ մէջ հրեաներու դէմ կազմակերպուած թալանին համար. 1941 թուականին ոչ իսլամ այրերը զինուորագրուելով` զանոնք ճամբու շինարարութեան մէջ գործածած ըլլալուն համար եւ Ունեւորութեան տուրքի անիրաւ գործադրութեան համար: Ուրիշներ կը յիշեցնեն հեղինակները` անյայտ ոճիրներու, անհետացած մարդոց խնդիրը, կամ` 1 մայիսի անմոռանալի ջարդը եւ այլն:

Իսկ Էրեն Քեսքին մատը կը դնէ 1915 թուականի հայոց տեղահանութեան վրայ` յայտնելով, որ ասիկա այն առաջին խնդիրն է, որուն համար պետութիւնը պէտք է ներողութիւն խնդրէ: Ան այսպէս  կը պատասխանէ հարցումին.

«Հարիւրաւոր հազարաւոր պատահարներ կան, որոնց համար Թուրքիոյ Հանրապետութեան պետութիւնը պէտք է ներողութիւն խնդրէ: Միայն թէ նմանօրինակ պատահարներ ստեղծող ռազմապաշտին կառոյցին հիման վրայ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւն կայ: Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութիւնը նախկինէն փրթելով չէ, որ իրականացաւ: Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը շարունակութիւնն է իթթիհատական մտայնութեան, այն մտայնութեան, որ իրականացուցած էր 1915-ի ցեղասպանութիւնը: Այս պատճառով է, որ պետութիւնը ամէն բանէ առաջ պէտք է ներողութիւն խնդրէ այն մեծ յանցագործութեան համար, որ այնքան մեծ թիւով մարդիկ տառապեցուցած է, եւ որ հիմա մաս կը կազմէր  «ռազմապաշտ» դրութեան մը, որուն մասին ո՛չ մէկը կրնար առարկել: Ներողութիւն խնդրելն ալ բաւարար չէ, ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ ժողովուրդին պէտք է վճարուին նիւթական ու բարոյական  բոլոր վնասներուն փոխարժէքը»:

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

Share this Article
CATEGORIES