ՊԵՐՃՈՒՀԻ ԱՒԵՏԵԱՆԻ «ԲԵՄԱՀԱՐԹԱԿ»-Ը
Եթէ պահ մը ընդունինք, որ 1994-ին լոս տեսած «Կտակը» խորագրեալ փոքրածաւալ հատորը այցետոմսն էր գրական աշխարհ նոր մուտք գործած արձակագիր Պերճուհի Աւետեանին, այս պարզ իրողութենէն մեկնելով կրնանք հաստատել, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ տպարանէն քանի մը շաբաթ առաջ լոյսին եկած «Բեմահարթակ»-ը` իբրեւ 77-րդ հրատարակութիւնը «Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակ»-ի, այս շնորհալի պատմուածագիրին գրական անցագիրն է: 17 տարիներու լռութենէ ետք, այսօր, «Կտակը» գիրքի սկսնակ գրողը ընթերցողներուն կը ներկայանայ իր ձեռագիրը բիւրեղացուցած հասուն գրագէտի պայծառ կերպարանքով: Ճիշդ է, որ իր երախայրիքի ծնունդէն ետք, Պերճուհի Աւետեան յաճախ երեւցաւ սփիւռքահայ, բայց յատկապէս սուրիահայ մամուլի էջերուն, այնուամենայնիւ, նոյնքան ճիշդ է, որ ուշադրութեան արժանի իր պատմուածքներուն մէկտեղումով միայն ձեւ ու կերպարանք ստացաւ ամբողջական դիմագիծը կայացած արձակագրուհիին:
«Բեմահարթակ» ժողովածուն կ՛ամփոփէ միջակ ու ծաւալուն 28 պատմուածքներ, որոնք մեծաւ մասամբ գրուած են վերջին տասնամեակին: Պատմուածքներ` որոնց թատերաբեմը նոյն աշխարհն է, Արեւելքը բնորոշող Հալէպ քաղաքը` իր հայ ու այլազգի երկսեռ տիպարներով, բարքերով ու հարցերով, երեւոյթներով ու մթնոլորտով, եթէ նոյնիսկ հեղինակուհին յականէ անուանէ չի յիշատակեր իր պատմուածքներուն հասցէն: Աշխարհ մը պարզապէս, ուր իրականութեան եւ անորոշութեան միջեւ տարուբերող հերոսներն ու հերոսուհիները կ՛ապրին իրենց կեանքի տրամը, կը սիրեն, կ՛անտեսուին, կը տագնապին, կը տարուին սովորական թուացող հարցերու արտասովոր առանձնայատկութիւններէն եւ նկարագիր ու դիմագիծ կը կազմեն: Այսպէս են Պերճուհի Աւետեանի վերոնշեալ հատորը կազմած 28 ստեղծումները, անոնք ըլլան կարճ, քանի մը էջի մէջ ամփոփուած պատկերներ, թէ էջերու վրայ երկարած ծաւալուն պատմուածքներ: Պարզ ու բնական, իրաւ ու ներգրաւող, բայց միաժամանակ` հեռու պարզունակ եւ աշխատցուած ըլլալու բռնազբօս ճիգէն:
Եթէ հեզասահ, ջերմ ու հաղորդական լեզուն Պերճուհի Աւետեանի պատմուածքները բնորոշող առաջին արժանիքն է, երկրորդ յատկանիշը իր գրագէտի սուր եւ խորաթափանց աչքն է: Պայծառ ու կենդանի նախադասութիւններով իր պատմուածքներուն թատերաբեմն ու տիպարները պատկերող արձակագրուհին, շնորհիւ իր գրագէտի նուրբ շնորհին եւ սուր աչքին, կը յաջողի ո՛չ միայն ստեղծել վարակիչ մթնոլորտ մը, այլեւ լոյսին կարկառել իր տիպարներուն ներաշխարհը ալեկոծած տագնապներուն հոգեբանական ծալքերը: Յուշն ու ինքնահարցադրման արձագանգները կը միահիւսուին դէպքերու զարգացումին, եւ հերոսները, իրենց կարգին, կ՛ապրին իրենց կերպարային ամբողջացումը` դէպք առ դէպք աւելի լայն տարողութիւն ստացող դիպաշարային յառաջընթաց կշռոյթին զուգահեռ: Եւ կ՛առաջանայ ո՛չ միայն իր արեւելեան գոյներով, բայց յատկապէս հայկական տոհմիկ ու աւանդապահ նկարագրով պայծառացած անմիջական աշխարհ մը, այլեւ մարմին ու հոգի կը ստանան անոր հարազատ ծնունդը հանդիսացած տագնապահար հերոսներ, որոնք հոգեվիճակները առաւել եւս սրող իրենց մենախօսութիւններով, բնական երկխօսութիւններով եւ հեղինակային ծայր աստիճան հետաքրքրական ընդմիջումներով պատմուածքները կ՛օժտեն կառուցային իւրայատուկ լուծումներով:
Այս առումով` յատուկ ուշադրութեան արժանի են Պերճուհի Աւետեանի «Այր եւ կին», «Խորտակուած խամաճիկը», «Հետաքրքիր սենար», «Միւսը», «Հետքը», «Տունը», «Գլխագիր», «Հալալ կաթ» եւ «Մեծաւորը» պատմուածքները, որոնք իրենց կառուցային անձնադրոշմ լուծումներով` իրապաշտութիւնն ու արդիապաշտ հակումները ներդաշնակօրէն համադրող գրողական հնարքներով, կեանքի մնայուն երեւոյթներուն զարնուելու արժանիքով, պահն ու հոգեվիճակը անշարժացնելու բնատուր շնորհով, այլ մա՛նաւանդ թելադրական ու ջերմ անբռնազբօս ոճով նոր էջ մը կը բանան Պերճուհի Աւետեանի գրական կենսափորձին մէջ եւ իր «Բեմահարթակը» կը պահեն պայծառ լուսարձակի հակ:
ԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԽԱՄԱՃԻԿԸ
Շտապ օգնութեան մեքենայի խլացուցիչ սուլոց…
Խճողում, ծանօթ դէմքեր, ժխոր, վազվզուք, իրարանցում…
Ճերմակ սաւանի մէջ փաթթուած` սեւ մազերու ծփացող փունջով, խորտակուած խամաճիկի կերպարանք մը…
Ծամածռող ծանօթ դէմքեր, շարժող շրթունքներ, ժպիտներ ու…
«Հա՜-հա՜-հա՜…»
Սրունքները կծկուեցան, կուրծքը ցնցուեցաւ, սրտին զարկերը ժամացոյցի սլաքին նման թքթքացուցին կուրծքը: Վիզի շղթան կը ճնշէր շնչափողին վրայ: Օրը անբաւարար էր: Ձեռքը տարաւ կոկորդին: Բացաւ աչքերը: Անկողինին մէջ էր: Երազ էր… երկար շունչ մը քաշեց:
Տարօրինակ երազ էր:
Փորձեց պատկերացնել ծամածռող այդ դէմքերը… անոնք` մանուկ, պատանի, երիտասարդ, բոլորն ալ ծանօթներ էին… Զարեհը եւ հոգեբոյժն ալ կային:
– Ես այս միջավայրին մէջ կը խեղդուիմ, տոքթո՛ր: Դուրս գալ կ՛ուզեմ, հեռաւոր քաղաք մը երթալ, ուր ազատ կեանք կայ:
Հեւալով սիրտը բացած էր հոգեբոյժին, երբ մեծ յոյսով բախած էր անոր դուռը: Սակայն, չոր հարցումներէ ու հետախուզող նայուածքներէ զատ ուրիշ բան չէր գտած անոր մօտ:
Աչքերը յառեց առաստաղին: Երկաթէ օղակէն կախուած պրոնզէ ջահը կը ճօճէր դանդաղ:
Զինք չէին հասկնար… Ինք կ՛ուզէր վերանալ, անջատուիլ կապանքներէ ու չուել, ինչպէս չուած էր ան` Զարեհը…
Կողքի անկողինին մէջ կրտսեր քոյրը շարժեցաւ ու թաղուեցաւ վերմակին տակ: Ժամացոյցը առաւօտեան հինգը զարկաւ: Արձագանգը մարեցաւ սուրացող ինքնաշարժի հռնդիւնին մէջ: Առաստաղէն կախուած ելեկտրական ջահը ջնջուեցաւ ու շորորաց:
Արդէն ամիս մըն է, անկողին մէջ կծկուած կը դիտէր ու կը դիտէր սենեակին հանդարտութեան մէջ բնագիտութեան օրէնքներուն հնազանդելով ճօճուող ջահը: Շփեց կոկորդը: Ոսկի շղթան քերեց ափը: Զարեհին յիշատակն էր: Քրտինքը պատեց մարմինը: Յանդգնութիւնը կը պակսէր իրեն: Դեռ երիտասարդ էր, քսանինը տարեկան: Չէ՛, արդէն անիմաստ էր այս կեանքը: Քիչ մը քաջութիւն ու…
