ՄԱՆԿԱԲՈՅՐ ԵՐԵԿՈՅ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Ուրբաթ, 25 նոյեմբեր 2011, իրիկուան ժամը 7:00-ին, ականջալուր Յիսուսի «Ձգեցէք, որ մանուկները ինծի գան» (Մր. 10.14) հրահանգին, դպրեվանքի մէջ ելոյթ ունեցան երկու տիպար հայ մանուկներ, որոնք իրենց ծնողներով եւ հարազատներով դպրեվանք եկած էին:
Նախ բեմ բարձրացաւ 5 տարեկան Մեղեդի Տէր Յարութիւնեանը, որ իր անմեղունակ շրթներով հայ դասական բանաստեղծներէն փունջ մը ոտանաւորներ ասմունքեց:
Ապա բեմ բարձրացաւ 7 տարեկան միւս շնորհալի աղջնակը` Լիա Գէորգեանը, որ գրաբարով եւ աշխարհաբարով սաղմոսներէն ու Հայ եկեղեցւոյ աղօթքներէն արտասանեց:
Ելոյթը եզրափակեց տեսուչ Նարեկ արք. Ալեմեզեանը, որ բարձրօրէն գնահատեց երկու մանուկներն ու անոնց ծնողները եւ ընդգծեց. «Ահաւասիկ լոյսին պայծառ կը ճառագայթէ այն իրողութիւնը, որ երբ հայ ընտանիք, հայ դպրոց եւ Հայ Եկեղեցի մեր հայ քրիստոնեայի ինքնութիւնը համապարփակօրէն ըմբռնեն, այսպիսի օրհնեալ եզակի երեւոյթի դիմաց կը գտնուինք: Երանի՜ այս երեւոյթը աւելի տիրական դառնայ մեր հայ իրականութեան մէջ»:
Տեսուչ սրբազանը օրհնեց Մեղեդին եւ Լիան ու անոնց ժամագիրք նուիրելով` թելադրեց, որ շարունակեն կառչած մնալ մեր հոգեւոր եւ ազգային անգին ժառանգութեան:

