ԿԱՂԱՆԴԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՇՈՒՐՋ
Աշխարհին շուրջ տարբեր ժողովուրդներ կը պատրաստեն Կաղանդը տօնելու` իրենց յատուկ սովորութիւններով եւ աւանդութիւններով…
Բնական զարդարանքներ
Կաղանդի շրջանին պրազիլցիները իրենց տուները կը զարդարեն ծաղիկներով, պտուղներով եւ հնդկընկոյզի ծառերու ճիւղերով: Դուն ալ կրնաս անոնց նման բնական զարդարանքներ գործածել եւ տանդ մէջ զետեղել չորցուած նարինջի կլոր շերտեր եւ կասիայի գաւազանիկներ:
Անուշեղէնէ տունը
Գերմանացի իւրաքանչիւր ընտանիք կը շինէ իրեն «հեքսեն-հաուսը» համեմներով պատրաստուած հացէ տունը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս «Հանսըլ եւ Կրեթըլ»-ի հեքիաթին մէջ:
Կաղանդի գուլպան
Անգլիացիները կրակարանին վրայ իրենց գուլպաները չեն կախեր զանոնք չորցնելու համար, այլ որպէսզի Կաղանդ պապան անոնց մէջ իրենց համար անակնկալ մը պահէ: Դուն ալ կրնաս հին գուլպաներէդ մէկը գեղեցիկ ձեւով զարդարել եւ զայն դնել Կաղանդի ծառին տակ:
Էկնոկի խոհագիրը
Ատլանտեանի միւս կողմը ամերիկացիները իրենց հիւրերը կ՛ընդունին այս խմիչքով, որ կը հրամցուի թէ՛ տաք, թէ՛ պաղ: Անոնք մէկ գաւաթ կաթին մէջ կը խառնեն մէկ հաւկիթի դեղնուց եւ 1 ապուրի դգալ շաքար: Լաւ մը կը խառնեն` անոր մէջ քիչ մը կասիայի կամ վանիլայի փոշի դնելով:
Կաղանդի սաունան
Ֆինլանտայի ընտանիքները կը հաւաքուին սաունայի սենեակին մէջ, որ տաք շոգիով լեցուած է: Անոնք կ՛ըսեն, թէ հոն իրենք «քրտնելով» դուրս կը պարպեն տարուան իրենց մտահոգութիւնները եւ ապա կը նետուին ծովուն գրեթէ սառած ջուրին մէջ: Պը՜րր…
Ութ ոտքերով Կաղանդի գունդը
Ռուսիոյ մէջ, ըստ հին աւանդութեան մը, սովորութիւն է սարդ մը կախել Կաղանդի ծառին ճիւղերէն մէկուն վրայէն: Տարօրինակ գաղափար… նախընտրելի չէ՞ այս զարդարանքը հալոուինի համար պահել:
ՁԵՌԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
ԿԱՂԱՆԴԻ ԶԱՐԴԱՐԱՆՔՆԵՐ
Այս զարդարանքները կրնաս գործածել ո՛չ միայն Կաղանդի սեղանը զարդարելու, այլ` ամբողջ տունը: Կաղանդի ծառերուն մէջ կրնաս նաեւ շաքարներ դնել եւ զանոնք նուիրել բարեկամներուդ եւ ընտանիքիդ անդամներուն:
ա.- Փայլփլուն հրեշտակներ
Այս հրեշտակները պատրաստելը շատ դիւրին է: Պարզապէս պէտք ունիս` խաւաքարտէ պնակներու, խէժի եւ ձեռային աշխատանքի յատուկ փայլուն փոշիի:
Պնակին վրայ գծէ եւ կտրէ հրեշտակին ձեւը, ինչպէս նշուած է պատկերին մէջ: Ապա հագուստին ծայրերը իրարու միացուր կցիչ գործիքով: Հրեշտակը կրնաս զարդարել վրան փայլուն փոշի փակցնելով:
բ.- Կաղանդի ծառը
Այս աշխատանքին համար պէտք ունիս` կլորակ տուփերու (օրինակի համար` պիսքուիի, չիփսի, քաքաոյի…) խաւաքարտին, ժապաւէնի, խէժի, եւ ձեռային աշխատանքի յատուկ փայլուն փոշիի:
Խաւաքարտին վրայ գծէ եւ կտրէ բաւականաչափ մեծ կէս կլոր մը: Ապա կոր կողմը զիկզակ կտրէ: Ծառին վրայ խէժ դիր եւ վրան սրսկէ փայլուն փոշի: Երբ խէժը չորնայ, խաւաքարտը կլոր ծալէ` անոր կոնի ձեւ տալով եւ երկայնքին փակցուր: Կոճղին համար կլոր տուփը գործածէ` զայն ծածկելով գունաւոր կամ նուէրի թուղթով:
Կոնին երկայնքէն երկու անգամ աւելի երկար ժապաւէնի կտոր մը կտրէ: Անոր վրայ ուլունք մը անցուր մինչեւ ժապաւէնին մէջտեղը: Ժապաւէնը երկուքի ծալէ: Կաղանդի ծառին գագաթին պզտիկ ծակ մը բաց եւ անոր մէջէն անցուր ժապաւէնը: Չափահասէ մը խնդրէ, որ խաւաքարտէ տուփին վերի ծայրին երկու կողմերը պզտիկ ծակ մը բանայ: Այդ ծակերուն մէջէն անցուր ժապաւէնին ծայրերը եւ տուփին ներսի կողմէն հանգոյց մը ըրէ:
Տուփին մէջ պոնպոններ կամ պզտիկ նուէրներ դիր, կափարիչը գոցէ եւ տուփը ծածկէ ծառով:
ԽՈՀԱԳԻՐ
ՄԱՆԹԵՔԱՏՈՍ
Սպանիոյ մէջ տարբեր տեսակի անուշեղէններ կը պատրաստեն Կաղանդի շրջանին` այցելուներուն հրամցնելու համար: Մանթեքատոները կիտրոնով եւ կասիայով պզտիկ սապլէներ են: Այս խոհագիրը եկած է Անտալուսիայէն, երկրին հարաւը գտնուող շրջան մը:
Պէտք ունիս (8 հոգիի համար, 20-25 կտոր)
1 կիտրոնի, 500 կրամ ալիւրի, 200 կրամ փոշի շաքարի, 25 սանթիլիթր արեւածաղիկի կամ պիստակի իւղի, 29 նուշի, քիչ մը կասիայի փոշիի:
Պատրաստութիւն
1.- Կիտրոնը լուա՛ տաք ջուրով, ապա չորցուր եւ տաշէ անոր կեղեւը:

