ԴՈՒՔ ՁԵՐ ՃԱՄԲՈՎ, ՄԵՆՔ` ՄԵՐ…
Իրաւունք ունին Թուրքիոյ իշխանութիւնները: Մենք ենք մեղաւորը: Մենք ենք, որ պէտք է ներողութիւն խնդրենք: Մենք ենք, որ պէտք է զիջինք, մեղանչենք հաւաքաբար: Հրապարակաւ խոստովանինք ու` «Ե՛ս քեզ մեղայ» աղերսենք:
Նոյնիսկ եթէ պատերազմինք, արեան գնով փրկենք մեզմէ յափշտակուած հայրենիքը, ոչինչ կը փոխուի, 20 տարի անց դարձեալ մենք պէտք է համակերպինք:
Նոյնիսկ եթէ ֆրանսական խորհրդարանը հակաթուրք բանաձեւ որդեգրէ, մենք ենք, որ պէտք է հատուցենք:
Այսպէս գրուեցաւ հազարամեայ պատմութիւն մը: Մեր ամենախելօքները, ամենաիմաստունները միշտ նոյն խրատը թելադրեցին` «Մի՛ գրգռէք պետութիւնը»:
Նոյնիսկ եթէ ամբողջ ազգի մը արժանապատուութիւնը խորտակուի, մի՛ գրգռէք կառավարութիւնը:
Նոյնիսկ եթէ արիւնով ներկուին հայրենի երկրի գետերը, դուք լսեցէք ձեր առաջնորդներուն, իշխաններուն, մեծաւորներուն, հոգեւորականներուն խրատը եւ մի՛ գրգռէք սուլթանը:
Նոյնիսկ դրժեցէք ձեր գահը կա՛մ աթոռը, ձեր տան, ձեր ընտանիքի, ձեր տոհմի աւանդը: Բազմեցէք ցեղասպանութեան զոհ ձեր ծնողաց ոսկորներուն վրայ ու փայփայեցէք իշխանաւորի ինքնապաշտութիւնը: Շոյեցէք, օրնիբուն խորհեցէք, թէ ո՞ր ստորութեամբ կրնաք ուրախացնել պետական եսասիրութիւնը:
Մեզ չի խանգարեր. այս ձեր ոճն է, ձեր ուղին: Համոզուած էք, որ այսպիսով կրնաք պահել ձեր խանութի շահաւէտութիւնը: Յաջողութիւն ձեզի… Ստորնացէք, որքա՛ն որ կրնաք: Խոնարհեցէք մինչեւ գետին: Բա՛ւ է, որ մեր առջեւ կանգնած չըլլաք: Չփորձէք մեզ ներկայացնել: Մեր անունով չյիշուիք: Հեռո՛ւ կեցէք մեզմէ… Հեռո՛ւ եւ օտար:
Իսկ գալով մեզի, խնդրեմ, մեզի համար մի՛ մտահոգուիք: Մենք փորձառու ենք, եւ եթէ պէտք է, դարձեալ կ՛անցնինք մեր ժողովուրդի գողգոթան: Մեծով-փոքրով, էգով-արուով կը տանինք մեզի վիճակուածը: Մենք սովոր ենք «քաղաքակիրթ» եւ «քրիստոնեայ» եւրոպացիներու խաղերուն: Լաւ գիտենք անոնց «հայանպաստ» քաղաքականութիւնը: Այդ քաղաքականութեան դիմած քայլերը ո՛չ ուրախութիւն կը պատճառեն մեզի, ո՛չ ալ` պատիւ:
Մենք լաւ գիտենք ոճրագործը: Ոչ ոք թող փորձուի ըսելու` «Իմ պապերս ոճրագործ չեն կրնար ըլլալ»: Եթէ ոչ պապերը, ուղղակի ինքն է ոճրագործը` ոճիրին պաշտպան կանգնող այդ խօսքերով: Հարիւր տարի անցաւ Ցեղասպանութեան վրայէն: Այսօր կենդանի են ո՛չ զոհերը, ո՛չ ալ ոճրագործները: Բայց հաշիւը կը շարունակուի զոհերու ու ոճրագործներու ժառանգորդներուն միջեւ:
Ան, որ պիտի ուրանայ պատմական իրողութիւնը, ահա՛ այն է ոճրագործը մեզի համար:
Ան, որ պիտի դրժէ ազգային ամէն արժէք, ահա՛ այն է դաւաճանը մեզի համար: Եւ մենք անոր միայն մէկ խօսք ունինք մեր պապերէն փոխանցուած` «Աշխարհում ով մոռանայ, ջուխտ աչքով թող քոռանայ»:
Մենք սովոր ենք այս պատմութեան: Բազում անգամներ դիտած ենք այս զաւեշտը: Ֆրանսացին, կա՛մ ամերիկացին, կա՛մ չես գիտէր ով իր հաշիւներով գործ մը պիտի տեսնէ, ու Թուրքիոյ իշխանութիւնները պիտի սպառնան` «Մեր դեսպանը ետ կը կանչենք», «Առեւտրական կապերը կը խզենք» ըսելով:
Մինչ այդ` պետութեան փողը հնչեցնող մամուլի լրագրողներ ալ պիտի ճնշեն տեղացի հայերուն վրայ, որպէսզի պախարակեն այս հակաթուրք ռազմավարութիւնը: Պատրիարքարանը անուշապուրի պատմութիւններ պիտի պատմէ, հիւանդանոցի հոգաբարձուն սրդողած ընկերներու օրինակ պիտի թուէ, շուկայի խանութպանն ալ երդում պիտի տայ` ըսելով, որ խտրականութեան չի հանդիպիր: Ինքնին այդ հարցումը խտրականութիւն չէ՞ միթէ:
Ո՛վ պարոնայք, դուք զբաղեցէք ձե՛ր գործերով: Մենք մեր հոգերը ունինք արդէ՛ն:
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
«Ակօս»