Բոլորը պիտի լսէին գոյժը, նոյնիսկ Զարեհը (ասանկ լուրեր կայծակի արագութեամբ կը կտրեն-կ՛անցնին ովկիանոսը): Պիտի ծամածռէին ու տային իրենց կարծիքները… Թօթուեց ուսերը:
Պղպեղ աղջիկ կ՛անուանէին զինք: Դպրոցին ամենակրակոտ եւ համարձակ աղջիկն էր, բոլորին ուշադրութեան առարկան: Գոգնոցին տակէն պոռթկացող մարմինին կլորութիւնները կպչուն նայուածքներ կ՛որսային: Տղոց հետ քաշքշուք, համարձակ կատակներ, միսի մէջ թաղուող յանկարծակի կսմիթներ: Տան սեմին երկու անգամ կը ծալէր մէջքի գօտին, անոր տակ հաւաքելով գոգնոցին կտաւը ու փէշի հասակը կը հասցնէր ծունկերէն թիզ մը վեր…: Սրունքները գեղեցիկ էին:
Գիշերանոցը նեղեց կծկուած սրունքները: Երկարեց զանոնք եւ սաւանին կակուղ հպումը զգաց: Դող մը անցաւ մարմինէն: Արմուկով օղակեց բարձը… Զարեհ կաշին ազատած էր այս քաղաքէն ու զինք ձգած հոս, այս տիղմին մէջ: Նոյնիսկ երկտող մը չէր ուղարկած…
Պատանի օրերուն ինք կեանքը իմաստաւորած էր հաւաքոյթներով, պտոյտներով, հրաւէրներով… Համարձակօրէն խուժած էր անոր դարպասէն ներս: Փայլփլող լոյսերը շքացուցած էին զինք, բայց երիտասարդութեան սեմին ամէն ինչ աստիճանաբար շատ սովորական դարձած էր, նոյնիսկ` ձանձրացուցիչ:
Արդէն հասկցած էր, որ այս գաղութին մէջ երիտասարդութիւնը կը թագադրուէր տիպար ամուսնութեամբ, երեւութապէս տիպար ընտանիք մը կազմելով:
– Պզտիկ քոյրդ քեզի անցաւ, շուտով կ՛ամուսնանայ, արդէն մեծցար, ալ գլխուդ ճարին նայիր,- խրատած էր մայրը:
Հօր բոլոր ձեռնարկները ձախողած էին: Ան իր ձախողութիւնները «բախտս չբերաւ»ով արդարացնելու միջոց գտած էր: Նիւթական անբաւարարութենէն ծնունդ առած հրէշը բոյն դրած էր տան զոյգ սենեակներուն մէջ, մաշեցնելով իրերն ու հոգիները… Մինչ մայրը բերնին մէջ որպէս ծամօն «աղջկան բախտը մայրէն լաւ չ՛ըլլար» նախադասութիւնը տեղի-անտեղի կը շռայլէր:
Ուշիմ աշակերտ էր: Բայց բարձր վկայականի արժանանալու մասին չմտածեց: Միջնակարգի շրջանը հազիւ քաշքշեց ու աշխատանքի վազեց: Վարսայարդարի մօտ գործ գտաւ: Յետոյ աշխատեցաւ իր անձնական նախաձեռնութեամբ, տունէ-տուն շրջելով, հագուստ ծախելով, մազ շինելով: Ապրելու համար դրամ պէտք էր: Ընկերային շրջանակ, բարեկամներ, ընկերներ կը վխտային շուրջը: Հանդիպեցաւ Զարեհին: Ան ուրիշ էր իր յիշողութիւններուն մէջ, բոլորէն տարբեր… Անխիղճը մինչեւ սրտին խորը խոցած էր զինք:
Քոյրը ժամացոյցին նայեցաւ ու անկողինէն ցատկեց: Ինքը քնացած ձեւացաւ: Ան իր հաշիւները ժամանակին ու միջավայրին հետ յարմարեցուցած էր: Մօտ օրէն իր տիպար ընտանիքը պիտի կազմէր:
Ներսէն լսեց հօրը չոր հազը` փաթթուած հայհոյանքի մը հետ: Քիչ ետք ծայր պիտի առնէին մօրը գանգատները: Ան միշտ լուրերով պարարտացած տոպրակ մը ունէր:
– Դրացի Զապէլին աղջիկը ի՜նչ լաւ տեղէ կ՛ուզուի կոր, ամմա հայրն ալ գորգ, սառնարան ամէն ինչ տեղը տեղին պիտի տայ եղեր… ձեր պապուն պէ՞ս,- սկսած էր մայրը քանի մը օր առաջ.
