ՊԱՔՈՒ-ԹԵՀՐԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՈՐՈՇՈՒՄԻՆ ԶՈՒԳԱՀԵՌ, ԾԱՅՐ Կ՛ԱՌՆԷ ՀԱՄԱՑԱՆՑԱՅԻՆ «ՎԷՃ» ՄԸ

Իրանեան-ազրպէյճանական լարուածութիւնը, որ շաբաթներէ ի վեր մագլցում կ՛արձանագրէ, ակնյայտօրէն վերածուեցաւ համացանցային բախումի, որ իր վնասակար ազդեցութիւնը ունեցաւ երկու երկիրներու մէջ տասնեակներով կայքերու վրայ:

Նոյն ատեն ջնջուեցաւ, Ազրպէյճանի, Իրանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն 17 յունուարին նախատեսուած տեսակցութիւնը:

Իբրեւ պաշտօնական պատճառ` նշուեցաւ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու պէտք է ներկայ գտնուի կիպրացի թուրք ղեկավար Ռաուֆ Տենքթաշի յուղարկաւորութեան:

Այն օրը, երբ կը նախատեսուէր, որ տեղի պիտի ունենայ տեսակցութիւնը, ինքզինք «Իրական Ազրպէյճանի սայպըր-բանակ» կոչող խումբ մը համացանցային յարձակում շղթայազերծեց իրանեան քանի մը տասնեակ կայքերու դէմ` ատոնք անհասանելի դարձնելով:

Այս յարձակումները ակնյայտօրէն պատասխան մըն էին 16 յունուարին տեղի ունեցած նման յարձակումին, որուն արդիւնքով շուրջ երկվեցեակ մը ազրպէյճանական պաշտօնական կայքեր, ներառեալ` նախագահ Իլհամ Ալիեւի, իշխող Նոր Ազրպէյճան կուսակցութեան, Սահմանադրական դատարանի եւ ներքին գործոց եւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան կայքերը, անհասանելի դարձան:

Նշեալ կայքերը այցելողները դիմաւորուեցան «Ազերիական սայպըր-բանակ»-ի յայտարարութեամբ, ուր կը ստանձնուի յարձակումներուն պատասխանատուութիւնը եւ կը պնդուի, թէ Պաքուի մէջ կառավարութիւնը «հրեաներուն կը ծառայէ»:

Նոյն օրը Իսրայէլի մէջ քանի մը կայքեր, ներառեալ` օդանաւային Էլ Ալ ընկերութեան եւ Թել Աւիւի սակարանի կայքերը, յարձակումի ենթարկուեցան:

Ազրպէյճանի հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Մուշֆիք Ամիրով 17 յունուարին ըսաւ, որ ազրպէյճանական կայքերու դէմ յարձակողներու գտնուած «աշխարհագրական վայրերը» ճշդուած են, սակայն ան մերժեց մանրամասնութիւններ տալ, նաեւ յարձակումին համար ոչ ոք մեղադրեց:

Ազրպէյճանական կայքերը արագօրէն վերականգնուեցան, եւ մեկնաբաններ սայպըր-յարձակումի նշանակութիւնը նսեմացուցին:

«Ասիկա կարելի չէ նկատել լայնածիր սայպըր-յարձակում մը: Անոնք կրցան մուտք գործել կայքի բանալի սարքերը (սըրվըր), ատոնց վրայ քանդիչ ծրագիրներ նետեցին, ցուցանիշները փոխեցին` առանց վնասելու տուեալներու հիմքին, բայց անոնք որոշ թղթածրարներ փոխեցին», ըսաւ Ազրպէյճանի համացանցային անվտանգութեան մասնագէտ Ռաշատ Ալիեւ:

«Ատիկա ցոյց կու տայ, որ կայքերու ծրագրաւորումը տկար, թոյլ է: Եթէ դուք կրնաք քարով մը դուռ մը կոտրել եւ մտնել, ուրեմն կայքը կրնայ աւելի մեծ յարձակումներու ենթակայ ըլլալ: Մէկ կամ երկու ժամ անհրաժեշտ էր կայքերը իրենց նախկին վիճակին վերադարձնելու համար»:

ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆՑ ԱՄԻՍՆԵՐ

Ազրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւնները, յատկապէս` վերջին ամիսներուն, լարուած են:

Թեհրան քննադատած է Պաքուի յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ, որ իսլամ երկիրներու մէջ Ազրպէյճանը հիմնական, բանալի ընկեր մը կը նկատէ: Ազրպէյճանի պաշարները կը կազմեն Իսրայէլի քարիւղի մթերքին մէկ հինգերորդը:

Ազրպէյճան այժմ նաեւ ոչ մնայուն անդամ է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին, որ կանոնաւոր կերպով կը քննարկէ Իրանի հիւլէական վիճայարոյց ծրագիրը:

Նախագահ Ալիեւի կառավարութիւնը հաստատօրէն աշխարհիկ է, եւ վերջերս Ազրպէյճանի մէջ ճնշած է իրանամէտ խումբեր եւ մզկիթներ:

Ազերի նշանաւոր գրող Ռաֆիք Թակի նոյեմբերին սպաննուեցաւ: Այս բռնարարքը նկատուեցաւ հակադարձ պատասխան մը` անոր հրատարակած հակաիրանեան մէկ յօդուածին:

Թէեւ Թեհրան հերքեց Թակիի սպանութեան հետ որեւէ առնչութիւն, սակայն գրողը թիրախ դարձած էր իրանցի հոգեւորական այաթոլլա Ֆազել Լանքարանիի 2007-ի ֆաթուայով:

Դեկտեմբերին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմով Ուաշինկթընի մէջ խօսելով` Իրանը մեղադրեց «Հայաստանի հետ գործուն, աշխուժ եւ տնտեսապէս համագործակցելու համար», նշելով, որ` «Իրան Հայաստանի հետ շատ աւելի համաձայնագրեր ունի, քան` Ազրպէյճանի հետ»:

Ազիմով ըսաւ, որ իրանեան աջակցութեան շնորհիւ` Հայաստան կը շարունակէ «գրաւուած պահել» ազրպէյճանական վիճայարոյց շրջանը` Լեռնային Ղարաբաղը:

Սայպըր-յարձակումները տխրահռչակօրէն դժուար վերագրելի են: Նոր Ազրպէյճան կուսակցութեան բանբերը կը պնդէ, որ կուսակցութեան կայքին վրայ յարձակումը ճշդուած է, որ Իրանէն է:

Թէեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ կայքահէն (հէքըր) խումբեր անցեալին նման յարձակումներ փոխանակած են:

Ազրպէյճանի «Համացանց ֆորում»-ի նախագահ Օսման Կունտուզ ըսաւ, որ յարձակումները կը ներկայացնեն «սայպըր-պատերազմի» մը հռչակումը: Ան իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց` հետաքննելու անվտանգութեան այն բացթողումները, թերացումները, որոնց պատճառով կայքերը խոցելի մնացին:

ՌՈՊԸՐԹ ՔՈԼՍԸ

«Ազատութիւն ռատիոկայան»

Share this Article
CATEGORIES