ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ՄՈՌՑՈՒԱԾ ՆՇԱՆՆԵՐ

Փոփեք ի յայտ բերած է գործածուած գիրքերու մէջ մնացած աւելի քան 700 նշաններ:

ԳՈՐԾԱԾՈՒԱԾ ԳԻՐՔԵՐԸ ՈՒՆԻՆ ԻՐԵՆՑ ԳԱՂՏՆԻ ԿԵԱՆՔԸ: ՄԱՐԻԱ ՓՈՓՈՎԱ «ՊՐԷՅՆՓԻՔԻՆԿԶ» ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԻՐ «ՅԱՅՏՆԱԲԵՐԱԾ» ՄԷԿ ՆՈՐ ԳԻՐՔԸ, ՈՐ ԿԸ ՀԻՒՍԷ ՁԵՌՔԷ ՁԵՌՔ ԱՆՑԱԾ ԳԻՐՔԻ ՆՇԱՆՆԵՐՈՒ ԳՈՒՆԱԳԵՂ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ: «AMAZON.COM» ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ԿԱՐԴԱՆՔ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ` ԱՆԴԻՄԱԴՐԵԼԻ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆ ՍՏԵՂԾՈՂ ԱՅՍ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԳԻՐՔԻՆ ՄԱՍԻՆ:

Ձեւագծող Փոլ Ռանտ ի՞նչ գործ ունէր Հիթլերի հետ, կամ Ճէյն Օսթընը` գնումի ցանկերու եւ սիրային բացիկներու:

Եթէ ինծի պէս կը սիրէք կարդալ գիրքերու լուսանցքներուն մէջ ուրիշներուն գրած նոթերը եւ գործածուած գիրքերու թաքուն պատմութիւնը, ապա պիտի հմայուիք «Ֆորկաթըն պուքմարքս. Է պուքսելըր՛զ քոլլեքշըն աֆ օտ թինկզ լոսթ պիթուին տը փէյճըզ» (մոռցուած գիրքի նշաններ. գրավաճառի մը հաւաքածոն` էջերու միջեւ կորսուած տարօրինակ բաներու) գիրքով: Անիկա նորագոյն օրինակն է համացանցի վրայ ազատ արտայայտութեան այն կայքերուն (պլոկ), որոնք ի վերջոյ կը վերածուին յաջողութիւն արձանագրող գիրքերու: Գիրքին վերնագիրը ինքնին այն կայքին անունն է, որ կը պատկանի հեղինակին` գրավաճառ Մայքըլ Փոփեքի:

«Պատահած է բոլորիս. գիրք մը կը կարդանք, յանկարծ բան մը կ՛ընդհատէ մեր ընթերցումը, մեր ձեռքը կ՛երկարենք ամէնէն մօտիկ որեւէ բանի մը, որպէսզի զայն դնենք գիրքին մէջ` նշելու համար, թէ ո՛ր էջը հասած ենք: Անիկա կրնայ ըլլալ գնացքի տոմս մը, նամակ մը, ծանուցում մը, լուսանկար մը, բոյս մը: Ի վերջոյ գիրքը իր ճամբան կը գտնէ դէպի դուրսի աշխարհը, կը հասնի գրադարան մը, կը տեղաւորուի այլոց դարաններուն վրայ կամ վաճառքի կը դրուի գործածուած գիրքեր ծախողի մը քով: Սակայն ի՞նչ կը պատահի գիրքի այդ կորսուած նշաններուն: Ի՞նչ պատմութիւն պիտի պատմէին անոնք»:

Այսպէս կ՛ըսէ 192 էջերէ բաղկացած գիրքին ներածականը: Ընթերցանութեան  համար շինուած գիրքի յատուկ նշաններէ մինչեւ լուսանկարներ, տոմսերու ծայրամասեր, ցանկեր, խծբծուած խոհագիրներ, մանուկներու գծանկարներ, ծննդեան վկայագիրներ, տերեւներէ բաղկացած բոյսեր, չուղարկուած սիրային նամակներ, ծիծաղաշարժ, սրտառուչ, տարօրինակ եւ անցողակի անհամար բաներ կը լեցնեն Փոփեքի գիրքը: Անոր ամէնէն հետաքրքրական յայտնաբերումները կը բանան հազուադէպ պատուհան մը դէպի անանուն անծանօթներու անձնական կեանքը, բացայայտելով պատառիկներ` անոնց կեանքի պատմութիւններէն:

Գրաւիչ, կախարդական, անդիմադրելի կերպով այլոց մտերմիկ կեանքին մէջ թափանցելու կարելիութիւնը ընձեռող այս գիրքը բոլորովին նոր եւ ամբողջութեամբ հաճելի ձեւով կը պեղէ այն սերտ կապը, որ ունինք գիրքերու հետ:

Ցերեկը Մայքըլ Փոփեք կ՛աշխատի իր ընտանեկան գրատան մէջ: Գիշերը ան գաղտագողի այլոց կեանքը դիտող անձ մըն է եւ մղիչ ուժը` www.forgottenbookmarks.com կայքին, ուր իր վաճառատան մէջ կուտակուած գիրքերուն մէջ գտած գիրքի տարօրինակ նշանները կը բաժնէ աշխարհին հետ: Նոյեմբերին լոյս տեսած անոր գիրքը կը մէկտեղէ անոր կատարած ամէնէն հետաքրքրական յայտնաբերումները. կորսուած անգին գանձեր, որոնք պատուհան մը կը բանան այլ ընթերցողներու կեանքին վրայ եւ ի յայտ կը բերեն բաներ, զորս անոնք պիտի չուզէին, որ տեսնենք:

Մայքըլ Փոփեք 33 տարեկան է: Ան Պենինկթընի քոլեճին մէջ գրականութիւն ուսանելէ ետք դարձած է գլխաւոր պատասխանատուն ընտանեկան հազուագիւտ գրատան` Նիւ Եորքի մէջ: Փոփեք գիրքի վաճառքի գործին մէջ աշխատած է դպրոց յաճախած օրերէն սկսեալ, երբ հայրը աճուրդի մը ընթացքին գնած էր փոխադրակառք մը լեցուն գիրքեր եւ փորձած էր վաճառել զանոնք: Այնուհետեւ ընտանիքը հաստատած է գործածուած գիրքերու յաջող առեւտուր մը` կղմինտրէ եւ շաղախէ շինուած կառոյցի մը մէջ, ինչպէս նաեւ` համացանցի վրայ իր ներկայութեամբ, գիրքեր հասցնելով դէպի աշխարհի չորս կողմերը: Իբրեւ գրատան վարչական պատասխանատուն` Փոփեք կանոնաւոր կերպով գործածուած գիրքեր կը գնէ գրադարաններէ, կալուածներէ եւ անհատներէ: Առաջին մոռցուած գիրքի նշանը, զոր ան համացանցի վրայ տեղադրած էր 2007-ի յունիսին, ձեռագիր նոթ մըն էր, որ մնացած էր Մարկարեթ Աթվուտի «Տը պլայնտ ասասին» գիրքին թղթակազմ մէկ օրինակին մէջ: Համացանցի վրայ գիրքի այս նշանին հրապարակումէն ետք Փոփեք ի յայտ բերած է գործածուած գիրքերու մէջ մնացած աւելի քան 700 նշաններ:

(Համադրաբար)

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES