ԵՕԹԸ ՍԱՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՆՇՈՒՄ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Շաբաթ, 26 նոյեմբեր 2011, ընթրիքի ընթացքին, դպրեվանքին մէջ նշուեցաւ հոկտեմբեր, նոյեմբեր եւ դեկտեմբեր ամիսներուն ծնած եօթը սաներու` Զոհրապ սրկ. Աշըգեանի, Սամուէլ սրկ. Լախոյեանի, Գաբրիէլ կիս. սրկ. Եղիայեանի, Շանթ Շառոյեանի, Պետրոս Մանճիկեանի, Աւետիս Ասայեանի եւ Մկրտիչ Քիւրիւմեանի տարեդարձները:
Դպրեվանեցիներ «Բարի տարեդարձ» երգով իրենց ուրախութիւնը արտայայտեցին, շնորհաւորեցին իրենց եղբայրները եւ վայելեցին այս առիթով հրամցուած կարկանդակը:
Տարեդարձի հիւրասիրութիւնը ստանձնած էր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն եւ դպրեվանքի նախկին սաներէն Վազգէն քհյ. Աթմաճեան:
Տեսչութեան տնօրինութեամբ, ամէն ամսուան վերջին շաբաթ օրը պիտի նշուի տուեալ ամսուն ծնած դպրեվանեցիներուն տարեդարձը:
CATEGORIES Գաղութային