– Կը բաւէ այլեւս,- անհամբերութեամբ ձեռքը զարկած էր սեղանին:
– Խելքիդ եկա՞ն,- շուարած նայած էր մայրը:
Այլեւս լռակեաց, առանց մեկնաբանութեան մտիկ ընելու կարողութիւն չունէր: Ինչո՞ւ ցեցը կը կրծէր զինք: Զապէլին աղջիկը իրմէ ինչո՞վ աւելի լաւ էր: Հարցումը դարձած էր մտքին մէջ ամբողջ օրը, առանց համոզիչ պատասխան գտնելու:
Յաջորդ օրը մայրը կրկին բացած էր լուրերու էջը, դիմելով քրոջը.
– Գիտե՞ս, Զապէլին աղջկան ինչ բերեր են. ահա այս հաստութեամբ ոսկի ապարանջայ մը,- ցուցամատը առաջ երկարելով շարունակած էր քէնոտած,- ոչ թէ քեզինին պէս բարակ թենեքէ: Կը տեսնե՞ս բախտը…
Պատառը կոկորդին մէջ` շխկացուցած էր դուռը ու դուրս նետուած:
– Այս աղջիկը ջղային խանգարում ունեցաւ, իրեն ի՞նչ ըսող եղաւ որ,- լսած էր մօր փսփսուքը:
Ու մայրը կը սկսէր յանկերգը` բախտով փիլիսոփայելու, բախտով գուշակելու, բախտով եզրափակելու: Թերեւս իրաւունք ունէր: Հապա ինչո՞վ բացատրել իր ծնունդը այս ընտանիքին մէջ, բոլոր երկրպագուներէն Զարեհի հանդէպ զատորոշուած սէրը, անոր յանկարծակի հեռանալը: Անսիրտը գոնէ չխոստանար` «շուտով քեզ ալ պիտի տանիմ»:
Եկեղեցւոյ առաւօտեան ժամերգութեան զանգը` «տին-տան, տին-տան», հնչեց յստակօրէն: Ժամը ութն էր: Հօրը հազին փշրանքը դրան ճռինչին խառնուելով ինկաւ փողոց: Սենեակին դուռը թեթեւակի ետ գնաց: Ինք քնացած ձեւանալով փակեց աչքերը: Երկուշաբթի էր, իր արձակուրդի օրը:
– Մինչեւ գալս` քոյրդ առանձին չձգես, այս օրերուն հանգիստ չէ, պապադ գնաց, ես ալ շուկայ կ՛երթամ, քիչ մըն ալ Զապէլենց մտնեմ,- դրան ճեղքէն մօրը զնգուն ձայնն էր:
«Օ՜ֆ, նորէն առտու կանուխ լուր հաւաքելու կ՛երթայ»` մտածեց:
– Ես ալ գործի պիտի երթամ, չուշանաս,- փսփսաց քոյրը դժգոհ:
– Լա՛ւ, լա՛ւ, չեմ ուշանար,- ըսաւ մայրը:
Կրկին դրան ճռինչ ու շխկոց: Հովը խուժեց կիսաբաց դռնէն: Ջահը դողդղաց ու ճօճիլ սկսաւ: Մօրը օժիտին հնութեամբ դիմացկուն պրոնզէ ջահ էր:
Ամերիկա ըրած դիմումը մերժուած էր: Առանց այլեւայլի ոչ ըսած էին: Ֆրանսական վիզան ալ ձախողեցաւ: Աւստրալիան աշխարհի անդի ծայրն էր: Անոր անգամ յօժարեցաւ: Քաղաքը այցի եկած ազգականուհին քաջալերեց:
– Քու տեղդ հոն է: Այս մեռած քաղաքին մէջ ի՞նչ կ՛ընես: Ես երթալուս պէս թուղթերդ կը ղրկեմ, անհոգ եղիր,- ըսաւ.
