Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.- ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ԿԱՊԻ ՔՐԵՔԸՐ`ԻՆՔՆԱՇԱՐԺՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ (FIA) ԱՆԴԱՄ
Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ յայտարարուեցաւ, որ ակումբին պատասխանատուներէն Կապի Քրեքըր ընտրուեցաւ ինքնաշարժներու միջազգային ֆետերասիոնի (FIA) անդամ:
Նշենք, որ առաջին անգամ ըլլալով լիբանանցի մը մաս կը կազմէ միջազգային ֆետերասիոնին: Նշենք, որ ան մաս կը կազմէ off road-ի միջազգային յանձնախումբին, որ կ՛ընդգրկէ 14 անդամ: Անոր նախագահն է զուիցերիացի մը:
Յայտնենք, որ այս ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ Նիւ Տելհիի մէջ (Հնդկաստան):
CATEGORIES Մարզական


