ԹՈՒՐՔ-ԱՐԺԱՆԹԻՆԵԱՆ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՆ ԿԱՆՈՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԿՕ
Նիւ Եորք տեղակայուած Լրագրողներու պաշտպանութեան խորհուրդը (ԼՊԽ), երբ կը վերսկսի Թուրքիոյ մէջ «ութ» լրագրողներու բանտարկութեան իր ուսումնասիրութիւնը, կարելի է յուսալ, որ ձեռնամուխ կ՛ըլլայ իր թրքական թղթածրարները կողք-կողքի դնելու Արժանթինի մասին կազմակերպութեան ունեցած բոլոր թղթածրարներուն հետ: ԼՊԽ-ի յաջորդ տեղեկագիրին խորագիրը կրնայ ըլլալ` «Երկու երկիրներու պատմութիւն մը»:
Ի վերջոյ, Թուրքիոյ եւ Արժանթինի միջեւ որոշ զուգահեռականութիւն մը հետաքրքրական թուած է բազմաթիւ դէտերու: Արժանթինի 1976-ի զինուորական յեղաշրջումը, այսպէս կոչուած` «Աղտոտ պատերազմը» եւ այդ երկրին մէջ ժողովրդավարական իրաւունքներու դանդաղ վերահաստատումը առիթ հանդիսացած են բազմաթիւ ակադեմական համեմատութիւններու` Թուրքիոյ քաղաքացիական-զինուորական պատմութեան հետ:
2001-ին Թուրքիոյ եւ Արժանթինի «երկուորեակ» տնտեսական տագնապները համեմատական բազմաթիւ վերլուծութիւններու դուռ բացած են: Հետաքրքրական կէտերը կը ներառեն այն փաստը, որ մինչ Թուրքիա վիճակագրականօրէն աւելի խոր տնտեսական տագնապ ունէր, Արժանթին աւելի մեծ ընկերային դժգոհութիւն ունէր` փողոցային մահացու զանգուածային անկարգութիւններով, խռովութիւններով:
Ակադեմական մեկնարկին առնչուող կէտը եղած էր այն փաստը, որ Թուրքիա հիմնականին մէջ ընդունած էր իր տնտեսական առողջութիւնը վերականգնելու միջազգայնօրէն սահմանուած դեղագիրը, միջոցառումները: Արժանթին, սակայն, իր քիթին չդրաւ Միջազգային դրամական հիմնադրամին առաջարկը եւ թերացաւ իր պետական պարտքերուն վճարման մէջ: Հակառակ տարբեր քաղաքական ուղիներու` երկու երկիրներն ալ գրեթէ նոյն ատեն դուրս եկան ելեւմտական տագնապէն:
Այնպէս, որ երկու երկիրներուն մէջ մամլոյ կարգապահութեան համար իբրեւ միջոց օգտագործուող ահաբեկչութեան կանոնագրութիւններու համեմատութիւնն ու հակադրումը կրնայ հետաքրքրական ըլլալ ԼՊԽ-ի համար, որ կը խօսի Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած լրագրողներէն միայն ութին մասին, մինչ անոնց ընդհանուր թիւը 95 է:
«Հիւրրիյեթ» թերթի յօդուածագիր Իշիլ Էղրիքաւուք 23 յունուարին հաղորդեց, որ ԼՊԽ-ի տնօրէն Ժոէլ Սիմոն յուսախաբ եղած է Թուրքիոյ կառավարութեան յղած իր նամակին անպատասխան մնալէն:
Ցնցող նախատինք մը: Ըստ այդմ, ան կը ծրագրէ նոր պատուիրակութիւն մը ուղարկել Թուրքիա` հարցը «աւելի խոր» հետաքննելու համար:
Բաւական արդար է: Ես կ՛անդրադառնամ, որ Պուէնոս Այրես պատշաճօրէն դէպի Պոլիս ուղիին վրայ չէ:
Թէեւ Պոլիս գալու ճամբուն վրայ հոն կանգ առնելը կրնայ շինիչ ըլլալ: Թուրք-արժանթինեան նոր զուգահեռին համար անհրաժեշտ են շատ աւելի ճկուն հակաահաբեկչական օրէնքներ:
Հազիւ թէ նոր դիտարկում մըն է այն, որ բանտարկուած թուրք լրագրողներուն մեծ մասը որեւէ մամլոյ օրէնք խախտելու ամբաստանութիւն չի դիմակալեր (բացի, հաւանաբար, «ԼՊԽ-ի ութէն»):
Ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը բառերով կամ խորագիրներով քաջալերելն է յանցանքը:
Թրքական արդարադատութեան խաղագիրքին ա՛յս մասն է, որ Արժանթին վերջերս ընդօրինակած է:
Արժանթինցի լրագրողները այժմ (դեկտեմբերէն ի վեր) կրնան մեղադրուիլ «հանրութիւնը ահաբեկելու» անորոշ յանցանքին համար: Ասիկա կրնայ ներառել այնպիսի քայլեր, ինչպէս` տնտեսական կացութիւնը այնպէս մը ներկայացնելը, որ վախ յառաջացնէ: Ասիկա ահաբեկչութեան ամէնէն ընդարձակ սահմանումներէն եւ բնութագրումներէն առաւել հեռու կ՛երթայ:
Արժանթինի մէջ դուք այժմ ահաբեկիչ էք, եթէ ձեր բառը, խօսքը կամ հաղորդումը հանրութիւնը մղէ իրենց փեսոները (Արժանթինի դրամանիշ, Ա.) տոլարներու վերածելու, դատարկելու դրամատնային հաշիւները, կամ` ձգտելու իրենց գումարները արտասահման տեղափոխելու:
Այն պահուն, երբ Արժանթինի տնտեսութիւնը կրկին կը վատանայ, բազմաթիւ քննադատներ վիճարկած են սղաճի թիւերն ու այլ վիճակագրութիւններ, որոնք հաղորդուած են կառավարութեան կողմէ:
Նոր տարուան սկիզբէն ի վեր այսպիսի չափանիշով հաշուետուութիւնը ենթակայ է այն դատողութեան, վճիռին, թէ իրականութեան մէջ ատիկա «ահաբեկչական արարք» մըն է:
Ինչպէս ասոյթը կ՛ըսէ. «Թանկոյի համար երկու հոգի անհրաժեշտ է»:
Այն, որ Թուրքիոյ եւ Արժանթինի դատախազները արդարադատական երաժշտութեան նոյն ձայնանիշները յայտնաբերած են, պէտք չէ աննկատ մնայ:
ԼՊԽ-ն թերեւս նայի, նկատի առնէ անդրատլանտեան այս նոր մենուէն:
ՏԷՅՎԻՏ ՃԱՏՍԸՆ

