ՎԻՔԻԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Երեքշաբթի, 8 նոյեմբեր 2011-ին ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչական ընկերուհիներս հաւաքուած էինք «Գարեգին Նժդեհ» ակումբ, ներկայ ըլլալու ԼՕԽ-ի շրջանային վարչութեան կազմակերպած միօրեայ համագումարին: Դժբախտաբար անակնկալ գուժ մը սաստեց մեր բոլորին հոգիները, տխուր էր պահը… տխուր էինք մենք:
Համագումարին, ժողովի բացման, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչը, խնդրեց ժողովականներէն, ուր վայրկեան մը յոտնկայս լուռ մնան, յարգելու առյաւէտ մեզմէ բաժնուած ԼՕԽ-ական Վիքի Դաւիթեանի յիշատակը:
Այդ օր ֆիզիքապէս դուն ներկայ չէիր, բայց լուսաւոր կերպարդ կ՛ուրուագծուէր քեզ ճանչցող արցունքոտ բոլոր աչքերուն մէջ:
Վիքին եղած է տիպար կին, մայր երկու զաւակներու, որոնց դաստիարակութեամբ զբաղեցաւ մինչեւ անոնց վկայուիլը ու աշխատանքի դաշտ անցնիլը: Ան ունէր յատուկ սէր ուսման հանդէպ, ամբողջ կեանքի ընթացքին նուիրուեցաւ շրջան մը ուսուցչութեան, ապա միութենական կեանքի: Միշտ եղաւ անսակարկ աշխատող զոհուող ու ծառայող օրինակելի ԼՕԽ-ական:
Եղաւ հաւատացեալ քրիստոնեայ, սկզբունքներու տէր, ներկայութիւն տիրական խօսքով ու բեղուն գործունէութեամբ:
Սիրելի՛ Վիքի,
Կարելի չէ սեղմ տողերու մէջ ներկայացնել ԼՕԽ-ի հանդէպ ունեցած սէրդ ու նուիրումդ:
Իբրեւ վարչական ընկերուհիներ, պիտի շարունակենք հետեւիլ քու օրինակելի տիպարիդ, եւ մեր երթը պիտի ընթանայ նոյն զոհաբերութեան ոգիով` ի շահ ԼՕԽ-ի այս կանանցի հսկայ կազմակերպութեան:
Յիշատակդ անթառամ, սիրելի՛ ընկերուհի…
Հողը թեթեւ գայ վրադ:
ԼՕԽ-Ի
«ԱՂԱՒՆԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ» ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ԸՆԿԵՐՈՒՀԻ ՄԸ