ՀԱՅՐԵՆԻ ԿԵԱՆՔ

ԱԶՆԱՒՈՒՐ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԷ ԶՈՒԻՑԵՐԻԱՀԱՅ
ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ 10 յունուարին Զուիցերիոյ Հայաստանի դեսպանութեան մէջ տեղի ունեցաւ զուիցերիահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ հայկական կազմակերպութիւններուն շնորհուած պատուոյ գիրերու եւ շնորհակալագիրներու յանձնումի հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Շարլ Ազնաւուր Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան պատուոյ գիրերը յանձնեց Թոփալեան հիմնադրամին, զուիցերիահայ հանրայայտ խմբավար Լուք Պաղտասարեանին, յօրինող Սիրվարդ Ղազանճեանին, բանաստեղծ եւ  հայագէտ Վահէ Կոտելին: Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան պատուոյ գիրերը եւ շնորհակալագիրը յանձնուեցան Թոփալեան դպրոցի տնօրէն Նեւրիկ Ազատեանին, Ժընեւի համալսարանի հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնի տնօրէն Վալենթին Քալզոլարի-Պուվիէին եւ Թոփալեան դպրոցի ուսուցչուհի Մեդա Խաչատրեանին:

Պարգեւատրման արարողութեան ընթացքին Ազնաւուր շնորհակալութիւն յայտնեց պարգեւատրուածներուն` հայ մշակոյթի ու հայակերտման եւ հայապահպանման գործին մէջ ունեցած անոնց աւանդին համար: Ան նշեց, որ Հայաստանի անկախութեան քսանամեակին առիթով համապատասխան նախարարութիւններուն կողմէ տրուած պատուոյ գիրերը եւ շնորհակալագիրները խորհրդանշական են եւ անկախ Հայաստանի կայացման գործին մէջ համայն հայութեան, ինչպէս նաեւ օտարերկրեայ գործիչներու անձնուէր գործունէութեան գնահատանքի արտայայտութիւնն են:

ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՇԷՆՔԻՆ ՄԷՋ ՏԵՂԻ
ՈՒՆԵՑԱԾ Է «ՀԱՅԱՍՏԱՆ` ԴԱՐԵՐԷՆ ԴԷՊԻ ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԻՒՆ»
ԽՈՐԱԳԻՐՈՎ ԳԻՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ

Վերջերս արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մէջ տեղի ունեցած է «Հայաստան` դարերէն դէպի յաւերժութիւն» խորագիրով գիրքին շնորհահանդէսը: Գիրքը հրատարակուած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Հայաստանի դեսպանութեան կողմէ:

Գիրքը նուիրուած է Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակին եւ կը բովանդակէ ընդհանուր տեղեկութիւններ` Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի մասին, ինչպէս նաեւ հեղինակը մանրամասնօրէն անդրադարձած է հայոց պետականութեան եւ ժողովուրդի պատմութեան:

Աւելի քան 100 էջ բովանդակող պատկերազարդ գիրքին մէջ ներկայացուած են հայկական մշակոյթը եւ Հայ առաքելական եկեղեցին, գեղանկարչութիւնը եւ ճարտարապետութիւնը: Գիրքին մէջ նշուած են նաեւ անցեալի եւ ներկայի Հայաստանի եւ սփիւռքի աշխարհահռչակ հայերու մասին:

ՀԱՅ-ՀՈԼԱՆՏԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ 2,5 ՄԻԼԻՈՆ ԵՒՐՕ
ԿԸ ՏՐԱՄԱԴՐԷ ԲԱՆՋԱՐԵՂԷՆՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

Արմաւիրի մարզ տուած այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յունուար 13-ին այցելած է հայ-հոլանտական «Բիգա» եւ «Ամսթըր ֆլաուըր» ձեռնարկութիւնները: Ան ծանօթացած է այս կառոյցներուն ձեռքբերումներուն եւ արտադրութեան աճի հեռանկարներուն:

«Ամսթըր ֆլաուըր» ընկերութիւնը հիմնուած է 2006-ին: 2011 ապրիլին անիկա սկսած է բանջարեղէններու յատուկ նոր ջերմոցի կառուցման, որ աւարտած է տարեվերջին եւ պիտի օգտագործուի լոլիկի, վարունգի եւ կանաչ պղպեղի մշակման համար: Ներդրումները կազմած են 1,5 միլիոն եւրօ: Արտադրութեան առաջին մասը շուկայ պիտի իջնէ յունուարի աւարտին:

Նշենք, որ հայ-հոլանտական «Բիգա» ընկերութիւնը հիմնուած է 2005-ին եւ ջերմոցային սունկեր կ՛աճեցնէ: Ներդրումներուն արժէքը 1 միլիոն եւրօ է: Ներկայիս ընկերութիւնը կ՛արտադրէ տարեկան մօտաւորապէս 360 թոն սունկ: Կը նախատեսուի արտադրութեան քանակը կրկնապատկել, ինչպէս նաեւ` սկսիլ թարմ հատապտուղներ աճեցնել: Նշենք, որ նախագիծը պիտի աւարտի 2012-ի սեպտեմբերին:

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԸ
ԱՒԱՐՏԱԾ Է ԵՐԿՈՒ ԾՐԱԳԻՐ

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի տեղական մարմինի անանուն բարերարի մը հովանաւորութեամբ հիմնովին նորոգուած են Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հիւանդանոցի երիկամներու մաքրման եւ ջղային դրութեան բուժման բաժանմունքները:

Վերանորոգուած են հիւանդանոցին լուացարանները, ճաշարանը, ութ սենեակ եւ երկու աշխատասենեակ: Նորոգուած են ելեկտրական, ջրամատակարարման եւ ջեռուցման համակարգերը:

Հիւանդանոցի բժշկական անձնակազմը կազմուած է 36 հոգիէ, որմէ վեցը բժիշկ, երեսունը` բուժքոյր: Ներկայիս կը բուժուին 50-55 հիւանդ: Բաժանմունքները կրնան սպասարկել մինչեւ 80 հիւանդի:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի տեղական մարմինին հովանաւորութեամբ, ներկայիս հիմնադրամը կ՛իրականացնէ նաեւ երկու ծրագիր, Երեւանի մէջ կը վերանորոգուի Նորքի ծերանոցին երրորդ եւ չորրորդ յարկերը, իսկ Շուշիի մէջ` քաղաքին ուսումնական եւ մշակութային կեդրոնը:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի տեղական մարմինի ատենապետ Մկրտիչ Մկրտչեան նշած է, որ` «Մեզի համար մեծագոյն երջանկութիւնը այն գիտակցութիւնն է, որ կը յաջողինք թեթեւցնել հայրենիքի մէջ ապրող մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հոգը, կը բարելաւենք անոնց կեանքի պայմանները»:

12 ՅՈՒՆՈՒԱՐԻՆ ՌՈՒԲԷՆ ՄԱԹԵՒՈՍԵԱՆԻ
ԾՆՆԴԵԱՆ 70-ԱՄԵԱԿ

Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Ռուբէն Մաթեւոսեան 12 յունուարին նշած է ծննդեան 70-ամեակը իր ընտանիքի անդամներուն հետ: Անուանի երգիչին յոբելեանը պետական մակարդակով պիտի տօնուի յունուարի վերջը: «Երջանիկ եմ, որ երգիչ եմ, եւ հայ ժողովուրդը զիս ընտրած է ամբողջ աշխարհի տարածքին զինք ներկայացնողը», լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է Ռուբէն Մաթեւոսեան: Ան խոստացած է, որ մեծ եռանդով պիտի շարունակէ երգել, որովհետեւ երգը իրեն համար առաքելութիւն է: Երգի վարպետը տպաւորուած է իր ծննդեան 70-ամեայ յոբելեանին եւ ստեղծագործական գործունէութեան առիթով 2011 թուականի դեկտեմբեր 4-ին Փասատենայի մէջ կայացած համերգային ծրագիրէն: «Ինծի շնորհակալական ուղերձ յղուեցաւ եւ յատուկ վկայական յանձնուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին կողմէ, որուն համար իսկապէս զարմացած, բայց շատ ոգեւորուած եմ», յայտնած է յոբելեարը:

Միացեալ Նահանգներու Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմը եւ Փասատենայի քաղաքապետը նոյնպէս շնորհաւորական ուղերձներ յղած են Ռ. Մաթեւոսեանի յոբելեանին առիթով: Ան մամլոյ ասուլիսը եզրափակած է` յայտնելով. «Հաճելի է, որ աշխատանքս կը գնահատուի ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ սփիւռքի մէջ եւս»:

ՀԱՅ ԱՐՈՒԵՍՏԱՍԷՐ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ՎԵՐՋԻՆ
ՀՐԱԺԵՇՏԸ ՏՈՒԱՒ ԵՐԱԺԻՇՏ ԱԿՍԵԼ ԲԱԿՈՒՆՑԻՆ

Անուանի երաժիշտ-մանկավարժ, Երեւանի էսթրատային եւ ճազային արուեստի քոլեճի հիմնադիր Ակսել Բակունց ոչ եւս է: Ան մահացաւ 13 յունուարին, 65 տարեկան հասակին:

Ակսել Բակունց ծնած է 22 նոյեմբեր 1946-ին, Երեւան: Ուսանած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին` քոնթրապասի դասարանին  մէջ: Տարբեր ժամանակներու ղեկավարած է «Կռունկ», «Սերպանտին», «Արմինա» էսթրատային երաժշտական համոյթները, եղած է «Հայհամերգ»-ի գեղարուեստական ղեկավար: Հիմնած եւ ղեկավարած է «Հայհամերգ»-ին կից էսթրատային սթիւտիոն, որ հետագային վերանուանուած է Երեւանի էսթրատային եւ ճազային արուեստի պետական քոլեճ: 2006-ին արժանացած է հայ արուեստի վաստակաւոր գործիչի կոչումին, իսկ 2010-ին պարգեւատրուած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան ոսկի մետալով:

Ակսել Բակունց Հայաստանի մէջ վոքալ-գործիքային խումբերու հիմնադիրներէն էր: Իբրեւ էսթրատային արուեստի գործիչ` ճանչցուած էր ո՛չ միայն Հայաստանի մէջ, այլեւ` Խորհրդային Միութեան եւ արտերկրին մէջ: Ան մեծ աւանդ ունեցած է էսթրատային արուեստի ոլորտի մարդուժի պատրաստման գործին մէջ, որուն ամէնէն մեծ վկայութիւնը հանրապետութեան ճազային արուեստի մարդուժի դարբնոց դարձած Երեւանի էսթրատային եւ ճազային արուեստի քոլեճին գործունէութիւնն է:

ՅՍՏԱԿԱՑԱՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՇԱՐԺԱՊԱՏԿԵՐԻ
ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԵԱՆ ԱՐՁԱՆԻԿԻՆ ՏԵՍՔԸ

Հայաստանի ազգային շարժապատկերի կեդրոնի տնօրէն Գէորգ Գէորգեան նշած է, որ Ազգային շարժապատկերի մրցանակաբաշխութեան 13 մրցանակակիրները պիտի արժանանան պատուոյ գիրերու եւ խորհրդանշական արձանիկներու, որոնք բաղկացած են երկու մասերէ` 30-35 սանթիմեթր երկարութեամբ պատուանդանէն եւ անոր վրայ գտնուող մետաղէ գլխամասէն, որ հայակ կը խորհրդանշէ:

Ըստ Գ. Գէորգեանի, արձանիկը պիտի ըլլայ չափազանց գեղեցիկ եւ թանկարժէք: Պատուանդանը կառուցուած պիտի ըլլայ մարմարէ, իսկ գլխամասը` պրոնզէ, նիկելէ եւ պատուած պիտի ըլլայ ոսկեջուրով:

