ԹՈՒՆՈՒԶ. ՈՒՐ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԳԱՐՈՒՆԸ ՍԿՍԱՒ ՏԱՐԻ ՄԸ ԱՌԱՋ
Մարդը, որ տարի մը առաջ վառեց Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ յեղափոխութեան դիւրավառ թուղթը, կրակոտ, կրքոտ յեղափոխական մը չէր:
Մոհամետ Պուազիզի պտուղ եւ բանջարեղէն վաճառող երիտասարդ մըն էր, որ ամսական նուազ քան 150 տոլարի եկամուտով ութ հոգիի ծախսերը կը հոգար:
Անոր ձգտումն էր միանիւ ձեռնասայլակով բաւարար գումար գոյացնել, ոպէսզի բեռնատար ինքնաշարժ մը գնէ:
«Այդ օրը Մոհամետ դուրս եկաւ տունէն` իր ապրանքը վաճառելու համար, սովորականին նման,- ըսաւ քոյրը` Սամիա եւ շարունակեց,- Բայց երբ ան ապրանքը վաճառելու դրաւ, խորհուրդէն երեք քննիչներ` ոստիկաններ կաշառք պահանջեցին: Մոհամետ մերժեց վճարել»:
«Անոնք խլեցին ապրանքը եւ ինքնաշարժին մէջ դրին: Անոնք փորձեցին նաեւ խլել Մոհամետին կշիռքը, բայց ան մերժեց յանձնել, ուրեմն զայն ծեծի ենթարկեցին»: Ըսաւ Սամիա:
Թէ Մոհամետ կին պաշտօնատարի մը կողմէ եւս անպատուըւած է, թէ ոչ, վիճելի հարց է, սակայն 26-ամեայ երիտասարդին մէջ յանկարծակի բեկում մը յառաջացաւ:
Մոհամետ մեկնեցաւ կառավարիչին գրասենեակը իր ապրանքը պահանջելու համար: Կառավարիչը պիտի չտեսնէր զայն:
Ուրեմն ան առաւ թիթեղ մը պենզին, պարպեց իր վրայ եւ վառեց լուցկի մը:
ՀԱՄԱԿՐԱՆՔԻ ԱԼԻՔ ՄԸ
Մոհամետ Պուազիզին հիւանդանոց հասցուցին մահաքունի մէջ, մարմնին 90 առ հարիւրը այրած, բայց իր յուսահատական արարքը զայրացած ամբոխները փողոց իջեցուց:
Ի դէմս փտած պաշտօնատարներու, սղաճին եւ աշխատանքի առիթներու բացակայութեան, անոր անզօրութիւնը անօգնական վիճակը համակրանքի ալիք բարձրացուցին հրահրեցին:
Ապահովութեան դաժան ուժերուն դիմաց ցուցարարները չնահանջեցին, չընկրկեցան, այլ աւելի համարձակ, յանդուգն դարձան:
Նախագահ Պեն Ալի, երբ աճող ճնշումի ենթարկուեցաւ, Մոհամետ Պուազիզին այցելեց հիւանդանոցին մէջ:
Պուազիզի, երբ 5 յունուարին իր վէրքերուն պատճառով մահացաւ, խռովութիւնը սաստկացաւ: Հարիւրաւորներ սպաննուեցան, հարիւրաւոր ուրիշներ ձերբակալուեցան:
Թունուզի նախագահ Պեն Ալի` 23 տարիներ իշխանութեան վրայ եղող զինուորական ինքնակալ մը, պատկերասփիւռէն հանդարտութեան կոչ ուղղեց:
«Գործազրկութիւնը համաշխարհային հիմնախնդիր է», ըսաւ ան:
Ան վայրագութեանց համար մեղադրեց դիմակաւոր խմբակները` զանոնք «ահաբեկիչներ» անուանելով:
Արաբական աշխարհին մէջ, բազմաթիւ իշխողներու նման, Թունուզի նախագահը ինքզինք իսլամական ծայրայեղութեան դէմ իբրեւ պատուար տեսաւ:
Ան հաւատաց, որ միայն ատիկա իրեն քարթ պլանշ տուած է ճզմելու ժողովրդավարութեան մօտեցող որեւէ բան:
Բայց Թունուզի նախագահը թերագնահատեց խորութիւնը վրդովմունքին, որ կը զգար իր ժողովուրդը պաշտօնի չարաշահման, փտածութեան, տնտեսական տագնապին եւ պարզապէս վատ կառավարման հանդէպ:
ՆԵՐԲՈՂՈՒԱԾ
Փողոցի վաճառողին մահէն միայն 9 օր ետք, թունուզցիները լսեցին երկրի վարչապետին յայտարարութիւնը. «Նախագահը անկարող է իրականացնելու իր պարտականութիւնները: Իրականութեան մէջ նախագահը յանկարծակի փախուստ տուած էր իր ընտանիքին հետ, նախ`փորձելով փախչիլ Ֆրանսա, որ մերժեց արտօնել նախագահին օդանաւին էջքը, ապա` Սէուտական Արաբիա, որ Պեն Ալիի ապաստան շնորհեց, պայմանաւ որ վերջինս հրաժարէր քաղաքական գործունէութիւններէ:
Նախագահ Պեն Ալիի իշխանութիւնը աւարտած էր` յուսախաբ նպարավաճառի մը անձնասպանական արարքին հրահրած շարժումներուն դիմաց:
Մոհամետ Պուազիզի եթէ գոյութիւն ունեցած չըլլար, բնաւ ապրած չըլլար, այլ բան մը անպայման պիտի հրահրէր այսպէս կոչուած «Արաբական գարունը»:
Այս ժայթքումը, պոռթկումը տասնամեակներէ ի վեր կը կուտակուէր:
Բայց ամբողջ արաբական աշխարհին մէջ, եւ անկէ դուրս, Մոհամետ Պուազիզի եւ իր երկրին անունը այժմ ներբողուած է բանաստեղծութիւններու, ճառերու եւ երգերու մէջ:
Անվիճելի, անհարցաքննելի բռնապետութեան կաղապարը ընդմիշտ կոտրուած է:
ՖՐԵՆՔ ԿԱՐՏՆԸՐ
«Պի. Պի. Սի.»



