ՏԻՆՔԻ ԳՈՐԾՈՎ ԴԱՏԱԿԱՆ ՎՃԻՌԸ ՉԻ ԲԱՒԱՐԱՐԵՐ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԶԳԱՑՈՒՄԸ
Թէեւ լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութենէն հինգ տարիներ անցած են արդէն, սակայն քաղաքացիական հասարակութիւնը նախկինին նման մտահոգ է, անհանգստացած է, որ ոճիրին իրական մեղաւորներուն վերաբերող ապացոյցները ցարդ կը քողարկուին, եւ եթէ նոյնիսկ դատական վճիռը կը պատժէ կրակողը, արդարութեան հանրային զգացումը բաւարարուած չէ:
«Ակօս» թերթի հանգուցեալ գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինք օր ցերեկով սպաննուեցաւ 19 յունուար 2007-ին, Պոլսոյ մէջ, թերթի խմբագրութեան գրասենեակին մօտ, ծայրայեղ-ազգայնական անչափահասի մը կողմէ:
Անոր սպանութեան հետաքննութիւնը թափը կորսնցուց, խափանուեցաւ. կասկածեալ յանցագործն ու անոր մեղսակիցները դատավարութեան ենթարկուեցան, մինչ զայն սպաննելու դաւը ծրագրողները ցարդ բացայայտուած եւ պատժուած չեն:
«Հրանդի Բարեկամներ » կոչուող խումբը, որ իւրաքանչիւր դատական նիստէն առաջ ցոյցեր կազմակերպեց` պահանջելով արդարութիւն, վերջերս հրապարակեց յայտարարութիւն մը, դատական վճռորոշ նիստին նախօրեակին:
«Հինգ տարի անցած է: Բոլոր փաստերը յստակօրէն ցոյց կու տան, որ մենք պիտի բաւարարուինք ոճիրը գործադրած երկու, երեք անձերու պատիժով: Անոնք, որոնք մատնանշեցին Տինքը եւ ըսին. «Սպաննեցէ՛ք զայն», որոնք սպասեցին, որ Տինք սպաննուի, բոլորն ալ անպարտ դուրս պիտի գան ասկէ», ըսուած էր յայտարարութեան մէջ:
Դատախազը սեպտեմբերին մատնանշեց «Էրկենեքոնեան բջիջ մը, սեւծովեան Տրապիզոն նահանգներէն` իբրեւ Տինքի սպանութեան ոգեշնչողը, միտքը, սակայն սպանութեան նախապատրաստութենէն եւ իրագործումէն ետք ապացոյցները քողարկելու մեղադրանքով բազմաթիւ պետական պաշտօնատարներ դատարան չկանչուեցան:
Տինքի սպանութեան հետաքննութեան մէջ երկար ցանկ մը անկանոնութիւններու, ներառեալ` ջնջուած արձանագրութիւններ, վերացուած թղթածրարներ, որոնք կը թելադրեն ոստիկանութեան կողմէ քողարկումի փորձեր, արդէն ստուերած են դատական հոլովոյթը:
Ապացոյցներուն մեծ մասը ցոյց կու տայ, որ սպանութիւնը կարելի էր կանխել: Սպանութեան օրէն ի վեր լեռնացող, կուտակուող փաստերը կը նշեն, որ հնարաւոր մահափորձին մասին ոստիկանութիւնը քանի մը ամիս առաջ տեղեկութիւն ստացած է:
Աւելի ապշեցուցիչ է նաեւ այն, որ բացայայտուած են ոստիկանութեան եւ կասկածեալներու միջեւ կապերը: Օրինակ, Էրհան Թունճելի, որ սպանութեան առանցքային, բանալի կասկածեալներէն է, նախապէս եղած է ոստիկանութեան իրազեկող: Թէեւ Թունճելի կը կասկածուի Տինքի սպանութիւնը հրահրելու մէջ, սակայն անոր առնչուող կարեւոր փաստեր, ներառեալ` ոստիկանական արձանագրութիւնները, դատարանէն ծածուկ պահուեցան:
Փաստօրէն Թունճելիի թղթածրարը ոստիկանութեան մէջ ոչնչացուած է, քանի որ, ըստ պաշտօնատարներու, ատիկա «պետական գաղտնիք» կը հանդիսանայ:
Հետաքննութիւնը բազմաթիւ ապացոյցներ տուաւ, որ դաւադրութիւնը հրահրողները, ոգեշնչողները կապեր ունեցած են Պոլսոյ, Տրապիզոնի եւ Անգարայի մէջ ոստիկանական ուժերու հետ (մանաւանդ Տրապիզոնը) կասկածեալներուն մեծ մասին ծննդավայրն է եւ այն տեղը, ուր վստահաբար ծրագրուած է սպանութիւնը): Իսկ նշեալ քաղաքներուն մէջ ոստիկանութիւնը իր տրամադրութեան տակ ունի սպանութեան մասին հետախուզական տուեալներ, գաղտնի սպասարկութեան տեղեկութիւններ:
Հրանդի ընկերները հանրութեան կոչ ուղղեցին 19 յունուարին հաւաքուելու Թաքսմի մէջ եւ քալելու դէպի այն վայրը, ուր Տինք սպաննուեցաւ: Նման ցոյցեր ծրագրուած են նաեւ Թուրքիայէն դուրս:
ԹՈՒՏԷՅԶ ԶԱՄԱՆ




