ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ «ԼԸ ՄՈՆՏ» ՕՐԱԹԵՐԹԸ Կ՛ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԺԽՏՈՂԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Ֆրանսական հանրայայտ «Լը Մոնտ» օրաթերթը իր շաբաթ օրուան թիւին մէջ լոյս ընծայեց Կիյոմ Փերիէի յօդուածը, որ կ՛անդրադառնայ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին նկատմամբ Թուրքիոյ կիրարկած ժխտողական քաղաքականութեան:
Յօդուածագիրը կը մէջբերէ փրոֆ. Թաներ Աքչամի այն խօսքը, թէ «Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը ճարտարարուեստ մըն է… կառոյց մը եւ առաջնակարգ պետական քաղաքականութիւն մը: Պէտք է գիտակցինք, որ պարզ ժխտումի մը առջեւ չենք գտնուիր, այլ` ժխտողական վարչակարգի»:
Յօդուածագիրը նաեւ կը մէջբերէ Սթրազպուրկի համալսարանի դասախօս Սամիմ Աքկէօնիւլի այս հարցին մասին տուած այն բացատրութիւնը, թէ «պետութիւնը (թրքական) անհաշիւ ներուժ կ՛օգտագործէ, որպէսզի Թուրքիա ցեղասպանութեան յանցանքով չամբաստանուի»:
CATEGORIES Հայկական

