ՀԱՐԱ՞Ւ ՄԵԿՆԻԼ: ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՐ ԴՐԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Գրեթէ տարի մը առաջ Թուրքիոյ արտաքին յարաբերութիւնները կարծես թէ լաւագոյնն էին իր պետական գործերուն մէջ:
Տնտեսական աճը արտադրութիւնները կը մղէր դէպի նոր շուկաներ եւ արտաքին առեւտուրը, ճիշդ է, կը նկատուէր արտաքին քաղաքականութեան գործօն: Այսպէս, կառավարութիւնը կը փնտռէր այլ ընտրանքներ` նոր ուղիներ բանալու համար անյարմար շուկաներու եւ ոչ անհրաժեշտօրէն իր արտաքին գործոց նախարարութեան միջոցով, մշակութային եւ կրթական ոչ կառավարական ուղիները եւս նպաստաւոր նկատուեցան:
Լիպիա ատոր համար լաւագոյն օրինակը թուեցաւ: Աւելի քան 7 միլիառ ամերիկեան տոլարի ներդրումները աշխատանք հայթայթեցին Թուրքիոյ մէջ 25 հազար ընտանիքներու: Այդ օրերուն կը նախատեսուէր, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մի քանի շաբաթէն ստանայ Մուամմար Քազաֆիի` Մարդկային իրաւանց մրցանակը, նոյնինքն Քազաֆիի ձեռամբ Թրիփոլիի մէջ, եւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները փայլուն ապագայ խոստացան:
Իրականութեան մէջ կային մարդիկ, որոնք Էրտողանէն խնդրեցին այդ մրցանակը չընդունիլ, մինչ ներդրողները լոպիական աշխատանք տարին, նոյնիսկ աղաչեցին, որ ատիկա ընէ, ստանայ մրցանակը:
Գրեթէ տարի մը առաջ, Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ կառավարութիւնները միացեալ ժողովներ կ՛ունենային` փոխադարձաբար վերացնելով ճամբորդական այցագրային դրութիւնը: Էրտողան եւ Պաշշար Ասատ զիրար եղբայր կ՛անուանէին:
Նոյնն էր Իրաքի հետ: Բացի կառավարութիւններու միացեալ հանդիպումներէ` Թուրքիա հզօր կողակիցն էր Իրաքի կառավարութեան` շրջանային կայունութեան համար: Անգարա ծայրագոյն զգուշութիւն ցուցաբերեց, որպէսզի նոյն հեռաւորութիւնը պահէ Պաղտատի եւ Արպիլի միջեւ (Թուրքիոյ հարաւային սահմանին քրտական շրջանային կառավարութեան մայրաքաղաքը): Օրինակ, երբ անոնք կ՛ուզէին Արպիլ մեկնիլ եւ խօսիլ, բանակցիլ այդտեղի իրաքեան քիւրտ ղեկավարութեան հետ (ըսենք` ՔԱԿ-ի դէմ միացեալ պայքարի վերաբերեալ), թուրք պաշտօնատարները կը փորձէին նախ Պաղտատ մեկնիլ:
Իրանի հետ յարաբերութիւնները տակաւին խանդավառ մթնոլորտի մէջ էին հիւլէական բանակցութիւններու գծով, որոնց մէջ Թուրքիա միջնորդներէն մէկն էր, Պրազիլի հետ: Արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու կարծես թէ մենակամուրջն էր Արեւմուտքի եւ Իրանի միջեւ` ռազմավարական հարցերու մէջ:
Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները, ինչպէս Իրանի հետ, տակաւին ստուերոտ չէին եղած ՕԹԱՆ-ի հրթիռային պաշտպանութեան վահանի ռատարներուն պատճառով, այն պահուն, երբ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցները եւ նաւարկումի արգելքը աւելի եւ աւելի կը պահանջէ, որպէսզի գգուէ, գոհացնէ Իրանը անմիջապէս հարուածելու Իսրայէլի քմահաճոյքը, եւ քարիւղի առեւտուրը արգելափակելու համար Հորմուզի նեղուցը փակելու Իրանի սպառնալիքները:
Ես պիտի չարծարծեմ Լիպիոյ պարագան, ո՛չ Քազզաֆին, ո՛չ ալ անոր վարչակարգը ողջ մնացին:
Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ, ապա Թուրքիա կը հիւրընկալէ սուրիական բանակէն դասալիք բարձրաստիճան սպաներ, որոնք կ՛աշխատին կազմակերպուիլ` տապալելու համար Ասատի վարչակարգը:
Իրաք կը գտնուի համայնքային եւ ցեղային քաղաքացիական պատերազմի մը սեմին: Նուրի Մալիքիի կառավարութիւնը այդ երկրին մէջ հակադրութեան մէջ է ոչ միայն սիւննի արաբներուն եւ քիւրտերուն, այլեւ Թուրքիոյ հետ: Անցեալ շաբաթ երկու երկիրները իրարու դեսպանները կանչեցին քննարկելու համար իրենց տարակարծութիւնները:
Արտաքին առեւտուրը Թուրքիայէն դէպի Սուրիա եւ Իրաք, եւ անոնց միջոցով` դէպի այլ երկիրներ, դադրեցման կէտի վրայ է:
Թուրքիոյ միակ արտաքին յարաբերութիւնները, որոնք հարաւ չեն մեկնիր, անցեալ տարուան հետ համեմատած, Միացեալ Նահանգներու եւ Ազրպէյճանի հետ են:
Մենք պէտք չունինք հիմնականին մէջ Կիպրոսի պատճառով Եւրոպական Միութեան հետ սառած յարաբերութիւնները նկատի առնելու: Եւ միակ յարաբերութիւնները, որոնք վատագոյն դիրքի վրայ չեն, Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններն են. ատոնք տակաւին նոյնքան վատ են, որքան տարի մը առաջ:
ՄՈՒՐԱԹ ԵԹՔԻՆ
«Հիւրրիյէթ»

