ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՖՐԱՆՍԱ

22 դեկտեմբեր 2011-ին` 2012-ի նախօրեակին, Ֆրանսա, յանձին իր Ազգային ժողովին, տուաւ պատմական նշանակալից ու սքանչելի որոշում մը, կարծէք վերակենդանացնելով 1789-ի ֆրանսական յեղափոխութեան կարգախօսները:

Այդ պատմական օրը Ֆրանսայի Ազգային ժողովը վաւերացուց 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը… հակառակ Թուրքիոյ կողմէ Ֆրանսայի վրայ բանեցուած ճնշումներուն եւ սպառնալիքներու շարանին, զորս Անգարա դրսեւորեց խստիւ դատապարտելով առնուած քայլը եւ զայն որակելով «պատմութեան դաւաճանութիւն»…

Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան այս ծիրին մէջ ըսաւ, թէ նշեալ օրինագիծը «մեր եւ Փարիզի միջեւ բացաւ դժուար բուժելի վէրքեր» ու այդ օրինագիծին թեր քուէարկած Ֆրանսայի երեսփոխանները դատապարտեց` յայտնելով, թէ անոնք ցեղապաշտութեան, խտրականութեան եւ այլամերժութեան հիմամբ տուին այս քաղաքական որոշումը» եւ թէ` «պատմական ու մարդիկ պիտի չներեն անոնց, որոնք պատմական իրողութիւնները կը շահագործեն` ի սպաս իրենց քաղաքական նպատակներու իրագործման»…: Մինչ այդ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենտ Առինճ դիտել տուաւ, որ նշեալ օրինագիծի քուէարկումը դաւաճանութիւն է պատմութեան ու պատմական իրողութեանց»:

Աւելի կարեւոր է Էրտողանի ըսածը, թէ` «Մենք հպարտ ենք մեր պատմութեամբ ու արդէն հանրութեան առջեւ բացած ենք թրքական բոլոր արխիւները:Ան որ կ՛ուզէ պրպտել զանոնք, թող հոս գայ: Պատմութիւնը խորհրդարաններու մէջ կատարուած քուէարկութեամբ չի գրուիր: Պատմութիւնը կ՛աղաւաղուի խորհրդարաններուն մէջ, եւ ան, որ կ՛աղաւաղէ պատմութիւնը` ներում չի ստանար»:

Այս վտանգաւոր հարցին դէմ յանդիման հարկ կը զգանք արձանագրել հետեւեալ կէտերը.-

Առաջին. Եթէ այս օրինագիծը Փարիզի հետ անբուժելի վէրքեր բացաւ Թուրքիոյ համար, ինչպէս կ՛ըսէ Էրտողան, ապա արդեօք դիւրի՞ն է բուժել օսմանեան պետութեան իթթիհատականներուն կողմէ, 1915-1916-ին աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայերու նահատակութեամբ բացուած վէրքերը:

Երկրորդ. Եթէ ֆրանսացի երեսփոխաններու այս քուէարկութիւնը կատարուած է ցեղապաշտութեան, խտրականութեան ու այլամերժութեան հիմամբ, ապա ինչպէ՞ս բացատրել Իթթիհատի Կեդրոնական խորհուրդի տուած որոշումները Հայոց ցեղասպանութեան ոճիրին գծով, 1915-ին: Արդեօք անոնք, Էրտողանի դիտանկիւնէն, «զուտ մարդկային որոշումնե՞ր են…»:

Երրորդ. Հարիւր առ հարիւր համաձայն ենք Էրտողանի այն խօսքին, թէ` «պատմութիւնն ու մարդիկը երբեք չեն ներեր անոնց, որոնք պատմական իրողութիւնները կը շահագործեն ի նպաստ իրենց քաղաքական նպատակներուն»: «Ու պիտի գայ այն օրը, երբ մարդիկ ու պատմութիւնը պիտի չներեն անոնց` պատմական իրողութիւնները ի սպաս իրենց քաղաքական նպատակներուն օգտագործած ըլլալնուն համար…

Արդարեւ, «պատմութեան մեծագոյն դաւաճանութիւնը» կատարուեցաւ իրենց (թուրքերուն) ձեռքով, երբ անոնք գործադրեցին 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը եւ այս` աշխարհի մեծագոյն պատմագէտներու, քաղաքագէտներու եւ զինուորականներու վկայութեամբն ու ճանաչումովը, հակառակ թուրքերու հերքումին, թէեւ պատմական իրողութիւններն ու փաստաթուղթերը անհերքելիօրէն կը հաստատեն իթթիհատականներու պատասխանատուութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան գծով` անուններով, թիւերու ու շրջաններու փաստարկումով:

Չորրորդ. Այս հիման վրայ հարց կու տանք Էրտողանի եւ թրքական վարչակարգի բոլոր պատասխանատուներուն, թէ ի՛նչ կը նշանակէ իրենց համար Հայոց ցեղասպանութեան ոճրարարքի հեղինակ` Թալէաթ փաշայի յուշերու բովանդակութիւնը: Այն յուշերը, որոնք լոյս տեսան քանի մը տարիներ առաջ, եւ ուր թիւերով ու անուններով նշուած են ցեղասպանութեան, բռնագաղթի ու աքսորի (որ կազմակերպուած մահավճիռի մէկ միջոց էր) եղելութեան իրողութիւնը` ջրելով այս գծով թրքական հերքումի բոլոր յերիւրանքները: Այդ յուշերը լոյս տեսան թուրք պատմագէտ` Մուրատ Պարտաքժիի կողմէ, որ զանոնք ստացած է նոյնինքն Թալէաթի այրիին` Խէյրիէի կողմէն:

Հինգերորդ. Իսկ ինչ կը վերաբերի թրքական արխիւներուն, ապա անոնք պատմագէտներու եւ հետազօտողներու համար տրամադրելի դարձած ցեղասպանութենէն 70 տարիներ ետք միայն ու զիրենք դատապարտող բոլոր փաստերն ու յուշագրութիւնները զտելէ ետք: Ահա այս հիման վրայ է, որ Էրտողան հանրութիւնը կը հրաւիրէ պրպտելու այն արխիւները, որոնք «մաքրագործուած են» զիրենք (թուրքերը) դատապարտող կամ իրենց կարծիքին հակասող որեւէ գրութենէ:

Վեցերորդ. Համաձայն ենք Էրտողանի այն խօսքին, թէ` ան որ կ՛աղաւաղէ կամ կը կեղծէ պատմութիւնը` չի ներուիր: Սակայն ան կ՛անտեսէ թէ, ինք եւ իր թուրք վարիչները պատմութեան ամէնէն հմուտ զեղծարարներն են ու կը յաւակնին իրենք զիրենք յորջորջել որպէս «պատմութիւն կերտողներ»:

Բնականաբար այս մէկը կ՛ընեն իրենց ուզած ձեւով եւ, ըստ իրենց շահերուն ու քաղաքականութեան, անտեսելով միւսները: Անոնք կը կարծեն, թէ ան որ չի հաւատար կամ չի գործեր ի նպաստ իրենց պատմութեան` «Դաւաճան» է: Խորքին մէջ սակայն, մարդկային իրա՛ւ պատմութիւնն է (եւ ոչ թէ Էրտողանեանը, թրքականը), որ ուշ կամ կանուխ պիտի քողազերծէ իր զեղծարարները ու պիտի չներէ անոնց. Ամէն բռնատէր իր վերջը ունի…

Եօթներորդ. Էրտողան Ֆրանսան դատապարտեց` յայտնելով, թէ անիկա ցեղասպանութիւն գործած է Ալճերիոյ մէջ: Ճիշդ է, բայց (այնպէս Ֆրանսա հրապարակաւ ճանչցաւ եւ ընդունեց իր սխալը ու ներում հայցեց համայն աշխարհէն ու յատկապէս` ալճերիացիներէն…

Ութներորդ. Որքա՜ն իրաւացի էր, ամերիկացի սեւամորթ ստրուկներու ազատարար` Աբրահամ Լինքըլնը, որ ըսած էր (կարծէք Էրտողանի հետ խօսելով). «Ո՜վ մարդ կրնաս ոմանք խաբել միշտ ու կրնաս ամէն մարդ խաբել որոշ ատեն մը, սակայն չես կրնար բոլոր մարդիկը ամէն ատեն խաբել»:

Իններորդ. Ֆրանսայի Ազգային ժողովին առած քայլը` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելով, իրապէ՛ս զուտ պատմական ու զուտ մարդկային որոշում է: Այդ որոշումը շրջանցեց Ֆրանսայի աշխարհագրական տարածքը, սփռուելով մինչեւ երկրագունտի հեռաւոր բեւեռները, որովհետեւ մարդոց մարդկայնութիւնն ու բարոյականը աւելի խոր ու տարածուն է ու չի սահմանափակուիր աշխարհագրական որեւէ մակագրումով կամ սահմանումով…

Տրուած ըլլալով, որ իրաւունքի ուժը ի վերջոյ պիտի յաղթանակէ ուժի իրաւունքին, մանաւանդ որ կայ իր պահանջներու իրագործման իրաւունքի ուժով զինուած հայ ժողովուրդի նման ժողովուրդ մը, ուրեմն չի կորչիր իրաւունքի դատ մը, որուն ետին կայ արդար պահանջատէր մը:

Ու վերջապէս, ուրիշ ի՛նչ կրնանք ըսել, քան` շնորհակալութիւ՛ն Ֆրանսա…

ԱԲՐԱՀԱՄ ՏԷՏԷԵԱՆ
Ճարտարարուեստի նախկին նախարար

Պէյրութ, 27 դեկտեմբեր 2011

Share this Article
CATEGORIES