Յետոյ… «Դուն աղջիկ զաւակ ես, հոնկէ մէկը գտիր», գրած էր` կարօտով ու համբոյրներով ծրարելով միակ երկտողը:
– Բախտին մէջ չկայ նէ չ՛ըլլար,- եզրափակած էր մայրը:
Հոս ալ բախտը պիտի ցցուէր: Ձանձրացած էր չորուցամաք, անհրապոյր փիլիսոփայութիւններէն: Ինք այդ բախտը կը շրջէր… Միայն քիչ մը քաջութիւն:
Առաստաղէն կախուած ջահը անշարժացած էր: Քանի՞ տարիներէ ի վեր կախուած էր հոն. հաշուեց, հաստատ` երեսուն… Այն ատեն պրոնզ մետաղէ իրեր նորոյթ էին: Հայրը ի՞նչ երազներով կախած էր այդ ջահը:
Քոյրը հայելիին առջեւ կ՛ամբողջացնէր արդուզարդը: Գրաւիչ աղջիկ էր: Իրեն ալ կը նմանէր, բայց իր մազերը աւելի առատ, հասակը աւելի սլացիկ ու նայուածքը երազկոտ էր: «Բախտը լաւ թող ըլլայ», պիտի ըսէր մայրը:
– Անի, արթո՞ւն ես,- ձայնեց քոյրը:
Չպատասխանեց: Ան պայուսակը նետեց ուսին ու դուրս եկաւ: Փողոցի դրան փակման հետ ջահը շորորաց ճօճանակի շարժման օրէնքին ենթարկուելով:
– Քիչ մը քաջութիւն միայն,- փսփսաց:
Վճռական ցատկեց անկողինէն, ստուգեց միւս սենեակն ու խոհանոցը, մարդ չկար: Պահարանի խորշէն դուրս բերաւ պահած պարանը, աթոռները իրարու վրայ դրաւ ու մատներուն վրայ բարձրանալով հասաւ ջահի կախիչին, պարանին ծայրը տենդագին ամրացուց անկէ, միւս ծայրն ալ վիզի շղթային: Զարեհին նուիրած շղթան կ՛օգտագործէր:
Շտապ օգնութեան մեքենայի սուլոցը հնչեց ականջներուն: Ձայնը մարեցաւ` վերածուելով խշրտուքի: Նայեցաւ շուրջը: Որքա՜ն բարձր էր, բոլորէն բարձր, կրնար սլանալ: Հեւաց, գլխապտոյտ զգաց, ամուր բռնեց պարանը…
«Քաջ պէտք է ըլլալ». հոգեբուժի կանաչ կատուի աչքերն էին, սափրուած դէմքին վրայ փայլող:
«Դուն ճարպիկ աղջիկ ես, կեանքը տակաւին դէմդ է, հասկցի՛ր, վիզաս եկաւ, ես այս առիթը պէտք չէ փախցնեմ». Ջարեհի վերջին խօսքերն էին:
– Ես խամաճիկ չեմ, ես խամաճիկ չեմ, կրնամ սաւառնիլ, հա՜-հա,- քրքջաց:
Եկեղեցւոյ զանգը` «տա՛ն, տա՛ն, տա՛ն», դանդաղ զարկերով հնչեց: Ոտքերուն մատներուն ծայրով հրեց աթոռը: Պարապութեան մէջ սաւառնելու հաճոյքը կը վայելէր:
Աթոռներու թաւալման դղրդիւնը խեղդուեցաւ եկեղեցւոյ տխուր ու դանդաղ զանգին զարկերուն արձագանգին մէջ: Վարը, եկեղեցւոյ բակէն ուսամբարձ դուրս կը բերէին երկար տարիներ մահ սպասող ծերուկի մը դագաղը, մինչ վերը, երրորդ յարկին առաստաղէն պրոնզէ ջահը առանձին չէր, որ կը ճօճէր` ճօճանակի շատ տարրական օրէնքներուն ենթարկուելով:
ՊԵՐՃՈՒՀԻ ԱՒԵՏԵԱՆ