2.- Խորունկ ամանի մը մէջ դիր ալիւր եւ ապա` շաքարը: Աւելցուր իւղը եւ կիտրոնի տաշուքը:3.- Այս բաղադրութիւնները ձեռքերովդ շաղէ եւ պատրաստէ խմորը:
5.- Չափահասէ մը խնդրէ, որ փուռը վառէ 180 աստիճանի վրայ (թերմոսթա6): Փուռի յատուկ ափսէի մը վրայ կարագ քսէ եւ քիչ մը ալիւր սրսկէ: Պզտիկ անուշեղէնները զետեղէ ափսէին վրայ:
7.- Ձգէ, որ մանթեքատոները եփին 10-15 վայրկեան` ըստ իրենց չափին. անոնք պէտք է քիչ մը կարմրին:

8.- Երբ կարկանդակները փուռէն հանես, անոնց վրայ քիչ մը կասիա սրսկէ: - Կրնաս պզտիկ կաղապարներ գործածել կարկանդակներուդ անուշիկ ձեւեր տալու համար. սիրտ, աստղ, ծաղիկ...
– Այս կարկանդակները շատ համեղ են. սակայն կրնաս նաեւ անոնց ուրիշ համեր ալ տալ, 100 կրամ ալիւրի փոխարէն` 100 կրամ նուշի փոշի դնելով: Մանթեքատոները կ՛ուտուին թէ՛ գաղջ, թէ՛ պաղ:
ԺԱՄԱՆՑ

Կրնա՞ս գտնել վերի առաջին պատկերին եւ միւս իւրաքանչիւր պատկերներու միջեւ գոյութիւն ունեցող երկու տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու եռանկիւնը` գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը կը համապատասխանէ անոր տակը գտնուող երկու շրջանակներուն մէջի թիւերու գումարումին: