ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ «ԷԹԻԿԱՅԻ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎ»-Ի ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ… ԱՒԵՏԻՍԸ. ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԱՅԱՐԴԱՐՈ՞ՒՄ, ԹԷ… ԷԱՊԷՍ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հայաստանն ու հայութիւնը խորհրդարանական ընտրապայքարի տարին սկսան իւրայատուկ… աւետիսով մը:

Մամուլն ու զանգուածային լրատուամիջոցները աւետեցին, որ` «յունուարի 10-ին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով ձեւաւորուել է բարձրաստիճան պաշտօնատար անձանց էթիկայի յանձնաժողովի կազմը, որի գործունէութեան տիրոյթը ներառելու է 500 բարձրաստիճան պաշտօնեաների գոյքի եւ եկամուտների վերաբերեալ յայտարարագրերի վերլուծութիւնը եւ հրապարակումը, շահերի բախման դէպքերի եւ էթիկայի կանոնների խախտումների յայտնաբերումը եւ այլ գործառոյթներ»:

Հայաստանի նախագահը յունուար 10-ին նաեւ իր մօտ հրաւիրեց նորանշանակ մարմինը, որպէսզի Էթիկայի յանձնաժողովը գումարէ իր անդրանիկ նիստը, ընտրէ իր կազմէն յանձնաժողովի նախագահը եւ իրեն վստահուած առաքելութեան վերաբերեալ անհրաժեշտ յանձնարարութիւնները ստանայ նոյնինքն մեր երկրի թիւ 1 իշխանաւորէն:

Անկասկած աւետիսի արժանի քայլ է, որ Հայաստանը եւս կ՛օժտուի իր պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն տնտեսական վարքուբարքն ու խաթարուածութիւնը վերահսկողութեան ենթարկող յատուկ մարմինով մը:

Ճիշդ է` 2001-էն ի վեր մեր երկիրը ունի Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ հաստատուած օրէնք, որ կը պարտաւորեցնէ մեր պետութեան աւելի քան 3000 բարձրաստիճան պաշտօնատարներն (ներառեալ` Հայաստանի նախագահը) ու անոնց ընտանիքի անդամները, որպէսզի Հայաստանի հարկային իշխանութեանց ներկայացնեն իրենց տնտեսական վարքուբարքին մասին ամէնամեայ յայտարարագիր-զեկոյց: Բայց տասը տարիէ ի վեր գործող այդ օրէնքը ինքնին բաւարար չեղաւ, որպէսզի մեր «պետական այրեր»-ը պարտաւորուած ըլլան իրենց տնտեսական վարքուբարքին մասին ճշմարտութիւնը ներկայացնելու… օրէնքով պարտադրուած ամէնամեայ այդ յայտարարագրերուն մէջ: Ընդհակառա՛կն, բարձրաստիճան մեր պաշտօնատարներուն մեծ մասը, յատկապէս զեխ ու փարթամ կեանքով ապրող վերնախաւը, ամէն տարի միեւնոյն ճշգրտութեամբ յայտարարագրեց, թէ իբր ինչպիսի՜ համեստ եկամուտներով կ՛ապրի, հակառակ որ կ՛ապահովէ ինչքի ու հարստութեան… նախանձելի կուտակում:

Օրէնքը շրջանցելու եւ հարկերէ խուսափելու բարձրաստիճան պաշտօնատարներու այդ վարքագիծը բնականաբար ընդվզում յառաջացուց հարկատու քաղաքացիներու լայն խաւին մօտ: Մենաշնորհներու եւ իշխանութեան դիրքի վրայ հիմնուած իրենց չարաշահումներուն զուգահեռ, Հայաստանի տնտեսական ու քաղաքական կեանքը ղեկավարելու կոչուած բարձրաստիճան այդ պաշտօնատարները նաեւ պետութեան հարկային եկամուտներուն ծանր վնաս հասցուցին:

Ընդհանուր դժգոհութեան եւ ընդվզումի այդ ալիքը դիմագրաւելու ճնշումին տակ էր, հետեւաբար, որ Ազգային ժողովը անցեալ տարի որդեգրեց պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու տնտեսական գործունէութեան եւ եկամուտներուն վրայ վերահսկողութիւն հաստատող Էթիկայի յանձնաժողովի ստեղծման օրինագիծը: Օրինագիծին համաձայն, հնգանդամ Էթիկայի յանձնաժողովին կազմութեան համար Հայաստանի վարչապետը, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը, Հայաստանի ընդհանուր դատախազը եւ Հայաստանի դատաիրաւական բարձրագոյն զոյգ ատեաններուն նախագահները կ՛առաջադրեն զիրենք ներկայացնող թեկնածուները, որոնք եւ կը հաստատուին ու կը նշանակուին Հայաստանի նախագահին կողմէ:

Պատահականօրէն չէ, ուրեմն, որ նորանշանակ Էթիկայի յանձնաժողովի անդրանիկ նիստին իր ունեցած ելոյթով եւ կատարած յանձնարարութիւններով, մամլոյ աղբիւրներու հաւաստմամբ, նախագահ Սերժ Սարգսեան ոչ միայն դիտել տուած է, թէ` «Յանձնաժողովի առաքելութիւնը երկրում գործող հանրային հիմնարկների նկատմամբ հասարակութեան վստահութեան բարձրացումն է եւ «արդար կառավարման» համակարգի ներդրումը, բարձրաստիճան պաշտօնատար անձանց գործունէութիւնը հասարակութեան համար առաւել թափանցիկ ու հրապարակային դարձնելը», այլեւ` շեշտած է, թէ` «Որեւէ ազդեցութիւն չի կարող լինել յանձնաժողովի անդամների վրայ` բացի օրէնքի ազդեցութիւնից եւ նրա բարոյական չափանիշներից»:

Իբրեւ այդպիսին` միայն ողջունելի կրնայ ըլլալ Հայաստանի Էթիկայի յանձնաժողովին կազմութեան եւ աշխատանքի ձեռնարկման աւետիսը:

Օրէնքին գերակայութիւնը ապահովելու կոչուած նման նախաձեռնութեան նկատմամբ միայն դրական կրնայ ըլլալ վերաբերումը մեր ժողովուրդին, նոյնիսկ եթէ ամէնէն ապաքաղաքականացած քաղաքացին իսկ համոզուած է, որ մեր երկրի այսօրուան իշխանաւորները, ինչպէս նախորդները, իրենց սեփական շահագրգռութիւնները օրէնքին եւ օրինականին ստորադասելու բաւարար արժանահաւատութիւնը չեն ներշնչեր իրենց վարքուբարքով:

Իսկ արժանահաւատութեան եւ իշխանութեանց նկատմամբ ժողովրդային անվստահութեան տագնապը կայ ու կա՛յ:

Ի վերջոյ քսանամեայ Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսաքաղաքական կեանքին մէջ ստուերային իշխանութիւնը ոչ միայն նահանջելու եւ նուազելու հակումներ ցոյց չի տար, այլեւ կը շարունակէ պահպանել իր տիրական տարողութիւնը: Համաշխարհային դրամատան գնահատումով, ստուերայինը կը կազմէ Հայաստանի համախառն ներքին արտադրանքին (ՀՆԱ) 30-40 տոկոսը: Իսկ նախկին վարչապետ եւ այժմ արտախորհրդարանական ընդդիմադրութեան բանբերներէն Հրանդ Բագրատեանի պնդումով,  մինչեւ 55 տոկոսի կը հասնի ստուերայինի բաժինը Հայաստանի ՀՆԱ-ի մէջ:

Հակի՛րճ. Հայաստանի պետական գանձարկղը մօտաւորապէս միայն կէսով կը յաջողի ապահովել իրեն հասանելի հարկային եկամուտները:

Բնականաբար կը հետեւի անխուսափելի վերապահութիւնը` ներկայ իշխանութեանց աւետած հակա-«կոռուպցիա» նոր նախաձեռնութիւնը հունի մէջ դնելու վճռականութեան նկատմամբ: Անարդար եւ խաթարուած քաղաքական ու տնտեսական այսօրինակ համակարգի մէջ գործող որեւէ իշխանաւոր վերնախաւ, այդ շարքին նաեւ ու մանաւանդ ներկայ «կոալիցիոն» իշխանութիւնը ուրկէ՞ պիտի գտնէ անհրաժեշտ կամքն ու բարոյական դրամագլուխը, որպէսզի կարենայ պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու տնտեսական մութ վարքուբարքը վերահսկելու կոչուած Էթիկայի յանձնաժողովին առաքելութիւնը գործնապէս յառաջ մղելու եւ յաջողութեամբ պսակելու երաշխիքները ապահովել:

Ժամանակը միշտ ալ տուած է եւ այս պարագային ալ անպայման կու տայ վճռահատող պատասխանը:

Բայց Էթիկայի յանձնաժողովին կազմութեան համար ընտրուած ժամկէտն իսկ բաւարար է` վերապահութիւնը նաեւ հարցականներով շեշտաւորելու:

Ինչո՞ւ խորհրդարանական ընտրապայքարի սեմին կատարուեցաւ Էթիկայի յանձնաժողովին կազմութիւնը եւ որքանո՞վ անդին կ՛անցնի իշխանաւոր ճամբարին ի նպաստ գովազդային առաւելութեան կէտ մը արձանագրելու նախընտրական հաշուարկներէն…

Ինչո՞ւ Էթիկայի յանձնաժողովի առաքելութեան առջեւ իբր թէ բացուած կանաչ լոյսին կ՛ընկերանան այն գովազդները, թէ իշխանաւոր «կուսակցութիւն»-ը լրիւ պիտի բարեփոխէ պատգամաւորական իր թեկնածուներու ցուցակը… ստուերային ուժի ներկայացուցիչները իբր թէ դուրս ձգելու տպաւորութիւնը տարածելով:

Եւ մանաւանդ ինչո՞ւ իշխանաւոր ճամբարը կենաց-մահու պայքար մղելու «վճռակամութեամբ» դէմ կը կանգնի ընտրական օրէնքէն մեծամասնական ընտրակարգը լրիւ ջնջելու խորհրդարանական ընդդիմադրութեան առաջարկներուն, եթէ ստուերային ուժերու Ազգային ժողով մուտքը իրապէս կ՛անհանգստացնէ մեր երկրի ու պետութեան քաղաքական ղեկին կանգնած իշխանաւորները:

Ահա թէ ինչո՛ւ ողջունելի ըլլալով հանդերձ, պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու վերահսկողութեան էթիկայի յանձնաժողովին կազմութիւնը վտանգին տակ է վերածուելու, ստուերայինի հետ սերտաճած իշխանութեանց հակակշիռին տակ գտնուելով, իշխանաւոր ներկայ վարչախումբին վերարտադրութիւնը ապահովող դիմայարդարման գործիքի մը:

Փոխանակ ծառայելու մեր երկրին ու պետութեան պարտադրուած քաղաքատնտեսական անարդար ու խաթարուած համակարգը արմատական բարեկարգումի առաջնորդելու իր կոչումին եւ առաքելութեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES