ՆԱԽԱԳԱՀ ԶՕՐ. ՄԻՇԵԼ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԴՈՒԻՆ ՄՈՒՄՋՈՂԼԵԱՆԸ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ՀՄԸՄ Պէյրութի եւ Լիբանանի փինկ փոնկի ազգային խումբին մաս կազմող Դուին Մումջողլեանը, որ նախագահին նուիրեց Արեւմտեան Ասիոյ փինկ փոնկի ախոյեանութեան բաժակը, որուն շնորհիւ ապահոված էր 2012-ի Լոնտոնի Ողիմպիականի իր տոմսը:

Դուին Մումջողլեանի կ՛ընկերակցէին Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլա, փոխնախագահներ Րաֆֆի Մումջողլեան եւ Ահմետ Արաքժի, գանձապահ Ուաէլ Նուրէտտին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան եւ մարզիկին մայրը` Թալին Մումջողլեան:

Այս առիթով նախագահը յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց Դուին Մումջողլեանին` անոր յաջողութիւն մաղթելով Ողիմպիական խաղերուն:

Իր կարգին, Հաժ Նիքոլա յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց նախագահին` անոր շնորհակալութիւն յայտնելով, որ միշտ քաջալեր կը հանդիսանայ մարզական ամէն տեսակի իրադարձութիւններուն:

Share this Article
CATEGORIES