ՏԵՍԱԿԷՏ. ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻ ՈՐԴԵԳՐՄԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԻՆ ՄԷՋ ԿԱՐԵՒՈՐ ՕՐ ՄԸ
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը իր ուրբաթ, 27 յունուարի թիւին մէջ կը հաղորդէր, որ Ֆրանսայի Սահմանադրական դատարանը ծերակոյտին կողմէ որդեգրուած Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը բողոքարկել ուզողներուն մինչեւ երեքշաբթի օր (այսօր) պայմանաժամ տուած է անհրաժեշտ 60 երեսփոխաններու կամ 60 ծերակուտականներու ստորագրութիւնները հաւաքելով դիմում ներկայացնելու համար: Ըստ թրքական օրաթերթին, հինգշաբթի, 26 յունուարի տուեալներով` օրինագիծին դէմ քուէարկած 86 ծերակուտականներէն 55-ին ստորագրութիւնը ապահովուած էր եւ կը մնար մինչեւ այսօր 5 յաւելեալ ստորագրութիւններ ապահովել: Այսօր յստակ կը դառնայ, թէ այդ ստորագրութիւնները ապահովուա՞ծ են, թէ՞ ոչ:
9 անդամներէ բաղկացած Սահմանադրական դատարանի պարտականութիւնն է ճշդել, թէ որդեգրուած օրինագիծ մը կամ որոշում մը կը համապատասխանէ՞ երկրին սահմանադրութեան, իսկ անոր վճիռները վիճարկելի չեն, այլ` պարտադիր են բոլոր իշխանութիւններուն համար: Անիկա այդ վճիռը կ՛արձակէ նախքան նշեալ օրինագիծի` հանրապետութեան նախագահին կողմէ ստորագրուիլը: Ուրեմն 60 ծերակուտականներու ստորագրութեան ապահովման պարագային, Սարքոզի օրինագիծը ստորագրելու համար ստիպուած պիտի ըլլայ սպասել Սահմանադրական դատարանին կատարելիք քննարկումի աւարտին եւ անկէ բխելիք դրական վճիռին, որ պէտք է արձակուի առաւելագոյնը մինչեւ մէկ ամիս, իսկ 60 ստորագրութիւններու ապահովման ձախողութեան պարագային վաղն իսկ կրնայ ստորագրել նշեալ օրինագիծը: Եթէ անշուշտ թրքական օրաթերթին փոխանցած տեղեկութիւնը ճիշդ է:

