ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԵՒ ՋԵՐՄ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ` ԱՆԻՊԱԼ ԶԱՀԼԷԻ

PROFOTO

Երէկ, Տուպայէն (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) Լիբանան վերադարձաւ Անիպալ Զահլէ պասքեթպոլի խումբը` իր մասնակցութիւնը բերելէ եւ Տուպայի միջազգային 23-րդ տիտղոսին տիրանալէ ետք: Այդտեղ Անիպալ աւարտականին 89-79 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր դաշտին տէրը` Ահլին:

Պէյրութի միջազգային օդակայանին պատուոյ հիւրասրահին մէջ Անիպալը դիմաւորեցին մշակոյթի նախարար Կեպի Լայեուն, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի ներկայացուցիչը, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա, նախկին երեսփոխան Սելիմ Աուն, Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Անթուան Շարթիէ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Պարաքեթ, փոխնախագահ Ռոպեր Ապի Ապտալլա, այլ անձնաւորութիւններ, մարզիկներուն ծնողները եւ մարզական լրագրողներ:

Նշենք, որ մարզիկներուն հետ պատուոյ հիւրասրահ մուտք գործեց նաեւ ակումբին մնայուն հովանաւորը` Ուատիհ Ապսի, ընկերակցութեամբ ակումբի նախագահ Խալիլ Մասաատի:

Նախարար Լայեուն, Խիամի, Ապի Ռամիա, Աուն, Շարթիէ, Պարաքեթ եւ Ապսի իրենց արտասանած խօսքերուն մէջ շնորհաւորելէ ետք Անիպալը` շեշտեցին, որ այս յաղթանակը ոչ միայն Զահլէի, այլեւ ամբողջ Լիբանանի համար է:

 

Share this Article
CATEGORIES