ԲԱՌԱՐԱՆԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Տարիներ շարունակ ուզեցի Գուիտոն Լուսինեանի ֆրանսերէն-հայերէն բառարանը ունենալ: Առաջին տպագրութիւնը` 1903-ին: Պոլիս գացողի ապսպրեցի: Ապարդիւն: Գրասէր բարեկամ մը ունէր այդ բառարանը, մահացաւ, այրին խոստացաւ ինծի տալ այդ բառարանը: Ապարդիւն, քանի որ ինք ալ մահացաւ, եւ ժառանգորդը տարաւ այդ բառարանը, չհասկցայ` ի՞նչ ընելու համար: Հաստափոր գիրք մըն էր եւ գրադարան կրնայ զարդարել: Խմբագրական-թարգմանական աշխատանքի համար պէտք ունեցայ այդ բառարանին, եւ հայկական մեծ հաստատութենէ մը փոխ առի, ի հարկէ` ժամանակաւոր կերպով: Բազմիցս յիշեցումներ եղան, որպէսզի վերադարձնեմ, հակառակ անոր որ վստահ էի, թէ այդ հատորը տասնամեակներ իր դարակէն վար չէր առնուեր:
Բայց պէտք չէ յուսահատիլ:
Պատահեցաւ, որ Նիւ Եորք հաւատաւոր մտաւորականի տունը ընթրիքի հրաւիրուինք: Տանտիկինը հռչակ ունէր որպէս համադամներու վարպետ: Արդարացուց իր մասին եղած գովեստները: Սեղանին շուրջ, աշխարհի բոլոր հարցերը գինիով լուծելէ ետք, յանկարծ յիշեցի Գուիտոն Լուսինեանի բառարանը ունենալու արկածախնդրութիւններուս ձախողութիւնը: Պատմեցի: Տանտէրը զիս պահ մը դիտելէ ետք ըսաւ.
– Ես ունիմ, հօրս գրադարանին մէջ կար: Երկու հատորները միասին կազմուած են: Քեզի կու տամ:
Գնաց իր աշխատասենեակը եւ բերաւ մեծղի հատորը:
Տանտիրուհին, ընտանեկան յիշատակ եղող այդ բառարանէն տրամադիր չէր բաժնուելու, գրեթէ դժգոհ էր:
Տանտիրոջ հակազդեցութիւնը ազնուական էր, իսկ ինծի համար` փաղաքշական.
– Գիտեմ` որո՛ւ կու տամ,- ըսաւ ան:
Նուազ հագուստ-կապուստ գնեցինք, որպէսզի մեր ճամպրուկին մէջ տեղ ընենք փնտռուած եւ վերջապէս գտնուած այդ հատորին, որ երկու քիլոյէն աւելի կը կշռէր, եւ որ Նիւ Եորքէն Թահիթիի օդանաւով, տարաշխարհիկ նաժիշտներու հետ ճամբորդեց եւ հասաւ Փարիզ:
Իմ բառարան փնտռելու արկածախնդրութիւնս վերջ գտած էր, կը կարծէի:
Փարիզ, Ազգային առաջնորդարանին մէջ, սրբազանին եւ հաւատաւոր հայ բարեկամի մը հետ զրոյցի ընթացքին, ուրախութիւնս յայտնելու համար պատմեցի բառարան գտնելու հետախուզական հերոսութեանս յաջողութիւնը: Այդ հայը, որուն անունը պիտի չյիշեմ, որովհետեւ կը մերժէ բեմի լոյսերը, ըսաւ.
– Բեր այդ գիրքը, իմ միջոցներովս արդիական սարքաւորումներով պատճէնահանենք, քանի օրինակ որ կ՛ուզէք:
Երբ Պէյրութ եկայ, իմացայ պատահմամբ, որ Հալէպի «ԿԻԼԻԿԻԱ» հրատարակչատունը, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան օժանդակութեամբ, վերահրատարակած էր Գուիտոն Լուսինեանի բառարանը, միացնելով երկու հատորները:
Քանատայէն բարեկամ մը բառարանի պատրաստութեան աշխատանքի ձեռնարկած է, բայց տեղեակ չէր, ինչպէս ես, աւելի քան տարի մը առաջ վերահրատարակուած այս բառարանէն: Մեր թերթերուն մէջ գէթ ես չհանդիպեցայ գրախօսականի մը: Իսկ ֆրանսախօս երկիրներու եւ շրջանակներու մէջ, քիչեր գիտէին Գուիտոն Լուսինեանի մասին, իսկ այս վերահրատարակութիւնը անծանօթ կը մնայ: Ի վերջոյ, այս ֆրանսերէն-հայերէն բառարանը Սուրիոյ հայերուն պահանջին բաւարարութիւն տալու չէ կոչուած, քանի որ հոն ֆրանսերէն խօսող եւ գրող հայերու թիւը չնչին տոկոս կը կազմէ: Իսկ ինչպէ՞ս ան պիտի հասնի Ֆրանսա, Պելճիքա, Քանատա, նաեւ` դրացի Լիբանան, ուր դեռ ֆրանսերէն խօսողներ եւ գրողներ կան, ֆրանսերէն ուսուցանող դպրոցներ կան:
Բառարանի առաջին էջերուն մէջ, ներածական խօսքով դոկտ. Զաւէն Եկաւեան կ՛ընէ ճիշդ հաստատում մը. «Աւելի քանհարիւր տարիներ անցած են արդէն անոր առաջին փարիզեան հրատարակութենէն, այնուհանդերձ, գործը մաշումի ենթարկուած չէ, ընդհակառակն, պատկառանք ու հիացում կ՛առթէ մեր օրերու մտաւորականութեան կամ շահագրգիռ անհատներուն եւս»: Ներածականէն կ՛իմանանք նաեւ, որ այս կոթողական գործին իրենց նպաստը բերած են «Փարիզի ժամանակաշրջանի հայ ուսանողներէն ոմանք, ինչպէս` Հ. Աճառեանն ու Արշակուհի Թէոդիկը, Զապէլ Եսայեանը, նաեւ` Երուանդ Օտեանը»:
Դոկտ. Զաւէն Եկաւեանի այլ մէկ հաստատումը ուշագրաւ է. «Այս բառգիրքը կը բովանդակէ ֆրանսերէն լեզուի բոլոր բառերն ու նորաբանութիւնները` իրենց հարազատ հայերէններով: Դիմորդը հոն պիտի գտնէ անհամար ոճեր, առածներ եւ փոխաբերութիւններ, որոնք մէկտեղուելով հին ու նոր հայերէն բառերու ու բարբառային ընտրանիի մը հետ` կազմած են Հայ Լեզուի եւս ճշմարիտ համայնագիտարան մը» (Ընդգծ. Յ. Պ.):
Ուշագրաւ է Զաւէն Եկաւեանի կոչը` ուղղուած բոլոր անոնց, որոնք կը կարծեն, որ հայերէնը չունի օտար լեզուներու ճոխութիւնը եւ ճկունութիւնը, եւ ափ կ՛առնեն օտարներու դրան առջեւ: Կը գրէ. «Թող հայ մամուլը (ի Հայաստան եւ սփիւռք) վերակենդանացնէ լուսանցք շպրտուած ինչ-ինչ գեղահիւս հայերէն բառեր»: Իր կարգին կը մէջբերէ Թէոդիկը, որ «Ամէնուն տարեցոյց»ին մէջ գրած է. «Թող անգամ մը Լուսինեանի բառգիրքը նային` տեսնելու համար, թէ հոն ի՜նչ աղուոր հայերէնները կան անոնց»: Թէոդիկ քննադատած է «ռուսահայ գրողները օտար եւ ոչ հայաշունչ բառեր գործածելու սովորամոլութեամբ»: Կացութիւնը չբարւոքեցաւ խորհրդային շրջանին, կը շարունակուի, եւ ներկայիս կը շեշտուի ամերիկերէնի ներխուժումով, արդիականութեան ստապատիր պիտակին տակ:
Երեւոյթը մեծ համեմատութիւններու կը հասնի նաեւ սփիւռքի մէջ, հայերէնի տեղատուութեան եւ արտագաղթի պատճառով ստեղծուած լեզուական խառնիճաղանճին իբրեւ հետեւանք:
Կոթողական գործ մը:
Սակայն լուծելի կը մնայ գիրքի փոխադրութեան խնդիրը, քանի որ առաքումը գինը կը բազմապատկէ երեքով: Մեր մշակութային եւ բարեսիրական կազմակերպութիւնները չե՞ն կրնար դուրս ղրկուելիք իւրաքանչիւր գիրքի առաքման ծախսը յանձն առնել, որպէսզի աշակերտներ, դպրոցներ եւ մտաւորականներ օգտուին այս կարեւոր հրատարակութենէն:
Նիւ Եորք գտնուող բարեկամիս պիտի ըսեմ, որ եթէ կ՛ուզէ, իր օրինակը կը վերադարձնեմ իրեն, կամ նոր հրատարակութենէն օրինակ մը կը բերեմ հետս:
Եթէ այս բառգիրքը սպառի (չեմ գիտեր թէ ի՛նչ է տպաքանակը) եւ Մաթիկ Էպլիղաթեան ստիպուի չորրորդ տպագրութեան մը ձեռնարկել, պիտի կարենանք առանց հռետորութեան եւ կարգախօս կրկնելու ըսել, որ դեռ կը տոկանք եւ կը տեւենք:
12 Դեկտեմբեր 2011