Արդէն յստակացած է նաեւ մրցանակաբաշխութեան դատական կազմը, որ պիտի գլխաւորէ Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Սօս Սարգսեան: Ազգային շարժապատկերի մրցանակը պիտի շնորհուի երկու քուէարկութեամբ: Առաջին հանգրուանին իւրաքանչիւր անուանակարգի համար դատական կազմը պիտի ընտրէ 2-3 ժապաւէն: Երկրորդ հանգրուանին պիտի որոշուի երկու մրցանակակիրները:

Մրցանակները պիտի շնորհուին 12 անուանակարգերու մէջ` լաւագոյն գեղարուեստական ժապաւէն, լաւագոյն բեմադրիչ, լաւագոյն նկարահանող, լաւագոյն բեմագրութիւն, լաւագոյն նկարիչ, լաւագոյն երաժշտութիւն, լաւագոյն գլխաւոր կնոջ դերակատար, լաւագոյն տղամարդու  դերակատար, լաւագոյն կարճատեւ ժապաւէն, լաւագոյն վաւերագրական ժապաւէն, լաւագոյն գծապատկեր-ժապաւէն, լաւագոյն սկսնակ կամ տարուան յայտնութիւն: Հիմնական անուանակարգերէն բացի, պիտի շնորհուի նաեւ յատուկ մրցանակ` հայկական շարժապատկերի զարգացման մէջ ունեցած աւանդի համար:

ԱՊՐԻԼ 23-ԷՆ ՍԿՍԵԱԼ` ԵՐԵՒԱՆԸ ԳԻՐՔԻ
ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ

Երեւանը, իբրեւ գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք, իր գործառոյթները պիտի սկսի իրականացնել ընթացիկ տարուան ապրիլ 23-էն սկսեալ, որովհետեւ նոյն օրը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին կողմէ հռչակուած է գիրքի եւ հեղինակային իրաւունքի համաշխարհային օր:

Ապրիլ 23-էն սկսեալ Երեւանի եւ աշխարհի հայաշատ երկիրներու մէջ պիտի իրականացուին բազմապիսի ձեռնարկներ, որոնք ուղղուած պիտի ըլլան հայ գիրքին, գրականութեան եւ հրատարակչական գործունէութեան հանրահռչակման: Այս մասին հաղորդած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարի խորհրդական Ներսէս Տէր Վարդանեան: Ան աւելցուցած է, որ ձեռնարկներուն վերջնական ծրագիրը այժմ կը գտնուի ամբողջացման հանգրուանին մէջ: Ըստ անոր, անդրանիկ ձեռնարկը պիտի իրականացուի հայ գիրի պատմութիւնը ներկայացնող ցուցահանդէսով, որ հաւանաբար պիտի ներկայացուի Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ: Ասկէ բացի, նախատեսուած է նաեւ Երեւանի կեդրոնին մէջ ներկայացնել հայոց այբուբենը` շքերթի տեսքով: «Այդ օրը նախատեսուած է բարձրաստիճան պաշտօնական հիւրերու այցելութիւնը Հայաստան», նշած է Ներսէս Տէր Վարդանեան:

Ամրան ձեռնարկներու շրջանակներուն մէջ նախատեսուած է տառաստեղծներու միջազգային համաժողովի կատարում, իսկ աշնան «Գրական տապան» խորագիրով ձեռնարկի իրագործում, որուն պիտի մասնակցին յայտնի թարգմանիչներ եւ հրատարակիչներ:

Նշենք, որ ձեռնարկները պիտի իրագործուին մինչեւ 2013 թուականի ապրիլ 22-ը, որմէ ետք Հայաստան պիտի փոխարինէ Պանքոքը:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ ՏԻԿՆԻԿԱՅԻՆ
ԹԱՏՐՈՆԸ ՅՈՒՆՈՒԱՐ ԱՄՍՈՒԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ
ՅԱՏՈՒԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄՆԵՐՈՎ ՀԱՆԴԷՍ ՊԻՏԻ ԳԱՅ

Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի անուան պետական տիկնիկային թատրոնը ամբողջ յունուար ամսուն ընթացքին փոքրիկներու համար ներկայացումներով հանդէս պիտի գայ: «Ներկայացումներուն ընտրութիւնը կատարուած է գեղարուեստական ղեկավարին կողմէ եւ նկատի առնուած են տուեալ թատրոնին որակը, մակարդակը, ինչպէս նաեւ` արդիականութիւնը»: Այս մասին յայտնած է Արփիկ Մուրատեան: Ան շեշտած է, որ ներկայացումները պիտի գրաւեն փոքրիկները եւ պիտի ունենան ուսուցողական բնոյթ: «Ներկայացումները ընտրելու ժամանակ նկատի առնուած է այն հանգամանքը, թէ անիկա ի՛նչ կրնայ տալ այսօրուան փոքրիկին եւ պիտի բաւարարէ փոքրիկին պահանջները: Սակայն կան դասականներու գործեր, որոնք անկախ ժամանակէն` պարտադիր կը խաղարկուին: Անոնք Թումանեանի եւ արտասահմանեան հեղինակներու գործերն են, այսինքն` հեքիաթներ, որոնք ժամանակի ընթացքին չեն մոռցուիր եւ միշտ կը մնան խաղացանկին վրայ»:

Տիկնիկային թատրոնը փոքրիկներուն համար յունուար ամսուան ներկայացումներուն ցանկին մէջ պատրաստած եւ տեղադրած է` «Բարի վիշապ, Նոր տարուայ հեքիաթ», «Կարմիր գլխարկը», «Ոսկէ ձկնիկը», «Թզուկի երգը», «Փոքրիկ Իդայի ծաղիկները» եւ «Օպերացիա համեղ պատառիկ» խորագիրներով բեմադրութիւնները:

ՍՕՍ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՄԵԾ ՀԱՃՈՅՔՈՎ ՄԱՍՆԱԿՑԱԾ Է «ԵՍ ԵՄ»
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆԻՆ ՆԿԱՐԱՀԱՆՈՒՄՆԵՐՈՒՆ

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հովանաւորութեան տակ «Գոյակ» մշակութային կեդրոնի եւ «32-փրոտաքշըն» արտադրութեան միացեալ աշխատանքի իբրեւ արդիւնք ստեղծուած «Ես եմ» նոր գեղարուեստական ժապաւէնը յունուար 7-էն սկսեալ մեծ պաստառի վրայ է: Ժապաւէնը նուիրուած է հայոց բանակի 20-ամեակին:

«Սովորաբար այսպիսի ժապաւէններու նկարահանումը աւելի ժամանակ կ՛առնէ, սակայն ժրաջան աշխատանքի շնորհիւ` կարելի եղած է զայն աւարտել երեք ամսուան ընթացքին»: Այս մասին նշած է ժապաւէնին արտադրիչը` Կարէն Բաբաջանեան: Ան յայտնած է, որ ժապաւէնին առանցքային կերպարը մարմնաւորած է Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Սօս Սարգսեան, որ, ըստ Բաբաջանեանի, ժապաւէնին նիւթին ծանօթանալէ ետք մեծ հաճոյքով համաձայնած է մասնակցելու անոր նկարահանումներուն:

Նշենք, որ ժապաւէնին նկարահանումներուն մէկ մասը տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի սահմանամերձ գիւղի մը մէջ: Ժապաւէնին մաս կազմած են նաեւ հայրենի այլ դերասաններ, որոնցմէ են` Լեւս Դաւթեան, Եւա Ղազարեան, Արման Նաւասարդեան, Ռաֆայէլ Գրիգորեան, Գնէլ Ուլեխանեան եւ ուրիշներ: Ժապաւէնին բեմադրիչն է Վահագն Գրիգորեան, իսկ ժապաւէնին տեսահոլովակին երաժշտութիւնը յօրինողն է Կարէն Բաբաջանեան: «Ես եմ» ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած է 11 յունուարին, Երեւանի «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին մէջ:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES