ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ՓԻՔԱՍՈՅԻ ՄԷԿ ԳԵՂԱՆԿԱՐԸ` ԳՈՂՑՈՒԱԾ
ՄԻՆՉ ՅՈՒՆԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐԱՍՐԱՀ ՄԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԷՐ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ, ԱՆԴԻՆ` ԳՈՂԵՐ ԿԸ ԽԼԷԻՆ ԱՆՈՒԱՆԻ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐԷ ԳՈՐԾԵՐ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՊԱՏՄԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս:
Փիքասոյի մէկ գեղանկարը, զոր արուեստագէտը անձամբ նուիրած էր Աթէնքի Ազգային պատկերասրահին, երկուշաբթի օր գողցուեցաւ արուեստի երկու այլ արժէքաւոր գործերու հետ:
«Կնոջ գլուխ» վերնագիրով գեղանկարը Յունաստանի նուիրուած էր 1949-ին` ի յարգանս նացի Գերմանիոյ դէմ երկրին դիմադրութեան:
Ոստիկանութեան կողմէ հրապարակուած յայտարարութիւնը կ՛ըսէ, թէ գողցուած են նաեւ Մոնտրիանի մէկ գեղանկարը եւ իտալացի արուեստագէտ Կուլիելմօ Քաչիայի (ծանօթ` նաեւ Իլ Մոնքալվօ անունով) մէկ ճեպանկարը:
Գողութիւնը տեղի ունեցած է առաւօտեան ժամը 5:00-ին, հազիւ 7 վայրկեանի մէջ, ինչպէս կ՛ըսէ ոստիկանութիւնը:
Գողը կամ գողերը պատկերասրահ թափանցած են պատկերասրահին ետեւի կողմէն` կոտրելով պատշգամի դուռ մը:
Գողցուած երեք գործերը դուրս բերուած են իրենց շրջանակներէն:
Պատկերասրահին ապահովութեան հսկող պահակներէն մէկը լսած է գողութեան դէմ ահազանգ մը եւ տեսած է դիմաստուերը անձի մը, որ վազելով կը հեռանար կառոյցէն:
Պահակը վազած է գողին ետեւէն, որուն ձեռքէն փախուստի պահուն գետին ինկած է Մոնտրիանի մէկ դաշտանկարը:
Ոստիկանութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ կիրակի երեկոյեան շէնքին մէջ տարբեր տեղեր հնչած են բազմաթիւ ահազանգեր` դիտումնաւոր կերպով շեղելու համար պահակին ուշադրութիւնը: Երբ ան գացած է ստուգելու, ոչ ոք տեսած է պատկերասրահին մէջ:
Գողութիւնը տեղի ունեցած է «Անծանօթ գանձեր» վերնագիրով ցուցահանդէսի մը վերջին օրը: Այս ցուցահանդէսը կ՛ընդգրկէր գործեր` գերմանացի արուեստագէտ Ալպրեխթ Տիւրերէն եւ Ռամպրանթէն:
Փիքասոյի «Կնոջ գլուխ» գեղանկարը խորանարդապաշտ դիմանկար մըն է, զոր արուեստագէտը գծած է 1939-ին: Մոնտրիանի գործը իւղանկար մըն է, որ կը պատկերէ գետափի հողմաղաց մը եւ իրագործուած է 1905-ին: Քաչիայի ճեպանկարը կրօնական գործը մըն է, ուր մելանով պատկերուած է Ս. Տիեկօ տէ Ալքալան:
Ցարդ թանգարանին պատասխանատուներ չեն ճշդած գողցուած գործերուն գինը, սակայն անոնք գողութենէն ի վեր փակ պահած են պատկերասրահը:
Պատկերասրահը արդէն կը պատրաստուէր ընդարձակուելու եւ վերանորոգուելու` «Անծանօթ գանձեր» ցուցահանդէսին աւարտին, եւ ամէն պարագայի պիտի փակուէր:
Յունաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ մնայուն կերպով կը ցուցադրուին յետբիւզանդական ժամանակաշրջանի յունական արուեստի գործեր, ինչպէս նաեւ` Վերածնունդի ժամանակներու փոքր հաւաքածոյ մը եւ Էլ Կրեքոյէն գեղանկարներ:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ



