ԹՈՒՐՔԻԱ ՖՐԱՆՍԱՅԷՆ ԱՒԵԼԻ ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՐՑԵՐ ՈՒՆԻ

Էրտողանի կառավարութիւնը զայրոյթով կ՛եռեւեփի Ֆրանսայի խորհրդարանին ընդունած այն օրինագիծին պատճառով, որ խիստ պատիժ կը սահմանէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտողներուն հանդէպ: Յառաջիկայ ամիսներուն երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական կապերը ի՛նչ ուղղութիւն ալ ստանան, մէկ բան յստակ է:

Քաղաքական եւ ռազմական կապերը Թուրքիոյ կողմէ անորոշ ժամանակով այժմ առկախուած են: Տակաւին միջոց կայ հարցերու վատացումին համար, եթէ Ֆրանսայի ծերակոյտը վաւերացնէ Ցեղասպանութեան օրինագիծը:

Ամէն պարագայի, այսօրուան տեսանկիւնէն դիտուած, ըստ երեւոյթին, առաւել իրատեսական է յարաբերութիւններու բարելաւում չակնկալել մօտիկ ապագային: Մէկ խօսքով, այս հարցը թուրքերուն համար ազգային արժանապատուութեան խնդիր դարձած է:

Ուրեմն կը թուի, թէ երկու երկիրներն ալ բաւարար ժամանակ պիտի ունենան յառաջիկայ ամիսներուն եւ տարիներուն` մշակելու համար թշնամական զգացումներ:

Միջին Արեւելքի մէջ զարգացումները, սակայն, Անգարայի համար շատ աւելի նշանակալից են, քան` Ֆրանսայի դէմ բոցավառելը:

Իրաք սկսած է դրսեւորել կազմալուծումի նշաններ եւ սիւննի-շիի համայնքային պայքարի սրում: Այլ խօսքով, կողմերը երկար չսպասեցին ամերիկեան ուժերու երկրէն մեկնումէն ետք կռուելու:

Պաղտատի եւ Էրպիլի միջեւ եւս կացութիւնը շատ լաւ չէ` նկատի առնելով նաւթային հարստութիւնը բաժնելու վէճերը: Խնդիրները կողմերու միջեւ նոյնիսկ առաւել վատացած են. քրտական իշխանութիւնները այժմ կը մերժեն Պաղտատի յանձնել փոխնախագահ Թարեք Հաշեմին (սիւննի մը), որ շրջան փախաւ, երբ վարչապետ Նուրի Մալիքիի (շիի մը) կառավարութիւնը փորձեց զայն ձերբակալել խռովութեան, ապստամբութեան ամբաստանութեամբ:

Իրաքի երեք ուղղութեամբ բաժանումը` սիւննիներու, շիիներու եւ քիւրտերու միջեւ, Թուրքիոյ համար միշտ մղձաւանջ մը եղած է իր սահմաններուն վրայ անկախ Քիւրտիստանի մը ստեղծման վախին պատճառով:

Այժմ նաեւ աւելցած է շատ իրական հեռանկարի մը մտահոգութիւնը. Իրաքի եւ շրջանին մէջ աճող համայնքային վէճին, պայքարին հետեւանքը:

Փոխ նախագահ Հաշիմի եւ սիւննի այլ ղեկավարներ այս ծիրին մէջ օգնութեան համար արդէն սկսած են Թուրքիոյ նայիլ: Ասիկա կրնայ նշել, որ Անգարա կրնայ բռնուիլ, մնալ համայնքային հակամարտութեան մէջտեղը:

Ասոնք բոլորը Թուրքիայէն կը պահանջեն շատ զգուշ տնօրինում, յատկապէս այնպիսի ժամանակ մը, երբ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը կը շարունակէ վատթարանալ:

ԱՆցեալ դեկտեմբերին Դամասկոսի մէջ անձնասպանական զոյգ պայթումները, որոնք պատճառեցին 40 զոհ եւ 100 վիրաւոր, վերջին յուշարարն էին, թէ նոյնիսկ աւելի վատ բաներ կրնան պատահիլ Սուրիոյ մէջ:

Ընդդիմութեան անդամները հաւանաբար չափազանցելով` կը նշեն, թէ շուրջ 10 հազար հոգի կրնայ սպաննուած ըլլալ Սուրիոյ մէջ:

Ի՛նչ ալ ըլլայ ճիշդ թիւը, պարզ է որ նախագահ Պաշշար Ասատ կը զգայ, թէ Ռուսիոյ, Իրանի եւ այժմ հիմնականին մէջ Իրաքի շիի կառավարութեան աջակցութեամբ, զօրակցութեամբ, ինք կրնայ դիմանալ եւ չտապալիլ:

Նկատի առնելով Իրանի, Իրաքի, Սուրիոյ եւ Ծոցի շրջանին մէջ աճող համայնքային գիծի վրայ գործողութիւնները, գործունէութիւնը, 2012-ին Էրտողանի կառավարութեան մտահոգութիւն պատճառելիք շատ աւելի հարցեր կան, քան` Ֆրանսան:

Փարիզ նոյնպէս սերտօրէն մտահոգ է այս զարգացումներով, մասնաւորաբար` Սուրիոյ մէջ. ուրեմն կարելի է տրամաբանել, որ Ֆրանսա ինչո՛ւ այսքան խոր եւ շուտ պիտի օտարէ Թուրքիան (արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ միայն ամիս մը առաջ Անգարա այցելեց` կարեւոր նկատելով համագործակցութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն ի տես:

Բայց ատիկա այժմ  ֆրանսացիներուն կը մնայ պարզելը, մասնաւորաբար երբ Թուրքիա շատ աւելի կարեւոր հարցեր ունի մտահոգուելու:

ՍԵՄԻՆ ԻՏԻԶ

«Հիւրրիյէթ»

Share this Article
CATEGORIES