ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ԺՈՂՈՎ
Շաբաթասկիզբին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած մրցումներուն արդիւնքները, հրապարակեց այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը, որ կրած է փոքր փոփոխութիւն մը:
Կազմուեցաւ յանձնախումբ մը` բաղկացած Հաշեմ Հայտարէ, Ռաէֆ Ալամէէ, Սըմաան Տուէյհիէ եւ Ժորժ Շահինէ, ինչպէս նաեւ Ա. դասակարգի ակումբներուն ներկայացուցիչներէն: Յանձնախումբը պիտի քննարկէ հետեւեալ երկու կարեւոր հարցերը.
ա.- Իւրաքանչիւր ակումբ պէտք է լաւապէս կազմակերպէ իր դաշտին վրայ կատարուելիք մրցումները:
բ.- Մարզիկներու փոխանցումներուն գծով մշակել օրէնք մը, որ անոնց ստորագրութիւնը ակումբի մը հետ մինչեւ անոնց ֆութպոլիստի ասպարէզին աւարտը չերկարի:
Ինչ կը վերաբերի այս շաբաթավերջին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին կատարելիք Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումին, ՀՄԸՄ-ի մրցակիցը պիտի ըլլայ Ուաֆաա Նապի Շիթ: Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 2:15-ին, տեղի պիտի ունենայ Խիարայի դաշտին վրայ (Պեքաա):
Նշենք, որ ֆետերասիոնին կողմէ այս մրցումին հսկող նշանակուած է Խալետ Խաթիպ:
Ստորեւ կու տանք այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը (բոլոր մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 2:15-ին).
ՈՒՐԲԱԹ, 13 ՅՈՒՆՈՒԱՐ ԴԱՇՏ
Նըժմէ – Խըյուլ Պուրճ Համուտ
Շապապ Սահել – Շապապ Ղազիէ Պհամտուն
Ահլի Սայտա – ՀՄՄ Սաֆա
Ռասինկ – Ախա Ահլի Ալէյ Պէյրութ
Մապարրա – Ահտ Սայտա
ՇԱԲԱԹ, 14 ՅՈՒՆՈՒԱՐ
Սաֆա – Թրիփոլի Պուրճ Համուտ
Թատամոն Սուր – Իրշատ Սայտա
ԿԻՐԱԿԻ, 15 ՅՈՒՆՈՒԱՐ
Անսար – Սալամ Սուր Սայտա